Կրթական Տարեշրջանը Պիտի Վերսկսի Բնականոն Կերպով
«Կրթական տարեշրջանը պիտի վերսկսի բնականոն կերպով», յայտարարեց Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուզ երէկ` քննադատելով պատկան կողմերու անտարբերութիւնը այս մարզի պահանջներուն լուծման գծով:
Մահֆուզ նաեւ քննադատեց ապահովական պատրուակներով յոռետեսութեամբ կրթական վերամուտի յետաձգում յայտարարողները` ընդգծելով, որ հակառակ բոլոր ահաբեկչական արարքներուն վերամուտը պիտի սկսի:
CATEGORIES Լիբանանեան


