ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՊՈՒՏԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան մարզի գործավար նախարար Ֆատի Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան կողմէ որդեգրուած քայլերը` զբօսաշրջութեան մարզի ծառայութիւնները բարելաւելու եւ զարգացնելու առնչութեամբ:
Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանին այցելեց լիբանանեան-սուտանեան բարեկամութեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Էլիաս Հաննայի:
Քննարկուեցան պատուիրակութեան Սուտան կատարած այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս փոխադարձ գործակցութիւնն ու ներդրումները բարելաւելու առումով ի գործ դրուած ջանքերուն մանրամասնութիւնները:
Կառավարութեան կազմութեան առումով նախագահական պալատի աղբիւրները յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Պաապտա այցելութեան ժամադրութիւն չունէր:
ՄԻՒՍ կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ նկատել տուին, որ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի յայտարարուի, ապա այդ յայտարարութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր: