ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՔԱՐՈԶՈՂ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾԸ` «ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱ» ԿՈՄԻՏԷԻ ԵՒ ՓԵՐԻՆՉԵՔԻ ԵՐԿՐՊԱԳՈ՞Ւ

«Լիպերալսես» կայքէջը` վկայակոչելով Կարսի մէջ հայ-թրքական բարեկամութիւնը խորհրդանշող «Մարդկութեան եւ խաղաղութեան» յուշարձանի քանդակագործ Մեհմեթ Աքսոյի «Այտընլըք» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցը, կը յայտնէ, որ Աքսոյ Հայոց ցեղասպանութեան ճարտարապետներէն` Թալէաթ Փաշայի, ինչպէս նաեւ Բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի մոլի երկրպագու է:

Ան յայտնած է, որ 12 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի աջակցի Փերինչեքի եւ «Հանրապետական ուժերու միութիւն» միաւորման անկախ թեկնածուներուն: Բացի ատկէ, Աքսոյ ընդգծած է, որ ինք հիացած էր Փերինչեքի կուսակցութեան կողմէ Զուիցերիոյ մէջ կազմակերպուած «Թալէաթ Փաշա» երթով:

«Լիպերալսես» կը մէջբերէ այս նիւթին առնչութեան թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի յօդուածագիր Սալիհ Թունայի մեկնաբանութիւնը` Աքսոյի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ. «Եթէ չըլլար «Այտընլըք» օրաթերթը, չէի գիտնար Մեհմեթ Աքսոյի` Փերինչեքը խորհրդարանին մէջ տեսնելու ցանկութեան մասին: Չէի գիտնար նաեւ, որ Աքսոյը հիացած է Փերինչեքի` Զուիցերիոյ մէջ կատարած հերոսութիւններէն: Մենք կը կարծէինք, որ ան հայկական տեղահանութեան դէմ «Մարդկութեան» յուշակոթող քանդակող արուեստագէտ է, եւ կը պարզուի, թէ ան «Թալէաթ Փաշա» կոմիտէի մոլի երկպրագուն է»:

Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «հրէշաւոր» կոչուած յուշարձանը արդէն 70 առ հարիւրով քանդուած է, սակայն յուշարձանի քանդումը իրականացնող բանուորները յայտարարած են, որ աշխատանքի դիմաց գումար չեն ստացած եւ դադրեցուցած են աշխատանքը:

Կարսի քաղաքապետ Նեւզաթ Պոզքուշ հաստատած է լուրը` շեշտելով, որ խնդիրը կը գտնուի յուշարձանի քանդումը ստանձնած «Աֆշին» ընկերութեան եւ այդ ընկերութեան հետ համագործակցող «Եաման Քարոթ» ընկերութեան միջեւ: Քաղաքապետը պնդած է, որ ամէն պարագայի 26 ապրիլին սկսած աշխատանքը պիտի աւարտի մինչեւ 24 յունիս:

 

Share this Article
CATEGORIES