ՌԱՊԻԷԻ ՄԷՋ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՔՈՐԹԱՍԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ երկրագործութեան եւ պարէնի միջազգային կազմակերպութեան` ՖԱՕ-ի դեսպան, նախկին նախարար Ատել Քորթասը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ երկրագործութեան մարզի բարելաւման հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Քորթաս յայտնեց, որ երկրագործութեան նախարարութեան համար աշխատանքային ծրագիր մը պէտք է մշակել, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի արդիւնաբեր դարձնել այդ մարզին գործունէութիւնը:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Իպրահիմ Տահեր:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Իթթիհատ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին նկատել տուաւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ նախանցեալ գիշեր գոյացած է համաձայնութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ այդ գիշեր Միքաթի` ներկայութեամբ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլի, խորհրդակցած են եւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն կրցած են գրեթէ իր աւարտին հասցնել կառավարութեան կազմութիւնը: