Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ինքզինք գեղեցիկ եւ հմայիչ զգալը լաւ տրամադրութիւն է, կը հրապուրէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ գաղտնիք մը պահելը դժուար է ձեզի համար, ուրեմն արտայայտեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը տօնական է: Ձեր ներկայութիւնը անհրաժեշտ է: Մի՛ զրկուիք այս հաճոյքէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր յոռետեսութիւնը արգելք կ՛ըլլայ ձեր յառաջդիմութեան` լաւատես եւ ինքնավստահ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ճամբորդող էք, արագ ու հապճեպ մի՛ պատրաստուիք: Ժամանակ տրամադրեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ հակասութեան մը հանդիպիք ձեր գործին մէջ, մի՛ յուսահատիք, այլ դիմադրեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ բարկանաք: Խաղը կրնաք շահիլ հանդարտութեամբ, խաղաղ եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ընտանեկան գործերը կատարող չկայ ձեր քով, ուրեմն դուք պարտաւոր էք կատարելու: Մի՛ դժկամիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ մոռնաք անուշ խօսք մը ըսելու այն անձին, որ ձեզ կը սիրէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ընտանեկան անհամաձայնութիւն կայ, փնտռեցէք անոր պատճառը, որպէսզի լուծէք հարցը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ հեռու էք ձեր երեխաներէն կամ զաւակներէն, ջանացէք կապ մը հաստատել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր պիւտճէն տկարացած է: Պիտի չկարենաք գոհացնել ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամին պահանջը:

