Ֆորմիւլա-Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Կը Պատրաստուի Վերջին` Սիլվըրսթոնի Մրցումին

 

 

 

 

 

 

 

Լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան կը պատրաստուի Ֆորմիւլա-Ռընոյի ախոյեանութեան վերջին մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 սեպտեմբերին` Սիլվըրսթոնի մէջ:

Սարգիսեան այս տարեշրջանին Անգլիոյ ախոյեանութեան բաւական լաւ արդիւնքներ արձանագրելով յաջողեցաւ ձեռք ձգել 118 կէտ:

Ան իր խումբին` «M-Tech Lite»-ի հետ պիտի փորձէ տալ իր առաւելագոյնը` նկատի ունենալով, որ այս վազքուղին բաւական լաւ տպաւորութիւն կրնայ ձգել, որովհետեւ անիկա հռչակաւոր էր Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհին մէջ:

Անդրադառնալով այս տարեշրջանին իր կատարածին` Սարգիսեան ըսաւ. «Շատ լաւ տարեշրջան մը բոլորեցինք եւ յաջողեցանք հասնիլ հոն, ուր կ՛ուզէինք հասնիլ, սակայն եթէ աւելի առաջնակարգ դիրքեր ալ գրաւէինք, շատ աւելի լաւ կատարած պիտի ըլլայինք: Կրնամ ըսել, որ այս ախոյեանութիւնը` պայքարի իմաստով, եղաւ բաւական դժուար, բոլոր խումբերուն համար ալ: Մեզի կը մնայ յառաջիկային շատ աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրել»:

Share this Article
CATEGORIES