Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Հետ

Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը` Ֆոնտի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Մարք Հորթընի գլխաւորութեամբ, 5-18 սեպտեմբերին այցելեց Երեւան` Հայաստանի հետ հիմնադրամի հաւանական նոր ծրագիրին շուրջ նախնական քննարկումներ կատարելու նպատակով:

Ֆոնտի աշխատակազմի տարածած յայտարարութեան համաձայն, պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, ելեւմուտքի նախարար Դաւիթ Սարգսեանի, Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեանի, տնտեսութեան  նախարար Վահրամ Աւանէսեանի, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանի, փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան նախարար Գագիկ Բեգլարեանի, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար- նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանի եւ Հայաստանի նախագահի գլխաւոր խորհրդական Արամ Ղարիբեանի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, միջազգային համայնքի եւ դրամատնային եւ գործարար մարզերու ներկայացուցիչներուն հետ:

«Քննարկումները արդիւնաւէտ էին եւ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ 2013 թուականի մնացեալ ժամանակաշրջանին եւ 2014-2016 թուականներու քաղաքականութեան եւ նախաձեռնութիւններուն ուղղութեամբ: Հետագայ քննարկումներ կ՛ակնկալուին Ուաշինկթընի մէջ` Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Համաշխարհային դրամատան հոկտեմբերին տեղի ունենալիք ժողովին ընթացքին», այցելութեան աւարտին յայտարարեց Մարք Հորթըն:

Հաղորդագրութեան համաձայն, Ֆոնտի պատուիրակութիւնը նախնական քննարկումներ կատարած է Եւրասիական Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հետեւանքներուն վերաբերեալ` կապուած արտաքին մաքսատուրքերու, առեւտուրի եւ ներդրումներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES