50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1963)

Խմբագրական

Առասպելական Հերոսը

(Անդրանիկի Մահուան 36-րդ Տարելիցին Առթիւ)

Ասպետական ու խիզախ սա ֆետային, որ կարծէք կը պատրաստուի կողքի սիւնակէն դուրս ժայթքելու իր հրեղէն ձիով, Հայոց լեռներու ասլանն է, որուն հանդէպ ճակատագիրը եղաւ անողորմ, մահը` անգութ, երբ 36 տարիներ առաջ զայն կը խլէր իր ժողովուրդէն, հեռաւոր Ամերիկայի մէջ, երբ իր սիրտը հոն էր Սասնոյ լեռներուն վրայ, ուր քառորդ դար ամբողջ իբրեւ արծիւ սաւառնեցաւ Հայաստան աշխարհի վերեւ, բարկացած աստուածներու նման անցաւ` յեղափոխութեան մրրիկին մէջ, վրէժի ու ցասման խորհրդանիշ որպէս:

Իրմէ առաջ եւ իրեն հետ բազմաթիւ ուրիշներ, նոյնքան նուիրական անուններ կը տեսնենք Հայոց  Յեղափոխութեան կրակէ մատեանին մէջ, դիւցազնատիպ հերոսներ, որոնք ժողովուրդի մը ապրելու իրաւունքը իրենց սուրին ծայրով խլեցին անագորոյն թշնամիէն եւ դաժան աշխարհէն: Բայց անոնցմէ ոչ մէկը ունեցաւ Անդրանիկի համբաւը, վայելեց այն ժողովրդականութիւնը, որ բաժինն էր Շապին Գարահիսարի արժանաւոր զաւկին: Անդրանիկ իր ըմբոստ բնաւորութեամբ եւ յեղափոխականի խառնուածքով լաւագոյնս կը խորհրդանշէր իսկական ֆետայիի տիպարը:

Անդրանիկ այն մարտիկն էր, որ ամէնէն աւելի կը խօսէր հայ ժողովուրդի սրտին, որովհետեւ հայութիւնը անոր մէջ կը տեսնէր իր դարաւոր վրէժը պոռթկալու լաւագոյն միջոցը: Արդարեւ, վրէժի զգացումը տիրապետող գիծը եղաւ Անդրանիկի, անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Իր մուտքը` Հայոց ազատագրական թատերաբեմէն ներս, եղաւ հետեւանքը վրիժառական արարքի մը: Սպաննեց այն քիւրտը, որ խոշտանգած էր իր ատաղձագործ հայրը: Ու համեստ ծագումով եւ զարգացումով այս տղան, որ իր մէջ կը խտացնէր ցեղին ազատատենչ ոգին, փոթորիկի մը պէս պայթեցաւ մեր թշնամիներուն գլխուն, արդար պատուհասի անզուսպ խոյանքով:

Հրաշք մարտիկն էր ան, որուն հրամանին ներքեւ կռուիլը պարելն էր, ինչպէս կը վկայէ Մուրատ, երբ Սերոբի մահէն ետք հայդուկները կ՛ուզէին իրենց հրամանատարութիւնը յանձնել Սեբաստիոյ արիասիրտ զաւակին: Երբ բոլոր ակնարկները ուղղուած էին Մուրատի, համեստ ռազմիկը կը նայէր Անդրանիկին, անոր, որ Սերոբի մահուան վրէժը լուծած էր` կտրելով Պշարէ Խալիլի գլուխը:

Այնուհետեւ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրօշակին տակ, Սասունի, Առաքելոց վանքի, Ծովասարի եւ Աղթամարի անհաւասար եւ օրհասական կռիւներուն մէջ միշտ յաղթական` Անդրանիկ ամէնէն տաք մարտնչումներէն դուրս եկած էր անեղծ: Մինչ գնդակները կը սուլէին շուրջը, ընկերներ կ՛իյնային, Անդրանիկ, գերահրաշ զօրութեամբ մը, վէրք մը իսկ չէր ստանար, կարծէք` իբրեւ արդիւնքը այն աղօթքին, որ բոլոր հոգիներէն կը բարձրանար ի պաշտպանութիւն մեծանուն հերոսին:

Անդրանիկ հետզհետէ պարտադրեց ինքզինք: Նահանջել չգիտցող այս հերոսատիպ հայդուկը մինչեւ 1920 մնաց պայքարի գիծերուն վրայ` իբրեւ կամաւորական գունդերու հրամանատար, արժանանալով զօրավարի տիտղոսին: Այդ թուականին է, որ ֆրանսական կառավարութիւնը Անդրանիկը պատուեց Պատուոյ լեգէոն շքանշանով:

1922-ին քաշուեցաւ գործօն կեանքէ ու մեկնեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր շարունակ ապրեցաւ յաճախանքը զէնքի իր ընկերներուն` Աղբիւր Սերոբի, Գէորգ Չաւուշի, Մուրատի եւ այլոց, որոնց հետ կռուած էր տարիներ շարունակ, հայոց ազատագրութեան դրօշակը բարձր բռնած:

Մահէն ետք, 1928-ին մարմինը փոխադրուեցաւ Փարիզ, ուր համազգային շուքով ամփոփուեցաւ Փեր Լաշէզի գերեզմանատան մէջ:

Անդրանիկ, սակայն, շարունակեց ապրիլ հայ ժողովուրդի սրտին մէջ ու պիտի ապրի դարեր շարունակ: Պիտի ապրի երգին մէջ հայ պատանիին ու հայ մարդուն, որ ազգային գերագոյն ապրումներու պահուն կը պանծացնէ հայոց լեռներու արծիւը, որուն անունը պիտի յիշուի դարէ դար` իբրեւ հայրենիքի տէր ու պաշտպան:

 

Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիին Հանդիսաւոր
Բացումը «Հայաստան Քեմփ»-ին Մէջ

15 նոյեմբեր, կիրակի Պոսթընի «Հայաստան քեմփ»-ի Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան բաժնին մէջ, ժողովրդային խուռն բազմութեան մը ներկայութեան կատարուած է բացումը հայրենանուէր զօր. Գարեգին Նժդեհի կիսանդրիին:

Հանդիսութեան բացումը կատարուած է ամերիկեան ազգային երգով եւ «Յառաջ նահատակ»-ով, զորս տպաւորիչ կերպով երգած է Անահիտ Չենկելեան: Ատենապետած է Ճէյմս Թաշճեան, որ իր բացման խօսքին մէջ ըսած է.

«Հաւաքուած ենք յարգելու համար յիշատակը մեծ հայու մը, հայրենանուէր նահատակ Գարեգին Նժդեհի, որ կը հանգչի անծանօթ գերեզմանի մը մէջ` իբրեւ մեր բազմաթիւ զոհերէն մէկը խորհրդային բռնակալութեան.

– Ան մեռաւ (ինչպէս Մեծն Տիգրան թագաւորը կը յայտարարէր) ազատութեան համար, իբրեւ ամէնէն թանկագին բանը, զոր կրնար ժառանգ ձգել իր զաւակներուն:

Ապա կապոյտ ծածկոցը վար առնուած է կիսանդրիին վրայէն ընկերներ Յ. Տէր Յովհաննէսեանի եւ Համաստեղի կողմէ, ժողովրդական խանդավառ ծափերու մէջ:

Բեմ հրաւիրուած է ընկ. Յ. Տէր Յովհաննէսեան, որ շեշտելէ ետք Գարեգին Նժդեհ մեծ հայրենասէրին առաքինութիւնները, վերջացուցած է. «Այս կիսանդրին եւ այս դրօշը` Եռագոյն, կը մնան ժառանգ` հայ երիտասարդութեան, իբրեւ խորհրդանիշներ, ներշնչելու համար զանոնք»:

Խօսած են նաեւ Հ. Ե. Դաշնակցութեան կողմէ Ք. Պարոնեան, ՀՕՄ-ի կողմէ` Սթելլա Ռըստիկեան, գրագէտ Համաստեղ:

Գարեգին Նժդեհի այս կիսանդրին գործն է լիբանանահայ տաղանդաւոր արձանագործ Զաւէն Խտըշեանի:

Հանդիսութիւնը վերջ գտած է ներկայ խուռն բազմութեան ոգեւորութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES