ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՔՍԱՅԻ ՄԶԿԻԹ ՆԵՐԽՈՒԺԵՑ

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը երէկ Աքսայի մզկիթի շրջափակ ներխուժելով բախում ունեցաւ պաղեստինցի ցուցարարներու հետ, որոնք ոստիկանութեան վրայ քարեր արձակեցին:

Իսրայէլեան ոստիկանութեան բանբեր Միքի Ռոսընֆելտ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը մզկիթի շրջափակ մուտք գործեց, երբ պաղեստինցիք ոստիկանութեան վրայ քարեր արձակեցին: Ըստ անոր, ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար ձայնային ռումբեր օգտագործեցին:

Share this Article
CATEGORIES