Ի՞նչ Է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Առանցքը Առաջարկ` Եպիսկոպոսական Ժողովին

ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին այսօր աշխարհով մէկ մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու, վարչական, բարոյական հարցերու խաչմերուկին վրան է:  Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանին բանաձեւումով` «Մեր ազգը փորձութիւններով է գնում: Մեր եկեղեցին էլ իր փորձութիւններով է գնում»: Ո՞ր ուղղութեամբ երթալ, ի՞նչ առաջնահերթութիւն տալ խնդիրներուն եւ անոնց վերաբերող լուծումներուն. նման բազմաթիւ հարցեր վստահաբար անքուն պիտի պահեն յառաջիկայ Եպիսկոպոսական ժողովին առնուազն կարգ մը անդամները:

Ինչպէս պատմութեան ընթացքին, սկսեալ 5-րդ դարու Շահապիվանի ժողովէն, Հայց. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ժողովներ գումարուած են եկեղեցւոյ կեանքին մէջ դաւանական, վարդապետական եւ աստուածաբանական հարցեր քննարկելու, ինչպէս նաեւ կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով:  Եպիսկոպոսական ժողովին արդիւնքներն ու եզրակացութիւնները կը ներկայացուին կաթողիկոսին` վաւերացման համար, կամ ալ` Ազգային եկեղեցական ժողովին (եկեղեցւոյ բարձրագոյն օրէնսդիր եւ վարչական մարմինին)` հաւանութեան համար: Անցնող հարիւր տարուան ընթացքին Եպիսկոպոսական ժողովը պաշտօնապէս միայն երեք անգամ գումարուած է: Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով 1956 հոկտեմբերին գումարուած ժողովին որոշուած էր, որ «տարին գոնէ մէկ անգամ գումարել» Եպիսկոպոսական ժողովը,  բայց ինչ-ինչ պատճառներով այդպէս չեղաւ:  Յաջորդը 1969-ին էր ու անկէ ետք ո՛չ պաշտօնական ժողովներ գումարուեցան(միայն «խորհրդակցական»), ո՛չ ալ եկեղեցիին ու հաւատացեալները յուզող հրատապ հարցեր քննարկուեցան:  Ուշագաւ երեւոյթ է, որ ներկայիս Հայց. եկեղեցւոյ (Էջմիածինը և Անթիլիասը գումարած) 76 եպիսկոպոսներէն հազիւ երկու-երեքը նախապէս մասնակից եղած են որեւէ պաշտօնական եւ լիարժէք Եպիսկոպոսական ժողովի:

Եկեղեցւոյ ներկայ վերիվայրումները յատուկ նորութիւն մը չեն: Եկեղեցին ընդհանրապէս եւ եկեղեցւոյ նուիրապետականութիւնը յատկապէս` անցնող առնուազն հարիւր տարուան ընթացքին բազմաթիւ խորունկ տագնապներ տեսած են` Կոստանդնուպոլսէն մինչեւ Էջմիածին, 1950-ականերու Անթիլիաս-Էջմիածին «տագնապ»-էն մինչեւ 1960-ականերու եւ 1980-ականերու Երուսաղէմի տագնապները: Բայց ի տարբերութիւն անցեալին, երբ արտաքին դրդապատճառները աւելի շեշտակի դեր եւ ներգործութիւն ունէին տագնապներու դրսեւորման վրայ, այսօր եկեղեցին անյաղթահարելի խնդիրներ չունի: Բոլոր ներքին հարցերը լուծելի են:  Հաստատութիւններու կեանքին մէջ որեւէ լուրջ «տագնապ» յետաձգուած կամ չլուծուած խնդիրներու կուտակում է:  Այսօր նման կուտակումներու «տոմարը» լուրջ եւ հետեւողական քննարկումներու եւ լուծումներու առաջարկներ կը պահանջէ:

Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան կեանքին մէջ պահեր կան, երբ անհրաժեշտ է յետադարձ հայեացք մը նետել որդեգրուած արժէքներուն վրայ ու խորհիլ անոնց առաջադրած պահանջներուն մասին: Այսօր Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, որպէս կազմակերպութիւն, անյետաձգելիօրէն պէտք է յստակացնէ այժմէական հասարակական պայմաններու համահունչ իր առաքելութիւնն ու ուղենիշները, որպէսզի նորովի ծառայէ իրեն վստահուած ժողովուրդին:

Եպիսկոպոսական ժողովին ամենաանհրաժեշտ քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ քննարկել, ճշդել եւ սահմանել եկեղեցւոյ «առաքելութեան առանցքը»` այս արագընթաց եւ համաշխարհայնացուած 21-րդ դարու յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Անշուշտ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը երկու հազար տարի առաջ ճշդուած էր առաքեալներու շրջանին Քրիստոսի հիմնական պատգամներուն և Աւետարանին հիման վրայ (օրինակ` ՂՈՒԿ. 4:16-20, ՄԱՏԹ. 28:19-20), բայց այսօր մեծ մասամբ ո՛չ եկեղեցականները ո՛չ ալ աշխարհականները յստակ գաղափար կամ միահամուռ ըմբռնում ունին, թէ ինչպիսի՞ սկզբունքներ, ուղենիշներ, նպատակներ, արժէքներ եւ հեռանկարներ կը ներարկէ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Անշուշտ եկեղեցին դարերէն եկող յստակ առաքելութիւն ունի, բայց ինչպէ՞ս պէտք է իրականացնել այս առաքելութիւնը: Ինչպէ՞ս այդ առաքելութիւնը հաղորդական ու իմաստալից  դարձնել Երեւանի, Գիւմրիի, կամ Շուշիի, Պէյրութի, Ապու Տապիի, Փարիզի, Ամսթերտամի, Լոս Անճըլըսի, Թորոնթոյի, Քորտոպայի, Մելպուռնի կամ Հոնկ Քոնկի մէջ ապրող հայուն համար:

Ինչպէս որեւէ աշխարհիկ կամ կրօնական կազմակերպութեան կեանքին մէջ` առաքելութեան առանցքի յստակեցումը արժէքներու ամփոփագիր մըն է (ինչպէս ուղղափառ հաւատքի պարագային Նիկիական հանգանակը): Այնտեղ կ՛ամրագրուին այնպիսի սկզբունքներ,որոնց ընդմէջէն տուեալ կազմակերպութիւնը իր հունաւորումը կը գտնէ եւ ուր կը սահմանուին այնպիսի չափանիշներ, որոնց համաձայն կը գնահատուի կազմակերպութիւնը իր հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն կողմէ:

Նման յստակ առաքելութեան ուղեցոյց մը արդիւնաւէտ է,  որովհետեւ կ՛օգնէ կազմակերպութեան անդամներուն, որպէսզի կեանքի կոչեն ամրագրուած արժէքները: Սա որեւէկազմակերպութեան վարքագիծը պէտք է ըլլայ, անոր հիմնաքարը` բոլոր առումներով:

Հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից առաքելութեան կարեւորագոյն արժէքներու յստակեցումը  եկեղեցւոյ սպասաւորներուն պիտի տրամադրէ հիմնական ուղենիշ մը, նպատակաուղղուած աշխատանքի եւ հոգեւոր ասպարէզի «քարտէս» մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ իսկական նպատակներուն ծառայել, եւ որուն շուրջ պիտի համախմբուին հոգեւորականներն ու աշխարհական սպասաւորները: Առաքելութեան եւ արժէքներու յստակեցումը կենսունակութիւն կ՛երաշխաւորէ եւ կ՛ամրապնդէ ժողովուրդի հարազատութիւնն ու վստահութիւնը իրենց «հոգիի ծննդավայրին» նկատմամբ:

Անիմաստ է խօսիլ Հայ եկեղեցւոյ «ազգային» կամ «ընկերա-մշակութային» ծառայութեան կարեւորութեան մասին` առանց առաջնորդուելու անոր հիմնական հոգեւոր եւ կրօնա-բարոյական առաքելութեան սկզբունքներով:  Որքան ալ ընդունինք, որ եկեղեցին նաեւ ունի «աշխարհիկ» կարեւորութիւն, կ՛արժէ ընդգծել, որ ինչպէս դարեր շարունակ եկեղեցւոյ առաջնային եւ գերագոյն նպատակը հոգեփրկութիւնը եղած է, պարտականութիւն մը, եթէ ոչ «քաղցր լուծ» որ իւրաքանչիւր հոգեւորական կ՛ուխտէ իր ձեռնադրութեան որոշադրիչ խորհրդակատարութեան ընթացքին: (Ձեռնադրութեան Մաշտոցը  բազմիցս այս կէտը կը շեշտէ):

Հաստատութիւններ, որոնք իրենց հիմնադրիչ եւ առաջնային առաքելութենէն կը շեղին, ժամանակի ընթացքին կը դառնան ինքնանպատակ, իրականութենէ եւ հասարական կեանքէն հեռացած թանգարանային կառոյցներ: Այսօր եթէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Հայ եկեղեցին ունի «ազգային» դեր եւ կարեւորութիւն, ապա այդ ի՞նչով կը տարբերի կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու դերէն եւ ծառայութիւններէն:   Ցայսօր` եկեղեցին նման հարց ոչ քննարկած է, ոչ ալ յստակ քաղաքականութիւն ճշդած է, թէ ի՛նչ է իր «ազգային» դերը, հակառակ անոր որ հոգեւորականներուն մեծամասնութիւնը աւելի հանգիստ կը խօսի «ազգայինին» կամ լոզունք դարձած «մեր հայրերու սուրբ հաւատքին» մասին, քան` հասարակութիւնը մտահոգող բարոյական եւ հոգեւոր նիւթերու մասին:

Կարելի չէ արժէքներու նկատմամբ յարգանք ներշնչել` առանց զանոնք կեանքի կոչելու. սէր արժեւորել, ըսել է` սիրել: Արժէքները նաեւ կը ստեղծեն չափանիշներ, որոնցմով նաեւ մենք մեր գործունէութիւնը կը չափենք: Յստակ եւ տարածելի արժէքներ պէտք է ուրուագծեն եկեղեցւոյ վարչական կազմակերպչական սկզբունքները` որպէս ուղեցոյց եկեղեցւոյ հաւաքական գործընթացին եւ անոր ղեկավար մտածողութեան:

Վերջապէս, իւրաքանչիւր եկեղեցիի կենսունակութիւնը առաջին հերթին կախուած է հաւատացեալներու ոգեւորութենէն, անոնց պատասխանատուութեան զգացումէն եւ մասնակցութիւնէն, ոչ թէ միայն եկեղեցականներու կամ աշխարհականներու փոքր խումբի մը «տնօրինումներէն»: Այսօր շատ յստակ է, որ կ՛ապրինք բողոքի եւ պահանջատիրական դարաշրջանի մը մէջ, ուր հասարակութիւնը այլեւս բացարձակ իշխանութեան ու բռնատիրութեան հանդէպ ոչ թէ միայն իր վախը թօթափած է, այլ նաեւ որդեգրած է վճռական եւ հետեւողական պայքար` հաւաքական շահերու ի նպաստ:  Մեր պարագային սա չի նշանակեր, որ մարդիկ Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ դէմ պիտի «ապստամբին», բայց կ՛ընդգծէ այն իրականութիւնը, որ հասարակութեան սպասումներուն անտեսումը եկեղեցւոյ նուիրապետականութեան կղզիացումին կը տանի:

Այս առումով, եկեղեցին  պէտք  է պատրաստ  ըլլայ ԱՊՐԵՑՆԵԼՈՒ եւ ոչ թէ միայն քարոզելու հայ քրիստոնեայ հաւատքը: Հայց.Եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը սահմանելու համար եպիսկոպոսական ժողովը կրնայ սկսիլ ամենապարզ հարցադրումներով, զորս այսօր որեւէ նման մեծ հաստատութիւն մը պիտի հարցնէր իր ներքին կեանքը դրսեւորելու եւ իր արտաքին յարաբերութիւնները ճշդելու համար:

Ի՞նչ է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նպատակը այսօր 21-րդ դարուն մէջ, այսինքն ի՞նչ է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր եւ գալիք տասնամեակներուն: Ի՞նչն է կարեւորը եկեղեցւոյ համար, այսինքն` արժէքներու ճշդում եւ առաջնահերթութիւն: Ի՞նչ կ՛ուզենք ըլլալ, ի՞նչ է Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան տեսիլքը: Ի՞նչ  է եկեղեցւոյ ծրագիրը, մարտավարութիւն: Եւ վերջապէս, ի՞նչ  պէտք է ընել եւ ի՞նչպէս:

Նման հարցադրումներ լուրջ մօտեցումներ եւ հետեւողական աշխատանքներ, մանաւանդ` աշխարհականներու գործօն մասնակցութեամբ, արդէն կարգ մը համայնքներու մէջ արդիւնքներ տուած են եւ որոշ ծուխերու կենսունակութիւն եւ աշխուժութիւն բերած են:

Այսօր, 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին,  Հայց. առաքելական Եկեղեցին իր բոլոր նուիրապետական աթոռներով ու կառոյցներով իր ուժերն ու «հարստութիւնը» պէտք է համատեղէ, որպէսզի իւրաքանչիւր ծուխ, թեմ կամ եկեղեցական համայնք վերածուի իսկական հոգեւոր «տուն»-ի մը, ուր Հաւատքը, Յոյսը եւ Սէրը համայնքային եւ հոգեւոր կեանքին հիմնաքարերն են:

Վարչական ու կազմակերպչական ծիրէն անդին ու աւելի կենսական` Հայց. եկեղեցին պէտք է մտաւորական շփում մշակէ հասարակութեան հետ մարդկութիւնը յուզող այժմէական ընկերա-բարոյական ու այլ հարցերու մասին:  Պաշտամունքային կամ ծիսական բարեփոխումներ ցանկալի են եւ թերեւս` անհրաժեշտ, բայց իմաստազուրկ են,  երբ հասարակութեան կամ բարեպաշտ ժողովուրդին առօրեային հետ ո՛չ առնչութիւն ունին, ո՛չ ալ ուղղակի ազդեցութիւն: Օրինակ` մկրտութեան ծէսի բարեփոխումը եւ կանոնաւորութիւնը շատ աւելի իմաստալից պիտի ըլլայ, եթէ նաեւ նոյնքան լուրջ ժամանակ, մտածողութիւն ու ջանք թափուի հայ մարդուն բացատրելու, թէ ի՛նչ է մկրտութեան իմաստը եւ ի՛նչ է ծէսին առընչութիւնը իր 21-րդ դարու կեանքին մէջ: Այսինքն` ինչ է մկրտուած հայ քրիստոնեայ ըլլալու իմաստը ներկայ բազմակարծիք եւ բազմահոսանք աշխարհին մէջ, ուր հայ մարդը, ի տարբերութիւն հեռաւոր անցեալին, մնայուն շփում ունի այլազան եւ  ոչ աւանդական մտածողութիւններու եւ թեքումներու հետ:

Եկեղեցի մը առանց յստակ քրիստոնէական առաքելութեան` աշխարհիկ կազմակերպութիւն մըն է, զուրկ` իր հոգեւոր գործօնէն: Եկեղեցի մը առանց հաւաքաբար կամ անհատապէս աղօթող հաւատացեալներու` լոկ կառոյց մըն է: Եկեղեցի մը առանց ուրիշներու օգնելու պատրաստակամութեան եւ համայնքային ծառայութեան` պարզապէս անցեալի փառքերու պահեստանոց մըն է:

Սա է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այսօրուան հիմնախնդիրը. մնացեալները թէկուզ կարեւոր, մանրամասնութիւններ են:

Օքսֆորտ

«Նոր Յառաջ» 14.09.2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )