ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի իսկական փրկարարն է` կոչ ուղղելով բոլորին գործակցելու Պըրրիի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իր զօրամասին առաքելութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ընդհանուր հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը եւ շրջանը յուզող զարգացումները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը իր նախարարներուն անունները յանձնած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ մեկնեցաւ Օման:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական է: Պասիլ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի եղբօր զաւկին` Ազմի Միքաթիի հետ, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ հակառակ տիրող դրական մթնոլորտին, կառավարութիւնը պիտի չկազմուի` աւելցնելով, որ ըստ իրեն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման տակաւին պատրաստ չեն ստորագրելու նոր կառավարութեան կազմութիւնը յայտարարող հրամանագիրը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան ծնունդը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին, այլապէս` երկիրը մուտք պիտի գործէ սպասման այլ հանգրուան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի ընդունեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ նոր դեսպան Սվեն Ասը, որ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Շամիին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի այցելեց Երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումիի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` հաստատելով, որ Ուաշինկթըն մեծ դերակատարութիւն ունի շրջանին մէջ հաստատուելիք խաղաղութեան առումով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Օսէյրան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը միացնէ լիբանանցիները եւ զանոնք կ՛առաջնորդէ դէպի ապահովական կայունութիւն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը կ՛օժանդակէ եւ պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կառավարութիւնը կազմուի:
ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Սուրիոյ մէջ քննարկած է Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը, իսկ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին ան պիտի այցելէ Թուրքիա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ տեղական մակարդակի վրայ Լիբանանը վտանգի ենթակայ է` շեշտելով, որ պէտք է արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ գործավար նախարար Թարեք Մըթրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ շեշտեց, որ Ուաշինկթընի շահերը կը պահանջեն գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրիի իշխանութեան վերադարձը` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը մեղսակից է Սուրիոյ մէջ արձանագրուող խլրտումներուն: