Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԱՐՊԻՐ.- Մազրաա մայրուղիին վրայ դէպի Ուզահի թեքող ճամբան մէկ ամիսով պիտի փակուի` շրջանի կարգ մը թաղամասերու ենթակառոյցներու նորոգութեան պատճառով: Այսօր երկուշաբթի, 23 սեպտեմբերէն սկսող նորոգութեանց ընթացքին, ոստիկաններ դէպի կողմնակի ճամբաներ պիտի ուղղեն երթեւեկող ինքնաշարժները:
ԵՐԷԿ երկու հոգի վիրաւորուեցան, երբ ապահովութեան տարրեր փախստական մը կը հետապնդէին օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող «Ռասուլ Ազամ» հիւանդանոցին մօտ:
ԻՏԱԼԻՈՅ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ սպայից շքանշանով պարգեւատրեց լիբանանեան Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին: Այս հանդիսութիւնը առիթ մը եղաւ, որ Մախզումի Իտալիոյ նախագահին եւ յատկապէս վարչապետ Էնրիքօ Լիթայի հետ խորհրդակցի Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ճիգերուն Իտալիոյ զօրակցութեան անհրաժեշտութեան մասին:

