ՊԸՐՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՔԱՆԱՏԱՑԻ ԵՒ ԿԻՊՐԱՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Սքաֆ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու գործավար նախարար Ալի Շամին, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակը:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ շնորհաւորական հեռագիրներ յղեց քանատացի եւ կիպրացի իր պաշտօնակիցներուն` շնորհաւորելով անոնց ընտրութիւնը:

Յայտնենք, որ Պըրրի նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Իսկ Պըրրիի այցելուներուն համաձայն, կառավարութեան նոր կազմին ծնունդը մօտալուտ է, եթէ անոր կազմութեան ճիգերը ներկայ թափով շարունակուին:

Անդրադառնալով իր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ յարաբերութիւնները խանգարելու ջանքերուն` Պըրրի հեգնեց ըսելով. «Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին, որ փորձեն խանգարել Ժոմպլաթի հետ իմ յարաբերութիւնս, որպէսզի տեսնենք, թէ ի՛նչ կը ստացուի»:

Share this Article
CATEGORIES