50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 13 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԺՈՒՆԻԷԻ ՄԷՋ

Տարուէ տարի հայ ժողովուրդը աւելի եւս կը գիտակցի իր գոյութեան ազդակները կազմող եկեղեցիի եւ հայ վարժարանի մեծ դերին ու կարեւորութեան եւ աւելի եւս գործնականօրէն կը կազմակերպէ եւ միասնակամօրէն կը մասնակցի անոնց վերելքին եւ յառաջխաղացման: Այսպիսով, հայ ժողովուրդը, եթէ չի կրնար իր քաղաքական կեանքը վարել գէթ կարող է իր մշակութային եւ կրօնական դիմագիծը պահել բազմազան ազգերու եւ մշակոյթներու մեծ խառնարանին մէջ:

Երեսուն տարիէ ի վեր հայրենազուրկ մեր եղբայրները ամէն տեղ եւ ամէն գաղութի մէջ կանգնեցին եկեղեցի ու դպրոց, նոյնիսկ` յետին գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու մէջ, եւ այսպիսով ջանացին նորահաս սերունդները փրկել այլասերումէ եւ ձուլումէ:

Այս գիտակցութիւնն ու շարժումը աւելի եւս գետին գտաւ 1956-էն ասդին, երբ հայ ժողովուրդի գիտակից տարրը աւելի կարեւորութիւն ընծայեց հայ եկեղեցիի բարեկարգութեան եւ հայ կրթական հաստատութեանց զօրացման, մանաւանդ` Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի մէջ:

Այս տարի մասնաւորապէս Լիբանանի Ուսումնական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի առաջնորդ Խորէն սրբազան Բարոյեան, ինչպէս նաեւ ազգային մարմիններ գերագոյն ճիգ ցոյց տուին եւ իրենց մտահոգութեան առարկայ դարձուցին գաւառներու կրթական ու կրօնական  հաստատութեանց բարգաւաճումն ու զարգացումը: Յաջորդաբար կանգնեցին Թիրոյի եւ Թրիփոլիի եկեղեցիները: Այս եկեղեցիներու օծումէն ետք, այժմ կարգը Ժունիէի եկեղեցիինն է, որուն օծումն ալ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի, բազմահազար հայերու  ներկայութեամբ:

Այս կրթական եւ կրօնական վերելքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ տեղական ազգային մարմիններ, Հայ օգնութեան խաչը, Հայ բարեգործական միութիւնը, «Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը եւ Ամերիկայի մէջ գործող կրթական մարմիններ եւ հաստատութիւններ: Ասոնց հաւաքական կամքին եւ նիւթական եւ բարոյական օգնութեամբ մեր կրթական հաստատութիւններն ու եկեղեցիները վերելք արձանագրեցին:

Մասնաւորապէս այս տարի ազգային մարմիններու եւ թաղական խորհուրդներու գերազանց զոհաբերութեան շնորհիւ կարելի եղաւ նոր եկեղեցիներ ունենալ Թիրոյի, Թրիփոլիի եւ Ժունիէի մէջ:

Ժունիէի հայ գաղութը զերծ չմնաց այս յառաջխաղացումներէն: Տեղւոյս բոլոր հատուածները, ինչպէս նաեւ թաղական խորհուրդը, Հայ օգնութեան խաչը, Հայ մարմնակրթական միութիւնը, ինչպէս նաեւ Ժունիէի գաղութը լծուեցան աշխատանքի եւ իրենց նիւթական օժանդակութիւնն ու մասնակցութիւնը բերին սկսուած գեղեցիկ եւ սուրբ գործին եւ բարեկարգեցին Ժունիէի հայ եկեղեցին եւ «Կիւլլապի Կիւլպենկեան» վարժարանը:

Կը յուսանք, որ ասկէ ետք տեղւոյս բոլոր հոսանքները, մէկդի դրած իրենց հատուածական նեղմիտ եւ քայքայիչ մտածողութիւնն ու գործելակերպը, կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը եւ զօրավիգ կը կանգնին սկսուած գեղեցիկ աշխատանքին, կրօնական եւ կրթական սուրբ եւ նուիրական գործին եւ անգամ մը եւս կ՛ապացուցանեն օտարներուն, որ հայը գիտէ արժանավայել կերպով բարձր պահել իր հաւատքին եւ գոյութեան սիւները` հայ եկեղեցին եւ հայ վարժարանը եւ, այսպիսով, բարձր պահել հայ անունն ու մշակոյթը` բազմաթիւ այլ ազգերու մշակոյթներուն եւ քաղաքակրթութիւններու խառնարանին մէջ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES