Հաղորդագրութիւն. Գիրքերու Ցուցահանդէս 22 Հոկտեմբեր – 2 Նոյեմբեր

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, գործակցաբար Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան հետ,  22 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպէ հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէս – վաճառք: Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հայաստանեան հրատարակչատուներ եւ հայրենի անհատ հրատարակիչներ:

Այս ցուցահանդէսին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողքին պիտի մասնակցին նաեւ լիբանանահայ այլ հրատարակչատուներ:

Ցուցահանդէսի ընթացքին տեղի պիտի ունենան շնորհահանդէսներ եւ գրական երեկոներ: Լիբանանահայ այն հրատարակչատուները եւ հրատարակիչները, որոնք  կ՛ուզեն մասնակցիլ այս ցուցահանդէսին, յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ պայմաններու ծանօթացման համար կրնան կապ հաստատել Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն` հեռ: 01-241262/3/4: Մասնակցութեան արձանագրութեան ժամկէտ ճշդուած է 4 հոկտեմբերը:

Յայտնենք, որ մանկապատանեկան հրատարակութիւններու ցուցահանդէս-վաճառքը նախատեսուած է կայացնել յառաջիկայ տարուան` 2014-ի փետրուար- մարտ ամիսներուն: Այդ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկային:

Վստահ ենք, որ հայրենի, լիբանանահայ եւ սփիւռքի զանազան շրջաններու հրատարակչատուներու եւ հրատարակիչներու մասնակցութեամբ, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 22 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր տեղի ունենալիք համահայկական այս ցուցահանդէսը պիտի արժանանայ մեր գաղութի մտաւորականներու, գրասէրներու,  կրթական հաստատութիւններու եւ միութիւններու ամբողջական զօրակցութեան:

Բարի վայելում կը մաղթենք բոլորին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ»
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ԳՐԱՏԱՐԱԾԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES