Հայաստանի Կառավարութիւնը Սկսաւ Մաքսային Միութեան Միանալու Նախապատրաստական Աշխատանքներուն
Երէկ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում տուաւ սկսելու Մաքսային միութեան միանալու նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Կարինէ Մինասեան (նախարարը ներկայ չէր) հարցը ներկայացուց կառավարութեան նիստին ընթացքին: Մինասեան իրեն հետ բերած էր որոշման նախագիծ մը, որ կը սահմանէ ժամանակացոյցը, թէ ե՛րբ պէտք է աւարտին այդ նախապատրաստական աշխատանքները: Անոնց աւարտին պէտք է ձեւաւորուի «Բանակցային ծրարը», որուն հիման վրայ պէտք է սկսին արդէն պաշտօնական բանակցութիւնները` Մաքսային միութեան անդամակցելու նպատակով:
Կառավարութիւնը իր հաւանութիւնը տուաւ այդ նախագիծին, ուր նշուած է, թէ բանակցային ծրարի ձեւաւորման վերջնաժամկէտը 10 հոկտեմբերն է:
Տնտեսութեան փոխնախարարը ուշագրաւ տեղեկութիւն փոխանցեց, թէ նախանցեալ օր Հայաստանի վարչապետին որոշումով արդէն իսկ ստեղծուած են աշխատանքային 8 խումբեր, որոնք պէտք է ձեռնամուխ ըլլան վերոնշեալ բանակցային ծրարի ձեւաւորման: