Ուքրանիոյ Ուժանիւթի Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Ուքրանիա Կազի Պահեստաւորման Համար Ռուսիայէն Վարկ Պիտի Չառնէ»
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիա չի պատրաստուիր կազի ստորգետնեայ պահեստներու համար Ռուսիայէն վարկ առնելու:
«Մենք վարկ պիտի չառնենք, որովհետեւ ուրիշ համաձայնութիւն ունինք», յայտարարած է Ուքրանիոյ ուժանիւթի եւ ածուխի արդիւնաբերութեան նախարար Էտուարտ Սթավիցքի:
Ըստ նախարարին, Քիեւ մտադիր է ստորգետնեայ պահեստներուն մէջ 17-20 միլիառ խորանարդ մեթր կազ պահեստաւորելու:
CATEGORIES Միջազգային

