Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Ալեքսանեան` Աշխարհի Փոխախոյեան. Ջուլֆալակեան Եւ Ամոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցող ըմբշմարտի աշխարհի ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին հայրենի ըմբիշները տիրացան երեք մետալի:
Թէեւ 96 քկ դասակարգին մէջ Արթուր Ալեքսանեան հասաւ աւարտական հանգրուան, սակայն պարտուելով իր ռուս մրցակիցէն` Քիրիլ Մելնիքովէն, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
2-2 արդիւնք ժամանակ, իրաւարարները յաղթանակը շնորհեցին Մելնիքովին` նկատի ունենալով, որ Ալեքսանեան նկատողութիւն մը աւելի ստացած էր:
74 քկ դասակարգի մէջ, Արսէն Ջուլֆալակեան (յունահռոմէական ոճ) տիրացաւ պրոնզէ մետալին` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք դանիացի Մարք Մետսենին:
Վերջապէս, 55 քկ դասակարգին մէջ (յունահռոմէական ոճ), Ռոման Ամոյեան, տիրացաւ պրոնզ մետալին` 5-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Թոմաս Սփենսըր Մանկոյին:
CATEGORIES Մարզական



