Ընդունելութիւն Հայաստանի Վերանկախացման 22-ամեակին Առիթով

Երէկ, 20 սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը` Հայաստանի վերանկախացման 22-ամեակին առիթով:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը կը ներկայացնէր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ներկայ էին այժմու ու նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ տարբեր երկիրներու դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ յարանուանութիւններու, պատկան մարմիններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու հիւրեր:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ջերմօրէն ու հպարտութեամբ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը դեսպանատան յարկին տակ` Հայաստանի վերանկախացման 22-ամեակին առիթով: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը կրցած է շրջանցել ամէն տեսակ դժուարութիւն ու մարտահրաւէր` կերտելով յաղթանակներ: Ա. Քոչարեանի համաձայն, Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն դառն բաժակէն ըմպած հայութիւնը նոյն կորովով, հաւատքով եւ վճռակամութեամբ կրցաւ քաջաբար դիմակալել ամէն տեսակի դժուարութիւն` այսօր ունենալով կայացած, հզօր եւ զարգացած երկիր ու պետականութիւն:

Դեսպանը դիտել տուաւ, որ Հայաստանը միջազգային մակարդակի վրայ եւս կը շարունակէ ներկայութիւն ըլլալ` նշելով, որ Հայաստան կառչած կը մնայ խաղաղ միջոցներով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծելու տարբերակին:

Աշոտ Քոչարեան ապա խօսեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան հետ Հայաստանի սերտ ու մտերիմ յարաբերութիւններուն մասին, որոնք աւելի եւս ամրապնդուեցան նախորդ տարի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լիբանան տուած պաշտօնական այցելութեամբ, որ նոր խթան հանդիսանալու կողքին, առիթ եղաւ երկու պետութիւններուն միջեւ տարբեր մարզերու վերաբերող համաձայնագիրներու կնքման: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան մեծապէս կը գնահատէ միջազգային կառոյցներուն մէջ Լիբանանի համագործակցութիւնը եւ նեցուկը` հաստատելով, որ Հայաստան միշտ հետամուտ կը մնայ նորանոր կապեր ու գործակցութեան առիթներ ստեղծելու Լիբանանի հետ: Ան այս առիթով յիշեց, որ Լիբանան Միջին Արեւելքի միակ պետութիւնն է, որ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Երկու երկիրներուն միջեւ իրականացուած տարբեր ծրագիրներուն անդրադառնալով` դեսպան Քոչարեան յատուկ կերպով յիշեց բաւական յատկանշական նուաճում նկատուող Պէյրութ-Երեւան ուղղակի թռիչքները, որոնք իրականութիւն դարձան ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի ճիգերով: Ան նաեւ նշեց, որ զբօսաշրջութեան զարգացման զուգահեռ ասիկա նաեւ առիթ պիտի ըլլայ գործարարներու մակարդակի վրայ կապերու յաւելեալ ընդլայնման:

Ապա դեսպան Քոչարեան խօսեցաւ լիբանանահայ հզօր ու ներուժ ունեցող գաղութին մասին` այս առիթով յիշելով լիբանանեան պետութեան տուած առիթն ու կարելիութիւնները, որոնց շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը կրցաւ Լիբանանի մէջ կայանալ ու բարգաւաճիլ: Անոր համաձայն, լիբանանահայութիւնը հաստատուն եւ վստահելի կամուրջ է Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներդրում ունեցող կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն, անհատներուն` յատուկ կերպով յիշելով «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ը, «Պիպլոս» դրամատունը, «ԱՌԻ»-ն եւ «Արցախ ֆոնտ»-ը:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանին բարեկամ եւ զօրակից բոլոր անձերուն եւ կառոյցներուն, շնորհաւորեց Հայաստանի վերանկախացման 22-ամեակը, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ յարատեւ բարգաւաճում մաղթեց Լիբանանի:

Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )