ՀՅԴ-ն Իր Ծրագիրը Ներկայացուց Ընկերաբաններուն, Հոգեբաններուն Եւ Ազգագրագէտներուն
«Ի՞նչ ընել, որպէսզի Հայաստանի մէջ արտագաղթ տեղի չ՛ունենայ». յստակ ձեւակերպումները ՀՅ Դաշնակցութեան մշակած ծրագիրին մէջ աւելի քան 100 էջերու մէջ կը գտնուին: Որպէսզի անոնք աւելի մասնագիտական դառնան` ծրագիրին առաջին քննարկումները կը կատարուին այդ մարդոց հետ, որոնք կը վերլուծեն Հայաստանի ընկերաբանական պատկերը: Ընկերաբաններու, հոգեբաններու եւ ազգագրագէտներու վերլուծութիւն-հրապարակումներն ալ ծրագիրին մէջ տեղ գտած են:
Ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեան ոչ միայն սեփական ուսումնասիրութիւններով, այլեւ միջազգային տուեալներով արտագաղթը կը նկատէ ամէնէն հրատապ հարցը. ՄԱԿ-ի վերլուծութեամբ, դարավերջին Հայաստանի մէջ պիտի ապրին մէկուկէս միլիոն բնակիչներ: Այդ առումով Ադիբեկեան Դաշնակցութեան մշակած ծրագիրը օրակարգային կը նկատէ:
«Ծրագիրը շատ յաւակնոտ է, քանի որ ուղղուած է ամբողջ երկրին բարեփոխման, քանի որ կը սկսի վերին օղակէն մինչեւ քաղաքացի, գործարարական մարզը: Կը վերաբերի ամբողջ ազգին վերէն վար եւ բոլոր մարզերուն` դատական, իրաւական, գործարարական, ինչպէս նաեւ մեր քաղաքացիական պարտքին կատարման», ըսաւ Ահարոն Ադիբեկեան:
«Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» ծրագիրը մասնագիտական քննարկումներէ պիտի անցնի տարբեր շրջանակներու մէջ, որպէսզի դառնայ իրապէս ազգային ծրագիր:
«Մենք յատկապէս ցանկութիւն ունեցանք մասնագիտական շրջանակի հետ քննարկելու հարցը, որովհետեւ շատ կարեւոր է, որ մասնագէտները կարծիք յայտնեն եւ առաջարկներ ներկայացնեն, երկրորդ, որ այս ծրագիրը ազգային ծրագիրի մակարդակ պէտք է ըլլայ, այլ ոչ թէ կուսակցական, այս կամ այն քաղաքական նպատակներ հետապնդող: Եւ վերջապէս, երրորդ, վստահ եմ, որ հասարակութեան մէջ աւելի մեծ վստահութիւն պիտի բերէ այս ծրագիրը, եթէ մասնագիտական լուրջ մօտեցումներ ներառէ իր մէջ», նշեց Արծուիկ Մինասեան:
Ծրագիրը նպատակ ունի ոչ միայն արտագաղթը կասեցնելու, այլեւ ներգաղթը խթանելու: Մեքանիզմները երկրի բոլոր մարզերուն համար մշակուած են, նոյնիսկ` անկարելի թուացող: Ընկերաբանները եւ ազգագրագէտները, օրինակ, միասին բուռն կը քննարկեն, թէ ինչպէ՞ս, օրինակ` կեանքի կեանքի պիտի կոչուի այն կէտը, որով պաշտօններէն պէտք է հեռացուին այն անձերը, որոնք հակաքրիստոնէական ու հակամարդկային կեցուածք ունին: Իրականութեան մէջ ամէն ինչ պարզ է, երկրէն կը հեռանան ոչ միայն օրուան հացին դրամ փնտռողները, այլեւ` բարեկեցիկ ապրող քաղաքացիները, որոնք անարդարութենէն կը փախչին:
Ծրագիրին 11 ուղղութիւնները պիտի իրականացուին 95 գործողութիւններով, որոնց իրականացումը պէտք է դառնայ ոչ միայն ծրագիրի հեղինակներուն, այլեւ հասարակութեան բոլոր շերտերուն, իշխանական օղակներուն հարցը:

