«ՄԵՆՔ ՄԱՐՏ 14-ի ԱՐԴԻՒՆՔ ԵՆՔ» ԸՍԱՒ ՌԻՖԻ
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իրենք Մարտ 14-ի քաղաքական հոսանքին արդիւնք են ու ապահովական պատասխանատուութիւնը ստանձնած են խաղերու բերումով եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու ահաբեկման ու պայթումներու մթնոլորտին մէջ:
«Ռուատ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք կա՛մ պիտի յաջողին եւ կա՛մ ալ պիտի ձախողին իրենց պարտականութեան մէջ, ժողովուրդին փափաքին համաձայն:
Ռիֆի շեշտեց, որ ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտի հետ իր յարաբերութիւնները բացառիկ են` աւելցնելով, որ ինք կը յարգէ նախարար Պարուտը:
Ռիֆի նկատել տուաւ, որ ինք իր ապահովական պարտականութիւնները լիովին կը կատարէ, եւ պահանջեց, որ զինք հաշուետուութեան կանչեն արդիւնքներ քննարկելու համար եւ ոչ թէ մանրամասնութիւններ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռիֆի շեշտեց, որ այդ յարաբերութիւնը հեզասահ է եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած:
Ռիֆի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կան երեք անձնաւորութիւններ, որոնց դէմ մահուան սպառնալիքներ ուղղուած են` աւելցնելով, որ այդ անձնաւորութիւններն են ինք, գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդ. Ուիսամ Հասան:
Ռիֆի հաստատեց, որ ինք իր պաշտօնը պիտի շարունակէ կատարել, եթէ արժանապատիւ գործունէութեան պայմանները ստեղծուին եւ իր պայմանները յարգուին, այլապէս` իր առաքելութիւնը ուրիշին պիտի յանձնէ:

