«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԱՀԱՒՈՐ ԱՐԱՐՔՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց «ահաւոր արարքներ» գործելու եւ ցուցարարներուն հետ «անմարդկային» կերպով վարուելու յանցանքով: Թրքական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիան Թուրքիոյ համար ներքին հարցի մը նման է: «Մենք Սուրիոյ հետ 800-900 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման մը ունինք: Չենք կրնար բռնարարքներէն փախուստ տուող սուրիացիներուն առջեւ մեր դուռը փակել: Սակայն մինչեւ ե՞րբ այսպէս պիտի շարունակուի: Լսեցի, թէ 2500 սուրիացիներ Թուրքիա մուտք գործելու վրայ են: 4-5 օր առաջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ այդտեղի կացութեան մասին խօսեցայ: Սակայն, դժբախտաբար, անոնք կացութիւնը թեթեւի կ՛առնեն: Յստակ կերպով ըսի, թէ իրենք մարդկային ձեւով չեն վարուիր: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ նկատմամբ աշխատանք կը տանի: Ի տես բռնարարքներուն, մենք չենք կրնար շարունակել Սուրիոյ զօրակցիլ: Սուրիոյ մէջ ազգականներ ունինք»:

Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Էրշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ «այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, Թուրքիոյ մէջ մտահոգութիւն կը ստեղծէ»:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Սուրիայէն գաղթականներու թիւի աճման պարագային, Թուրքիա  ապահովական գօտի մը ստեղծելու մասին կը մտածէ: Նշենք, որ Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը վերջերս իր կարգին հաղորդած էր, որ թրքական բանակը կը պատրաստուի Գամիշլիէն դէպի Տէր Զօր յառաջանալով ապահովական գօտի մը ստեղծելու:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյց յայտնեց, որ «անմեղներուն սպանութենէն ետք Ասատի օրինականութիւնը հարցականի տակ առնուեցաւ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ողջունեց «Սուրիոյ շուրջ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան որոշումը»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ Սուրիա Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան եւ հիւլէական ուժանիւթի տարածման դէմ համակարգի ապահովութեան մարտահրաւէր կը կարդայ: Ըստ հաղորդագրութեան, այն միակ ձեւը, որուն միջոցով Սուրիա կրնայ փաստել, թէ հիւլէական ուժանիւթի տարածման ուխտը յարգելու վերսկսած է, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնն է եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցելը: Սպիտակ տունը իր կարգին Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան քայլը «մեծ արարք» մը նկատեց:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը հինգշաբթի օր Սուրիոյ թղթածրարը փոխանցած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Սուրիա այդ քայլին անմիջապէս հակազդելով յայտնեց, որ հակառակ այդ իրողութեան, պիտի շարունակէ գործակալութեան հետ գործակցիլ:

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ «Սուրիա Միջին Արեւելքի կայունութեան մէջ յառաջատար դերակատարութիւն մը ունի եւ անոր դէմ միջազգային որեւէ որոշում շրջանին մէջ լարուածութիւնը պիտի աճեցնէ»:

Միւս կողմէ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Դամասկոսէն 300 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Ըտլիպ նահանգի Ժըսըր Շուղուր շրջանին մէջ ապահովութեան վերականգնման զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկած է:

Թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ սահմանամերձ Ժըսըր Շուղուր շրջանին մէջ 120 սուրիացի ոստիկաններու սպանդը կազմակերպած է Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ:

Թրքական օրաթերթը` վկայակոչելով Սուրիոյ Ըտլիպ նահանգին մէջ գործող «Ժողովուրդներու համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, լրագրող Միքթատ Ապուզերը, կը գրէ, որ այդ յարձակումը գործադրած զինեալներու պարագլուխը ՄԻԹ-ի կողմէ զինուորագրուած Ռըտուան Համուտին է:

Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Սուրիայէն Թուրքիա փախչողները «զինեալ ահաբեկիչներ» են, որոնք ուղղակի առնչութիւն ունին օրեր առաջ 120 ոստիկաններու սպանութեան հետ: Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը նաեւ կը նշէ, որ սուրիացի ոստիկաններուն դէմ յարձակումը կատարուած է Թուրքիայէն Սուրիա ներածուած զէնքերով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES