ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով խորհրդարանականները` հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ աշխուժացող համագործակցութիւնը եւ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի, խորհրդարաններու համագործակցութեան ամրապնդումը պիտի խթանէ երկու երկիրներու քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական զարգացումը:
Պատուիրակութիւնը նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբին` երէկ տեղի ունեցած 8-րդ նիստին ընթացքին քննարկուած հարցերու շրջանակը: Հանդիպման մասնակիցները յատկապէս կարեւոր նկատեցին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարելիութիւններու համակարգումը: