Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ կարիքը ունիք բան մը ուզելու ոեւէ մէկէն, դիւանագէտ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առանց հաշուելու մի՛ ծախսէք: Ձեր հաշիւներուն եւ նիւթական գործունէութեան լաւ հսկեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յաջողութեան բանալին ձեր գլխուն մէջն է: Ձեզի կը մնայ անցնիլ գործնականի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պէտք ունիք քաջալերանքի` ձեր լաւագոյնը տալու համար: Ինքնավստահ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ գաղափարներ ունիք: Բարեկամ մը պիտի օգնէ ձեզի` լաւագոյնը ընելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ վստահութեան պակասը կրնայ անհամաձայնութիւն ստեղծել: Համակերպեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վերադարձէք կարդալու ձեր սովորութեան: Ասիկա լաւ միջոց մըն է ձերբազատելու տաղտուկէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կրնաք ըսել եւ բացայայտել այն, ինչ որ կը փափաքիք ձեր ապագայի ծրագիրներուն վերաբերեալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հեռու մնացէք վատ տրամադրուած անձերէ, որոնք կ՛ուզեն ձեզի պարտադրել իրենց ուզածը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ուժերը չէք յատկացներ օգտակար բաներու: Հաւասարակշռեցէք ձեր գործունէութիւնը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սէրը ներկայ է ձեր քով: Եթէ ամուրի էք, բաց սիրտ ունեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ յուսալքուած էք, ձեր ընտանիքը պիտի հասնի օգնութեան: Մի՛ վհատիք:

