Շրջանի Եւ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութեան Համար Աղօթելով`. «Կարգ Մը Երկիրներ Շրջանին Մէջ Քաղաքական Եւ Տնտեսական Շահերու Ակնկալութեամբ Կը Դրդեն Արմատական Շարժումները» Յայտարարեց Ռայի Պատրիարք

Պշարա Ռայի պատրիարքը

«Կարգ մը երկիրներ շրջանին մէջ քաղաքական եւ տնտեսական շահեր արձանագրելու ակնկալութեամբ կը դրդեն արմատական եւ հաւատադրժողական շարժումները, որ ապահովական սանձարձակ քայլերու դիմեն», յայտարարեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքը` երէկ Հռոմի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ հանդիսապետած պատարագին ընթացքին:

Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ ցաւ յայտնեց զանազան երկիրներու մէջ ինկող զոհերուն համար, որոնցմէ վերջիններ ինկան երէկ առաւօտ` Փաքիստանի Պիշաուար քաղաքին մէկ եկեղեցւոյ մէջ պատահած պայթումին ընթացքին:

Այսօր իմացանք, թէ տասնեակ մը քրիստոնեայ զոհեր ինկած են Պիշաուարի եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ կը շեշտէ անոնց Յիսուսի Աւետարանով հաղորդուելու անհրաժեշտութիւնը», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Նշենք, որ երէկ Պիշաուարի մէկ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ պատարագի ընթացքին բազմաթիւ զոհեր արձանագրուեցան, երբ ռումբ մը պայթեցաւ` ահ ու սարսափի մատնելով երկրին բնակչութեան 1,7 հարիւրը հաշուող քրիստոնեաները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )