Ճատրակ. Արաբական Կրտսերներու Տարիքային Ախոյեանութիւն Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Յորդանանէն
Երէկ` կիրակի, 22 սեպտեմբերին, Յորդանանէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձան Լիբանանի ճատրակ խաղացողները` իրենց մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական ճատրակի կրտսերներու ախոյեանութեան:
Յորդանան մեկնած լիբանանեան պատուիրակութեան մէջ էին չորս հայեր, որոնք բնականաբար հանդիսացած էին Լիբանանի ախոյեան:
Անկախ արձանագրուած արդիւնքներէն, պէտք է ըսել, որ եղան կարգ մը զեղծարարութիւններ` նկատի ունենալով, որ շարք մը մասնակցողներ, որոնք տարիքով աւելի մեծ էին, իրենց անձնագիրները փոխած ըլլալով, պզտիկցուցած էին իրենց տարիքը եւ կը մրցէին իրենցմէ աւելի փոքրերուն դէմ:
Ինչ կը վերաբերի արձանագրուած արդիւնքներուն, թէեւ հայ մասնակցողները որեւէ մետալի չտիրացան, սակայն արձանագրեցին բաւական լաւ արդիւնքներ եւ ստացան յատուկ յուշագիրներ:
Նանօր Առնելեան մրցաշարքին աւարտին (ընդամէնը 9 հանգրուան) ապահովեց 5,5 կէտ, Հրակ Լախեան` 4,5, Ճիօ Գալուստ` 3, իսկ Յուշիկ Գայմաքամեան` 1:
Անոնք բոլորն ալ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ պայքարեցան լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար եւ ամէնէն կարեւորը` կրցան նաեւ միջազգային փորձառութիւն ունենալ:


