Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ Եռօրեայ Համաժողով` Երեւանի Մէջ

19 սեպտեմբերին սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Հերմինէ Նաղդալեան համաժողովի ընթացքին ներկայացուց Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի ողջոյնի խօսքը:

Համաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած շրջանային յանձնախումբերու, հայկական հիմնախնդիրներու կառոյցներու ներկայացուցիչներու գործունէութիւնը եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան արդի հարցեր:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ` «Ժողովրդական դիւանագիտութեան հիմնախնդիրները» նիւթով քննարկում տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ խորհրդարանական պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Այնուհետեւ քննարկումները շարունակուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, ուր նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ նախարարութեան բարձրաստիճան հրամանատարական կազմին հետ քննարկուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:

Համաժողովը իր աշխատանքային առաջին օրը ամփոփեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման հարցերուն քննարկումով:

Համաժողովը տեղի կ՛ունենայ 19-21 սեպտեմբեր Երեւանի մէջ եւ անոր կը մասնակցին հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու շուրջ 50 ներկայացուցիչներ սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )