ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ. ՊԷՏՔ Է ԴԱՏԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆՏԸ

ԱՆՑԵԱԼ ԱՄԻՍ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԵՐՆԱԳԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՏՈՄԻՆԻՔ ՇԹՐԱՈՒՍ-ՔԱՀՆԻ ՎՐԱՅ, ՈՐ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿՈՒԷՐ, ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷՐ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԸ ԵՒ ԿԸ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԷՐ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԲՌՆԱԲԱՐԱԾ ԷՐ ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԸ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏՈՂ ԿԻՆ ՄԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՌՈՂՋ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ՎԵՐԼՈՒԾՈՂ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐ ԵՈՀԱՆ ՀԱՐԻ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ՔՆՆԵԼ ԻՆՔՆԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՅՍ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲՈՒՆ ԷՈՒԹԻՒՆԸ: ՊԱՀ ՄԸ ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ, ԹԷ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔ ՄԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԻ Ո՛Չ ԹԷ ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԸ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏՈՂ ԿԻՆ ՄԸ ԲՌՆԱԲԱՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ, ԱՅԼ` ԶԱՅՆ ԻՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԵՏ ՍՈՎԱՄԱՀ ԸՆԵԼՈՒ, ԿԸ ԳՐԷ ԱՆ: ՀԱՐԻ ՑՆՑԻՉ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՎՐԱՅ, ՈՐՈՒՆ ՀՌԵՏՈՐԱԿԱՆ ԳՐԱՒԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ ԿԻՐԱՐԿՈՒՈՂ ԱՆԲԱՐՈՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ՉԻ ՏԱՐԲԵՐԻՐ ԻՐ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ԱՐԱՐՔԷՆ: ՀԱՅԵԼԻԻ ՅՍՏԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՏՄՈՒԱԾ ԵՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ ԶԳՈՒՇՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉԵՐ ԵՆ` ԱՅՍ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԳՈՐԾՈՂ ԿԱՄ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՏՐԱՄԱԴԻՐ ՈՐԵՒԷ ԱՂՔԱՏ ԵՐԿՐԻ ՀԱՄԱՐ*, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐ` ՍԵՓԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՒԻՆԵԼՈՒ ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ:

Սննդեղէնի տագնապը մահ կը սփռէր Մալաուիի մէջ:

Երբեմն շաբաթը 7 օր 24 ժամ շարունակ լուրերու ժամանակացոյցին շռնդալից ցնդաբանութեան ամէնէն խօսուն երեւոյթը լռութիւնն է: Յաճախ ամէնէն յատկանշական իրողութիւնները թաքնուած են լուրերու աղմուկին ետին. անոնք չեն նշուիր եւ չեն քննուիր:

Հետեւաբար, այն իրողութիւնը, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտի նախկին ղեկավար Տոմինիք Շթրաուս-Քահն դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուի` Նիւ Եորքի պանդոկի մէկ սենեակին մէջ ծառայող կին մը բռնաբարելու ամբաստանութեամբ, իրաւամբ մեծ լուր է: Սակայն պահ մը երեւակայեցէք, թէ ականաւոր դէմք մը դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուի ոչ թէ սպասուհի մը բռնաբարելու յանցանքով, այլ` զայն իր զաւակներուն, ծնողներուն եւ հազարաւոր այլ անձերու հետ սովամահ ընելու: Միջազգային դրամական ֆոնտը մօտիկ անցեալին ճիշդ այս արարքը գործած է անմեղներու դէմ: Անիկա դարձեալ պիտի գործէ նոյն արարքը, բացի եթէ զայն կերպարանափոխենք հիմնովին: Սակայն ասիկա կը մնայ լռութեան մէջ:

Այս պատմութիւնը հասկնալու համար պէտք է ճամբորդել ժամանակին մէջ դէպի ետ, մինչեւ` Միջազգային դրամական ֆոնտին ծնունդը: Այն երկիրները, որոնք յաղթական դուրս եկան Բ. Աշխարհամարտէն, 1944-ին մէկտեղուեցան Նիւ Հեմփշըրի գիւղական շրջանի մէկ պանդոկին մէջ` բաժնուելու համար աւարը: Պատուարժան քանի մը բացառութիւններէ զատ, ինչպէս` բրիտանացի տնտեսագէտ Ճոն Մայնարտ Քինես, բանագնացները վճռած էին իրականացնել մէկ բան. անոնք կը ձգտէին կառուցել տնտեսական միջազգային դրամական համակարգ մը, որ ծառայէր երկրագունդի ամբողջ դրամն ու բնական աղբիւրները մշտապէս դէպի իրենց երկիրը հոսեցնելու: Անոնք հիմնեցին այս նպատակին ծառայող շարք մը հաստատութիւններ, եւ այսպէս ծնունդ առաւ Միջազգային դրամական ֆոնտը:

Միջազգային դրամական ֆոնտին պաշտօնական դերը պարզ եւ գրաւիչ կը թուի: Անիկա ենթադրաբար հիմնուած է աշխատելու, որ աղքատ երկիրներ պարտքերու տակ չկքին, իսկ եթէ այս մէկը պատահի, ապա օգնեն անոնց դրամական փոխատուութիւններով եւ տնտեսական մասնագիտութեամբ: Անիկա կը ներկայացուի իբրեւ աղքատ երկիրներու լաւագոյն բարեկամն ու պահապանը: Սակայն հռետորական այս խօսքերէն անդին` իրականութիւնը այն է, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը ստեղծուած է` ղեկավարուելու համար քանի մը հարուստ երկիրներու կողմէ, եւ մասնաւորաբար` այս երկիրներուն դրամական եւ դրամատնային ակնկալութիւններուն: Միջազգային դրամական ֆոնտը կ՛աշխատի անոնց շահերուն հաշուոյն, իւրաքանչիւր քայլափոխի:

ՄԱԼԱՈՒԻԻ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ

Տեսնենք, թէ այս մէկը ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ գետնի վրայ: 1990-ական տարիներուն հարաւարեւելեան Ափրիկէի մէջ փոքր երկիր մը` Մալաուի, կը դիմագրաւէր տնտեսական սուր տագնապներ` ենթարկուելէ ետք աշխարհի մէջ ՍԻՏԱ-ի ամէնէն յոռեգոյն մէկ համաճարակին եւ վերապրելով ահաւոր բռնատիրութենէ մը: Երկիրը ստիպուած էր դիմել Միջազգային դրամատան ֆոնտին օգնութեան: Եթէ այս ֆոնտը գործէր իր պաշտօնական դերով, ապա դրամական փոխատուութիւններ պիտի տար եւ երկիրը պիտի առաջնորդէր բարգաւաճումի, այնպէս` ինչպէս Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ յաջողած են բարգաւաճիլ` նեցուկ կանգնելով նորակազմ ճարտարարուեստներուն, նպաստ տրամադրելով մշակներուն եւ շահարկումներ կատարելով իրենց ժողովուրդին կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ:

Այսպիսի պատկեր մը պիտի ունենար հաստատութիւն մը, որ կ՛առնչուէր սովորական ժողովուրդին հարցերուն հետ եւ հաշուետու էր անոնց: Սակայն Միջազգային դրամական ֆոնտը գործեց շատ տարբեր ձեւով: Անոր պատասխանատուները ըսին, թէ օգնութիւն պիտի ցուցաբերէին միայն այն պարագային, երբ Մալաուի համաձայնէր գործադրել «կառուցային այն պատշաճեցումները», զորս կը պահանջէր Միջազգային դրամական ֆոնտը: Անոնք Մալաուիէն պահանջեցին պետութեան պատկանող գրեթէ ամէն ինչ վաճառել սեփական ընկերութիւններու եւ տնտեսական ենթադրութիւններով ու ակնկալութիւններով առաջնորդուող կառոյցներու: Անոնք նաեւ պարտադրեցին, որ պետութիւնը կրճատէր բնակչութեան համար կատարած իր ծախսերը: Օրինակ, իբրեւ պետական նպաստ` պարարտացուցիչ չտրամադրել մշակներուն, ինչ որ գրեթէ ամբողջ բնակչութեան համար երկրին անբերրի հողին մէջ որեւէ բան աճեցնելու միակ միջոցն էր: Անոնք թելադրեցին առաջնահերթութիւնը տալ միջազգային դրամատուներու կատարելիք իրենց վճարումներուն, եւ ոչ թէ` Մալաուիի ժողովուրդին:

Հետեւաբար, երբ 2001-ին Միջազգային դրամական ֆոնտը ի յայտ բերաւ, թէ Մալաուիի պետութիւնը դիզած էր ցորենի հսկայական պահեստներ` զանոնք օգտագործելու համար վատ հունձքի պարագային, ֆոնտին պատասխանատուները հրամայեցին այս պահեստը անմիջապէս վաճառել սեփական ընկերութիւններու: Անոնք Մալաուիի թելադրեցին յարգել առաջնահերթութիւնները եւ պահեստներու վաճառքէն գոյացած գումարով վճարել իրենց ստացած դրամական փոխառութեան հաշիւը դրամատունէ մը, որուն դիմելու յանձնարարութիւնը կատարած էր նոյնինքն ֆոնտը` տարեկան 56 առ հարիւրի տոկոսով:

Յաջորդ տարի Մալաուիի մէջ հունձքը շատ վատ էր: Իսկ պետութիւնը ոչինչ ունէր, որ բաժնէր իր ժողովուրդին: Սովահար բնակչութիւնը ստիպուեցաւ սնանիլ ծառերու բունով եւ առնէտներով, երբ կարելի էր բռնել զանոնք: «Պի. Պի. Սի.» վիճակը նկարագրեց իբրեւ Մալաուիի «յոռեգոյն սովը»: Շատ աւելի վատ հունձք արձանագրուած էր 1991-1992-ին, սակայն սով չէր պատահած, որովհետեւ պետութիւնը ունէր ցորենի պահեստներ, զորս բաժնած էր ժողովուրդին: Այսպէս, առնուազն հազար հոգի սովամահ եղաւ:

Երբ սովը հասաւ իր գագաթնակէտին, Միջազգային դրամական ֆոնտը առկախեց 47 միլիոն տոլարի օգնութիւն մը, որովհետեւ պետութիւնը «դանդաղութիւն» ցոյց տուած էր շուկայի «բարեկարգումները» կատարելու մէջ, ինչ որ ֆոնտին յայտարարութեան մէջ կը նկատուէր սովի աղէտին պատճառը: Գետնի վրայ օգնութիւն տրամադրող գլխաւոր կազմակերպութիւնը` «Էքշըն էյտ», քննեց սովին պատճառները եւ եզրակացուց, թէ` «Միջազգային դրամական ֆոնտը պէտք է կրէ աղէտին պատասխանատուութիւնը»:

Ապա, սովին սփռած աղէտին գագաթնակէտին Մալաուիի պետութիւնը դիմեց քայլի մը, որ ենթադրաբար պէտք չէ առնեն աղքատ երկիրները: Անիկա Միջազգային դրամական ֆոնտէն պահանջեց հեռանալ երկրէն: Յանկարծ ինքզինք ազատ զգալով իր ժողովուրդին ծառայելու, փոխանակ` օտար դրամատուներու, Մալաուի ամբողջութեամբ անտեսեց Միջազգային դրամական ֆոնտին «խորհուրդները» եւ վերահաստատեց մշակներուն տրամադրուած պարարտացուցիչի նպաստը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ սպասարկութիւններ` սովորական ժողովուրդին համար: Երկու տարուան մէջ երկիրը մուրացկանի իր վիճակէն կերպարանափոխուեցաւ եւ դարձաւ առատութեան երկիր մը, որ իբրեւ օգնութիւն` սննդամթերք կ՛ուղարկէր դէպի Ուկանտա եւ Զիմպապուէյ:

Մալաուիի սովը պէտք էր հեռուէն լսուող զգուշացումի ճիչ մը դառնար բոլորիս համար: Սովորական մարդոց շահերը դրամատուներու եւ տնտեսական ենթադրութիւններով ու ակնկալութիւններով առաջնորդուող կառոյցներու ենթարկելը պատճառ դարձած էր այս երկրին մէջ պատահած սովին: Սակայն քանի մը տարի ետք նոյն այս կազմակերպութիւնները պիտի տապալէին ամբողջ համաշխարհային տնտեսութիւնը:

Միջազգային դրամական ֆոնտին պատմութեան մէջ Մալաուիի պատմութիւնը բացառութիւն մը չէ: Այս կազմակերպութիւնը կը ստանձնէ աղքատ երկիրներ` անոնց խոստանալով իրենց ախտին դարմանը, ապա թոյն կը հոսեցնէ անոնց կոկորդէն վար: Ամէն անգամ որ կը ճամբորդեմ դէպի աշխարհի աղքատ շրջանները, Միջազգային դրամական ֆոնտին «կառուցային պատշաճեցումներուն» սպիները կը տեսնեմ ամէն տեղ, Փերուէն մինչեւ Եթովպիա: Ամբողջ երկիրներ փուլ եկած են` Միջազգային դրամական ֆոնտին ենթարկուելէ ետք, մասնաւորաբար` Արժանթին եւ Թայլանտ` 1990-ական տարիներուն:

ԱՒԵՐ` ՔԵՆԻԱՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ

Կ՛արժէ ակնարկ մը նետել այս կազմակերպութեան ամէնէն տխրահռչակ արարքներուն վրայ: Քենիոյ մէջ անիկա պետութեան պարտադրեց, որ բժիշկներ այցեգին պահանջեն հիւանդներէն: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ սեռային հիւանդութիւններու համար օգնութեան դիմող կիներուն թիւը անկում արձանագրէ 65 առ հարիւրով, եւ այնպիսի երկրի մը մէջ, որ աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի մեծ թիւով ՍԻՏԱ-է տառապող հիւանդները ունեցող վայրերէն մէկն է:

Ղանայի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտը պետութեան պարտադրած էր կրթաթոշակ հաստատել: Հետեւաբար գիւղական շրջաններու մէջ իրենց զաւակը դպրոց ուղարկելու կարողութիւնը ունեցող ընտանիքներուն թիւը նուազեցաւ 70 առ հարիւր համեմատութեամբ: Զամպիոյ մէջ ֆոնտը պարտադրեց կրճատել առողջապահական մարզին տրամադրուած պետական պիւտճէն, որմէ ետք կրկնապատկուեցաւ մեռնող մանուկներուն թիւը: Զարմանալի կը թուի, սակայն երկրի մը դրամը սեփական ժողովուրդին վրայ ծախսելու փոխարէն` զայն դէպի օտար դրամատուներ հոսեցնելը բարգաւաճումի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն մը չէ:

Նոպելեան մրցանակակիր տնտեսագէտ Եոսեֆ Շթիկլից աւելի քան 10 տարի սերտօրէն աշխատած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, մինչեւ որ հրաժարած եւ ահազանգ հնչեցուցած է: Քանի մը տարի առաջ ան ինծի ըսած էր հետեւեալը. «Երբ Միջազգային դրամական ֆոնտը կը մտնէ երկիր մը, ունի միայն մէկ մտահոգութիւն. ինչպէ՛ս ապահովել դրամատուներու եւ դրամական հաստատութիւններու վճարումները… Միջազգային դրամական ֆոնտն է, որ աշխատանք կը հայթայթէ գործառնութեանց մարզերու մէջ նախատեսութիւններով եւ ակնկալութիւններով գործող կառոյցներուն: Անիկա հետաքրքրուած չէ բարգաւաճումով կամ երկիր մը աղքատութենէն դուրս բերելու ծառայող օգնութիւն ցուցաբերելով»:

Ոմանք Միջազգային դրամական ֆոնտը կ՛որակեն «յեղյեղուկ», որովհետեւ այս հաստատութիւնը կը զօրակցի բարգաւաճ երկիրներուն տարածքին պետութիւններու կողմէ դրամատուներու տրամադրուած օգնութեան, սակայն աղքատ երկիրներէն կը պահանջէ վերջ դնել պետութեան կողմէ տրամադրուած գրեթէ բոլոր նպաստներուն: Սակայն ասիկա «յեղյեղուկ» կարելի է որակել միայն գաղափարներու մտաւորական աշխարհին մէջ եւ ոչ` տնտեսական բացայայտ շահերու: Իւրաքանչիւր առիթի Միջազգային դրամական ֆոնտը ի գործ կը դնէ ամէն ինչ, որ կը ծառայէ յաւելեալ դրամ ապահովելու դրամատուներուն եւ դրամական նախատեսութիւններով ու ակնկալութիւններով գործող կառոյցներուն: Եթէ բարգաւաճ երկիրներուն մէջ պետութիւններ առանց որեւէ շահի դրամ փոխ կու տան դրամատուներուն, ասիկա հրաշալի է: Եթէ աղքատ երկիրներուն կարելի է պարտադրել, որ դրամատուներուն վերադարձնեն անհամեմատօրէն բազմապատկուած գումարներ, ասիկա եւս հրաշալի է: Իրօք, ամբողջութեամբ յստակ է Միջազգային դրամական ֆոնտին ուղեգիծը:

Ոմանք կը շեշտեն, թէ Շթրաուս-Քահն «բարեկարգող» մըն էր, որ բարեփոխած էր Միջազգային դրամական ֆոնտը` զայն գլխաւորելէ ետք 2009-ին: Վստահաբար փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է անոր բանաձեւումներուն մէջ: Սակայն Ուեսթ աֆ Ինկլընտ համալսարանէն Տանիելա Կապորի մանրամասն մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս ֆոնտին էութիւնը կը մնայ նոյնը. շարունակել իր սովորական գործը:

Օրինակ, նկատի ունենանք Հունգարիան: 2008-ի տնտեսական անկումէն ետք Միջազգային դրամական ֆոնտը փառաբանեց պետութիւնը, որ կը յարգէր հանրային սպասարկութիւնները կրճատելու իր սկզբնական մեկնակէտը: Սարսափած հունգարացիները հակազդեցին` վար առնելով պետութիւնը եւ ընտրելով կուսակցութիւն մը, որ կը խոստանար դրամատուներուն պարտադրել հատուցումը իրենց ստեղծած տագնապին: Պետութիւնը 0.7 առ հարիւրի տուրք մը սահմանեց դրամատուներուն (քառապատիկ համեմատութեամբ բարձր` բաղդատած որեւէ այլ տեղի): Միջազգային դրամական ֆոնտը սաստիկ զայրացաւ, յայտարարեց, թէ այս քայլը «մեծապէս կ՛աղաւաղէր» դրամատնային գործունէութիւնը, անշուշտ` ի տարբերութիւն հարուստ երկիրներու մէջ դրամատուներուն յատկացուած պետական նպաստներուն, եւ աղաղակեց, թէ անիկա պատճառ պիտի դառնար, որ դրամատուներ հեռանային երկրէն: Ֆոնտը ամբողջութեամբ փակեց Հունգարիոյ իր ծրագիրը` վախցնելու համար պետութիւնը:

Սակայն Միջազգային դրամական ֆոնտին նախատեսած փլուզումը տեղի չունեցաւ: Հունգարիա շարունակեց ի գործ դնել չափաւոր միջոցառումներ, փոխանակ պատժելու ամբողջ բնակչութիւնը: Անիկա տուգանքներ սահմանեց մեծ շահ ապահովող մանր առեւտուրի, ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան մարզերուն, ինչպէս նաեւ օգտագործեց սեփական մարզի թոշակներ` գոցելու համար տնտեսական բացը: Միջազգային դրամական ֆոնտը կը հետապնդէր երբեմնի իր նոյն  ծրագիրը եւ կը կատարէր նոյն սպառնալիքները: Շթրաուս-Քահն նոյն վարմունքը ցուցաբերեց գրեթէ այն բոլոր աղքատ երկիրներուն մէջ, ուր կը գործէր ֆոնտը,  Սալվատորէն մինչեւ Փաքիստան եւ Եթովպիա, ուր պետութիւններու պարտադրուած է մեծապէս կրճատել սովորական ժողովուրդին յատկացուցած իրենց նպաստը: Բազմաթիւ երկիրներ վախի իբրեւ հետեւանք` վնաս պատճառած են իրենց սեփական շահերուն: Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած ուսումնասիրութիւններ կատարող գրասենեակ մը` Սենթըր ֆոր էքոնոմիք էնտ փոլիսի ռիսըրչ, ի յայտ բերած է, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտին 41 համաձայնութիւններէն 31-ը կը պարունակէ մանր տնտեսութեան առնչուող քաղաքականութիւններ, որոնք ինքնին կ՛առաջնորդեն տնտեսական անկումներու:

Շթրաուս-Քահն միակը չէ, որ պէտք է դատական հետապնդումի ենթարկուի, այլ նաեւ` այն հաստատութիւնը, որ կը գլխաւորէր ան: Մամուլին մէջ ծայր տուած է անմիտ բանավէճ մը, թէ ո՛վ պէտք է դառնայ Միջազգային դրամական ֆոնտին յաջորդ ղեկավարը: Կարծէք կը քննենք այն հարցը, թէ ո՛վ պէտք է ղեկավարէ տեղական կաթի ընկերութիւն մը: Սակայն եթէ լրջօրէն կը վերաբերինք մարդկային հաւասարութեան հարցին եւ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք ընչազուրկ եւ սովամահ դարձած են կամ` սպաննուած այս հաստատութեան պատճառով, ապա պիտի սկսինք քննել Ճշմարտութեան եւ հաշտութեան յանձնաժողով մը կազմելու հարցը, ինչպէս նաեւ` մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զինաթափ ընել Միջազգային դրամական ֆոնտը եւ դնել նոր սկիզբ մը:

Եթէ Շթրաուս-Քահն յանցաւոր է, կը կարծեմ, թէ գիտեմ` ինչպէ՛ս: Ան հաւանաբար պանդոկին մէջ ծառայող կինը շփոթած է դրամական նեղութեան մատնուած աղքատ երկրի մը հետ: Ի վերջոյ Միջազգային դրամատան ֆոնտին ղեկավարներուն թոյլ տրուած է տարիներ շարունակ բռնաբարել նման երկիրներ եւ անպատիժ մնալ:

 

* Միջազգային դրամական ֆոնտին գործունէութեան հետեւող եւ զայն բացայայտող գլխաւոր կազմակերպութիւններն են War on Want եւ Bretton Woods Project:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES