ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Անդրադարձ` Համազգայինի պարարուեստի միաւորի «Քնար» պարախումբին ներկայացուցած ելոյթներուն, որոնք սկսան եւ պիտի շարունակուին «Մոնօ» սրահին մէջ` գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ եւ ընկերակցութեամբ հայրենի ժողովրդային գործիքներու նուագախումբին:
– Վերլուծական յօդուած` Թուրքիոյ մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրելիք հաւանական յաղթանակին, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանադրութիւնը բարեփոխումի ենթարկելու իմաստով վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ախորժակներուն:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Պայրաք», «Մուսթաքպալ» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):
– Ակնարկ` Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու վատթարացման դրդապատճառներուն մասին:
– Լրատուութիւն` Սուրիոյ մէջ արձանագրուած խլրտումներուն եւ խռովութիւններուն պատճառով 2400 սուրիացի գաղթականներու Թուրքիա ուղղուելուն մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Տէյլի Սթար», «Ախպար» եւ «Սաֆիր» օրաթերթերը):
– Անդրադարձ` Ճարտարարուեստի գործավար նախարար Աբրահամ Տէտէեանի կողմէ տեղեկութիւններուն ապահովութեան դրութիւններու տնօրինման վարժողական ծրագիրին հետեւած մասնակիցներուն վկայագիրներու բաշխման հանդիսութեան հովանաւորութեան լուրին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Սաֆիր» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):
«ՏԻԱՐ»
– Ակնարկ` Սուրիոյ նկատմամբ սրած թրքական ախորժակներուն եւ ամբողջ Միջին Արեւելքը իր հակակշիռին տակ առնելու Թուրքիոյ նկրտումներուն մասին:
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միացեալ այն կեցուածքին, թէ անոնք երբեք չեն փափաքիր լքել զիրենք միացնող ռազմավարական դաշինքը:
«ԼԻՈՒԱ»
– Յօդուած այն մասին, թէ Թուրքիա կը նախատեսէ, որ դէպի իր հողերը գաղթող սուրիացիներուն թիւը հասնի մէկ միլիոնի: