ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՔԱՈՍԻՆ ԱՌԸՆԹԵՐ. Ո՞Վ ԿԸ ՀԱԿԱԿՇՌԷ ԼԻԲԱՆԱՆԸ, ԵԹԷ ԱՆՈՐ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲՌՆԿԻ
«Մենք իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է համախմբուինք եւ վերջ տանք արտաքին ուժերու կամ պետութիւններու ենթակայ ըլլալու մեր իրականութեան, որպէսզի շրջանցենք ստրուկի հոգեբանութեամբ գործելու հանգրուանը եւ արժանի իշխանաւորները դառնանք Լիբանանի վերաբերող ինքնուրոյն որոշումները տալու եւ օրէնքները տնօրինելու մեր իրաւունքին»:
Ոչ նոյն բառերով ըսուած, սակայն անոր նման կեցուածքներ ամէն առիթով կը հնչեն Լիբանանի մէջ` շեշտելով լիբանանեան ազգային ինքնուրոյն որոշում ունենալու անհրաժեշտութիւնն ու կենսականութիւնը: Սակայն քաղաքական գործիչներուն եւ պետական ներկայացուցիչներուն մեծ տոկոսը խուլ ականջ կը ձեւանան այդ տեսակէտին եւ կը շարունակեն իրենց ընթացքը, այսինքն կը շարունակեն անսալ իրենց զօրակցած ուժերուն եւ պետութիւններուն կողմէ տրուած ցուցմունքներուն:
– Ամօթալի՞ է այս իրականութիւնը: Հաստատօրէն` այո՛:
– Ի՞նչ կարելի է կատարել այդ կացութիւնը փոխելու համար: Դժբախտաբար` ոչի՛նչ, այնքան ատեն, որ հոգատար պետութիւն մը փնտռելու մտայնութիւնը տակաւին չքացած չէ եւ արտաքին միջամտութիւններուն դէմ երկաթեայ դարպասներ զետեղելու փոխարէն` լիբանանցի պատասխանատուներ իրենց ներքին իրավիճակին ամէնէն յետին մանրամասնութիւնն իսկ պատրաստ են փոխանցելու եւ սիրով կը փոխանցեն միջամուխ եղող «ուժին», հաւատալով, որ այդ է միակ ձեւը Լիբանանի կացութիւնը փրկելու:
Կառավարութիւնը պիտի կազմուէր, չկազմուեցաւ, կազմուելիք է, կազմուելիք չէ… եւ նման շարք մը տարբեր արտայայտութիւններ ամիսներէ ի վեր կը հնչեն Լիբանանի մէջ եւ խառնուելով երկիրը պատող աղմուկին ու ապականումին` քաղաքացիին գլխացաւը եւ ճնշուածութիւնը կը հասցնեն իր գագաթնակէտին, այն աստիճան, որ Լիբանանի մէջ ճնշուածութիւնը թեթեւցնելու դեղահատերու վաճառքին համեմատութիւնը կը հասնի բարձր տոկոսներու:
Կայ նաեւ այլ վարկած մը, որ կ՛ըսէ, թէ կառավարութիւն ըլլալը եւ չըլլալը նոյնն են: Այս մէկը նաեւ իր հետեւանքները կ՛ունենայ լիբանանցիներուն վրայ` անոնց կեանքը վերածելով դժբախտութեան, երբեմն արտագաղթի, երբեմն գողութեան, երբեմն անձնասպանութեան եւ յաճախ` վատառողջութեան:
Սիրելի՛ քաղաքացի, մի՛ նեղուիր, մի՛ մտահոգուիր եւ մի՛ ընկճուիր… Լիբանանը այսպէս եկած է, այսպէ՛ս ալ կ՛երթայ:
Անշուշտ ժամանակի ընթացքին վերոնշեալ չակերտեալ կեցուածքը պիտի շարունակէ հնչել երկրին մէջ, եւ իշխանութիւնները խելքի բերելու փորձերը պիտի շարունակուին, սակայն ոչ ոք կրնայ հաստատել, թէ այդ փորձերը ի՛նչ արդիւնք կամ հետեւանք պիտի ունենան:
Նկատի ունենալով, որ ներկայիս այդ տեսակէտը տակաւին շատ անտեսուած է, «Լիբանանեան կեանք»ի այսօրուան էջով կ՛անդրադառնանք «Ֆայնենշըլ Թայմզ» բրիտանական օրաթերթին հրատարակած վերլուծական յօդուածին, որ քաղաքական ու տնտեսական դիտանկիւններէ մեկնելով` Լիբանանի համար կը փորձէ մշուշապատ ու աղօտ ապագայ մը գծել:
Լիբանանի մէջ «յեղափոխութիւն» կամ ժողովրդային ըմբոստութիւն չկայ, բացի անկէ, որ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւններէն ոմանք իրենց դէմքին ունեցած են Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի դիմակները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան շուկային մէջ տարածուած են Քազզաֆիի դիմապատկերը կրող շապիկներ: Սակայն այս իրականութիւնը չի նշանակեր, թէ երկիրը ապահով է ըմբոստութեան այն ալիքէն, որ կը հարուածէ շրջակայ երկիրները: Անկասկած այդ ալիքները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան լիբանանեան պետութեան վրայ, որ կը տառապի կառավարութեան չգոյութենէ:
Լիբանանի կացութեան մասին հրապարակուած այս վերլուծական յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ Լիբանան դէմ յանդիման կը գտնուի երկրին մէջ ստեղծուելիք կացութեան` շրջանին մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութիւններուն եւ ժողովրդային շարժումներուն իբրեւ հետեւանք, անդրադարձ կը կատարուի Լիբանանի դրամատնային մարզին գործունէութեան, Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան, ելեկտրականութեան մարզին պարզած վիճակին, հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին դատավարութեան, կալուածներու մարզին, կառավարութեան կազմութեան տագնապին, զբօսաշրջութեան եւ գիշերային կենցաղին:
Ապիկել Ֆիլտինկ Սմիթի եւ Ռուլա Խալաֆի կողմէ ստորագրուած այս յօդուածը նկատել կու տայ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած տագնապալի կացութեան պատճառը երկրին մէջ ազատութիւններու բացակայութիւնը չէ, այլեւ` անոր համայնքային վարչաձեւը, որուն հիման վրայ համայնքները կը բաժնուին իշխանութիւնը` համայնքային եւ յարանուանական յատուկ հիմքերու հետեւելով: Ըստ յօդուածագիրներուն, համայնքային ու յարանուանական այդ հիմքերը կը հակադրուին քաղաքացիութեան եւ քաղաքացիական հաշուետուութեան զգացումին:
Այս ծիրին մէջ յօդուածը կ՛անդրադառնայ համայնքային խտրութեան դէմ լիբանանցի երիտասարդներուն կատարած ցոյցերուն, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին համայնքային դրութիւնը ջնջել, «գիտնալով հանդերձ սակայն, որ իրենց շարժումը պիտի արժանանայ իւրաքանչիւր համայնքի եւ յարանուանութեան մէջ գտնուող հզօր անձնաւորութիւններուն դիմադրութեան», կը նշէ յօդուածը:
«Անցեալ նոյեմբերին Հըզպալլա, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ամէնէն կարգապահն է եւ հզօրը, իր դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ տապալեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը եւ նոյն ուժերուն իսկ ընկերակցութեամբ Նեժիպ Միքաթին նշանակեց վարչապետ: Իսկ այսօրուան դրութեամբ, ահաւասիկ անցած են հինգ ամիսներ եւ տակաւին երկրին մէջ կը տիրեն տարակարծութիւններ` կառավարութիւնը բաղկացնող նախարարութիւնները բաժնելու աշխատանքին մէջ», նշուեցաւ յօդուածին մէջ:
Սմիթ եւ Խալաֆ մէջբերելով «Պիպլոս» դրամատան տնտեսական եւ վերլուծական ուսումնասիրութեանց բաժնի պատասխանատու Նեսիպ Կապրիէլի տեսակէտը` կը նշեն, թէ տասնամեակէ մը ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ Լիբանանը միաժամանակ կ՛ապրի տեղական մակարդակի ապակայունութիւն եւ շրջանային անորոշ կացութիւն, ինչ որ կ՛առաջնորդէ դէպի անվստահութիւն կամ վստահութեան կորուստ:
Յօդուածագիրները կը նշեն, թէ Լիբանանի տնտեսութեան պարագային կարելի է յստակօրէն շօշափել, թէ երկրին տնտեսութիւնը շատ բարդ կերպով կախեալ է շրջանէն` նկատի ունենալով զբօսաշրջութիւնը, նիւթական փոխանցումները եւ Լիբանանի տրամադրուած արաբական երկիրներու նիւթական փոխատուութիւնները, յատկապէս` Ծոցի երկիրներուն կողմէ:
Իր կարգին, «Աուտէ» դրամատան տնտեսական ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախագահ Մարուան Պարաքաթ կը յայտնէ, որ տեղական եւ շրջանային առումով դրամատան ներդրողները առկախած են իրենց ներդրումները կատարելու որոշումը եւ որդեգրած են` «սպասենք եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ»ի մարտավարութիւնը:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ»ի յօդուածը նկատել կու տայ, որ 2011 տարուան մէկ չորրորդին ընթացքին երկրին զբօսաշրջութեան մարզը, շինարարութեան արտօնագիրներուն ընթացքը եւ դրամատուներուն մէջ գտնուող պահեստի գումարները ետ մնացած են: Իսկ Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ Լիբանանի մէջ արձանագրուած տնտեսական ընդհանուր աճը 2010 տարուան համար գնահատուած է 2,5 առ հարիւրով, մինչդեռ, ըստ նոյն ֆոնտին, նախորդ տարուան` 2009-ին արձանագրուած տնտեսական ընդհանուր աճը գնահատուած է 7,5 առ հարիւր:
Միւս կողմէ` լիբանանեան դրամատուները, որոնք արտերկրի լիբանանցիներուն գումարներով կը գոյատեւեն, 2011-ին արձանագրած են 2,8 առ հարիւրի աճ, մինչդեռ նախորդ տարիներուն ընթացքին արտերկրի լիբանանցիներուն գումարներէն գոյացած աճը, տարուան մէկ չորրորդին ընթացքին, կը հասնէր 4 առ հարիւրի:
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մէջ տնտեսագիտութեան դասախօս Մարքոս Մարքթենըրի տեսակէտին անդրադառնալով` «Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը գրէ, թէ տնտեսական կացութեան արձանագրած այս աճի նուազումը փորձանքներ յառաջացնելու վախեր չի պատճառեր, որովհետեւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը օտար դրամանիշով բաւարար պահեստի գումարներ ունի եւ իբրեւ այդպիսին` կրնայ պահպանել լիբանանեան դրամանիշին արժէքը: «Բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ գործող սեփական մարզը օրըստօրէ աւելի յուսախաբ կը դառնայ կորսուած առիթներուն իբրեւ հետեւանք», կ՛ըսէ Մարքթենըր:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ»ի համաձայն, եթէ Լիբանան կառավարութիւն ունենար, ապա Պէյրութը պիտի ըլլար ապահով դրախտ մը այդ տիտղոսը խլելով Տուպայէն եւ Տոհայէն:
Կապրիէլի համաձայն, Լիբանան կորսնցուցած է ոսկէ առիթ մը, որուն ընթացքին ինք կրնար ապահովել շրջանային տագնապներէն խուսափող ներդրողներուն գումարները: Ան կը զգուշացնէ, որ եթէ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ զետեղուած պահեստի գումարները հետզհետէ նուազին, ապա կարելի պիտի չըլլայ պահպանել Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարները, որոնք իրենց կարգին կաթիլ առ կաթիլ պիտի անհետանան:
«Միտըլ իսթ էթ Պարքլիզ քեփիթըլ»ի տնտեսական բաժանմունքի նախագահ Ալիա Մպայատ հաւանական նկատեց, որ ներկայիս նախատեսուածը ցած համեմատութեամբ արձանագրուելիք աճերն են. ան նշեց, որ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ արձանագրուելիք պահեստի գումարներուն արձանագրած դանդաղ թափը տնտեսական տկար իրավիճակ կը ստեղծէ` հիմնական պատճառ ունենալով քաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուած անդամալուծութիւնը, որ կը կաշկանդէ պետական հաստատութիւնները եւ կ՛աւելցնէ այն վտանգները, որոնց պատճառով երկրին սեփական մարզը կրնայ տուժել:
«Քեփիթըլ իքոնոմիքս»ի վերլուծաբան Սայիտ Հըրշ իր կարգին յայտնեց, թէ նախորդ ամիսներէն ի վեր լիբանանեան դրամատուներուն մէջ կ՛արձանագրուի հետաքրքրական երեւոյթ մը, որուն ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ բնակող քաղաքացիներուն դրամատնային հաշիւներուն գումարները միջին աճ մը կ՛արձանագրեն, իսկ Լիբանանէն դուրս ապրող քաղաքացիներուն դրամատնային հաշիւները համեմատաբար աւելի նուազ աճ մը կ՛արձանագրեն: Ըստ Հըրշի, այս երկուքը տուեալներ են` երկրին մէջ տիրող քաղաքական անորոշ եւ մութ իրավիճակին մասին, որ ստեղծուած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան տապալումով:
Հըրշի համաձայն, մինչեւ օրս տակաւին Լիբանան չէ ազդուած Սուրիոյ դէպքերէն, սակայն եթէ Լիբանան ազդուի Սուրիոյ խլրտումներէն, ապա այդ ազդեցութիւնը առաջին հերթին պիտի երեւի լիբանանեան դրամատուներուն մէջ, որովհետեւ, առանց նկատի ունենալու որոշ տագնապի մը ունենալիք հետեւանքները, Լիբանանի դրամատնային եւ տնտեսական համակարգը կարիքը ունի բարեկարգումներու:
«Քաղաքական այս անդամալուծութիւնը պատճառ դարձած է, որ Լիբանանի ենթակառոյցին առումով կատարուելիք նիւթական կենսական ներդրումները յետաձգուին, յատկապէս նկատի ունենալով ելեկտրականութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու, ճամբաներու եւ կամուրջներու շինութեան վերաբերող ներդրումներուն առկախումը», ըսաւ Հըրշ:
Իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանի տնտեսութեան հաստատութեան փոխնախագահ Մունիր Ռաշետէն` «Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը գրէ, թէ Լիբանանի ենթակառոյցը հսկայ եւ վտանգաւոր հարցերէ կը տառապի, ինչպէս նաեւ կը տառապին տնտեսական մարզի վարչութեան բոլոր դէմքերը, որովհետեւ երկրին մէջ կառավարութիւն չկայ` քաղաքական սուր երկփեղկումին պատճառով:
Բրիտանական օրաթերթը զգուշացուց` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կրնայ աւելի եւս բարդանալ, եւ անոր հետեւանքները կրնան Լիբանանի վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ»ի համաձայն, քաղաքական կարգ մը վերլուծաբաններ կը յայտնեն, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով արձանագրուած ուշացումը հետեւանք է Դամասկոսի մէջ տիրող կացութեան, որովհետեւ ընդհանրապէս լիբանանցի պետական պաշտօնատարները անոր կը դիմեն` լուծելու համար իրարու միջեւ ստեղծուած տարակարծութիւնները: Այս ծիրին մէջ, յօդուածին մէջ նշուած է, թէ կառավարութեան կազմութեան իսկական տագնապը կը կեդրոնանայ ներքին գործոց նախարարութեան շուրջ: Նախարարութիւն մը, որուն կը փափաքի տիրանալ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, եւ այդ պատճառով ալ տարակարծութիւններ կը յառաջանան զօր. Աունի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի միջեւ: Օրաթերթը այդ տագնապը կը վերագրէ քրիստոնեայ ղեկավարը դառնալու առումով երկու ղեկավարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անձնական մրցակցութեան:
«Հոս հարկ է նշել, որ եթէ նոյնիսկ ներքին գործոց նախարարութեան հարցը լուծուի, Սուրիոյ մէջ տիրող խռովութիւնները կը մղեն, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկփեղկումը հետզհետէ աւելի սրի եւ խորանայ», կը գրէ օրաթերթը:
