Մասիս Արթին Պակերտչեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքական
Հայրենի յետսապահ, 20 տարեկան Մասիս Արթին Պակերտչեան, որ մաս կը կազմէ հոլանտական Ա. դասակարգի խումբերէն Փ. Ս. Վ. Այնտհովընի, հրաւէր ստացած է մաս կազմելու Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
Նշենք, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, Եւրոպայի 2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 10 հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսան, իսկ 14 հոկտեմբերին` Ղազախստանը:
CATEGORIES Մարզական