Դամասկոսի մէջ տիրող կացութենէն բացի, «Ֆայնենշըլ Թայմզ» կ՛անդրադառնայ նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառներուն հետաքննութեան համար կազմուած Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին` նշելով, որ այդ ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութիւնը տակաւին հորիզոնի վրայ է, եւ յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ անցնող վերջին շաբաթներուն ընթացքին սպրդեցան այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ նախնական ամբաստանութիւնը Հարիրիի սպանութեամբ պիտի ամբաստանէ նաեւ Դամասկոսը:
Նոյն յօդուածը դիտել կու տայ, որ Լիբանանի նման երկրի մը համար, ուր քաղաքական բոլոր ուժերը կը վստահին Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու, կացութիւնը աւելի վտանգաւոր կը դառնայ, երբ այդ երկիրները իրենց ուշադրութիւնը շեղեն Լիբանանէն` իրենց ուշադրութեան կեդրոնը դարձնելով բազմաթիւ տագնապներ ապրող եւ դիմագրաւող արաբական երկիրներու մայրաքաղաքները:
«Հետեւաբար հարկ է ընդգծել, որ Լիբանան կրնայ առանց կառավարութեան գոյատեւել, սակայն եթէ յառաջիկայ ամիսներուն լիբանանեան մակարդակի վրայ տարակարծութիւն պատճառող հարց մը բռնկի, ապա կարելի պիտի չըլլայ հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը, նկատի ունենալով, որ արաբական աշխարհը զբաղած պիտի ըլլայ իր քաոսով», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:
Միւս կողմէ, քաղաքական այլ վերլուծաբաններէ քաղելով իր տեղեկութիւնները` «Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը շեշտէ, թէ Լիբանան արդէն իսկ սկսած է ազդուիլ Սուրիոյ դէպքերէն, այն իմաստով, որ Սուրիոյ զօրակից լիբանանեան քաղաքական ուժերը, որքան ալ փորձեն ցոյց տալ, թէ իրենք վստահ են, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պիտի կարենայ յաղթահարել իր առջեւ ցցուած դժուարութիւնները, տակաւին յստակ կերպով կը դրսեւորուի անոնց մտահոգութիւնն ու մտավախութիւնը` Լիբանանի մէջ այդ դէպքերուն ունենալիք համայնքային եւ աշխարհաքաղաքական հաւանական հետեւանքներէն:
Այս առումով, վերլուծաբանները հաստատեցին նաեւ, թէ Սուրիա ուղղակի ազդեցութիւն ունի Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վրայ` աւելցնելով, թէ այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա կը նախընտրեն Դամասկոսի մէջ ներկայ կացութիւնը պահպանել, ապա շրջանային թէ լիբանանեան առումով ոչ ոք պիտի ընդդիմանայ Սուրիոյ` նկատի ունենալով Լիբանանի թէ այլ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելու անոր կարողութիւնը:
Խաղաղութեան Քառնըկի միջազգային հիմնարկի Պէյրութի գրասենեակի տնօրէն Փոլ Սելիմ այս մասին «Ֆայնենշըլ Թայմզ»ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Լիբանանը եւ շրջանը կ՛ապրին այնպիսի հաւանական նորութիւններու հանգրուան մը, որ տակաւին մութ է ու անորոշ` բոլոր կողմերուն համար:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» վերլուծական այս յօդուածը կ՛եզրափակէ` նշելով, որ Լիբանանեան-քանատական դրամատան ուղղուած ամբաստանութիւնները, թէ ան դրամի լուացում կը կատարէ Հըզպալլան եւ թմրեցուցիչ մաքսանենգողները ֆինանսաւորելու համար, խորքին մէջ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ուղղուած պատգամներ են` ըսելու համար, որ եթէ Միջազգային դատական ատեանին հետ Լիբանան իր գործակցութիւնը կասեցնէ, ապա դրամատնային մարզը, որ Լիբանանի տնտեսութեան երակը կը նկատուի, հաւանական ուղղակի զոհը պիտի դառնայ այդ կեցուածքին:
Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւր` «ՍԱՖԻՐ» օրաթերթ)