Վերամուտի Մտորումներ. Համառօտ Վիճակագրութիւն Ընթերցողներու

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ընթերցանութիւնը մտային զարգացման հիմնական գործօնն է: Ներկայիս պիտի առարկուի ընթերցանութեան վերաբերեալ նկատողութիւն կատարելու տրամադրութիւնը: Այդպիսիք պիտի ըսեն.

– Ի՛նչ ընթերցանութիւն, ողջ մնան համացանցը, ֆէյսպուքը: Այս բառը հայացուցինք դիմատետր բառով, բայց անիկա մնաց կոճկուած պաշտօնական շրջանակներու եւ մամուլի էջերուն մէջ: Առաւօտ կանուխ մեր աղջիկներուն, տիկիններուն եւ երիտասարդներուն գործը կ՛ըլլայ զբաղիլ, հետաքրքրուիլ ֆէյսպուքով, թէ ո՛վ ի՞նչ զետեղած է էնթերնեթի այդ բաժինին մէջ, ո՞ւր գացած են, որո՞ւ տեսած կամ չեն տեսած, լուրեր, շատախօսութիւն եւ քիչ մըն ալ` բամբասանք: Ո՞վ պիտի բանայ գիրք մը, նոր կամ հին հրատարակութիւն։ Ո՞վ պիտի կարդայ օրուան մամուլը:

Անկեղծ ըլլալու համար թերթ կը կարդայ ընդհանրապէս միջին տարիքի հայը: Մտաւորական դասն ալ կը կարդայ, բայց` ոչ մեր ուսուցիչները: Կը յարգենք բացառութիւնները:

Թերեւս հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասատուները հետաքրքրուին մեր մամուլով կամ նոր հրատարակութիւններով: Գիտական կամ օտար լեզուներ դասաւանդող մեր հայ ուսուցիչները անտարբեր են մեր մամուլին եւ գրականութեան նկատմամբ:

Յիշենք նոյն ատեն, թէ համացանցը բաւական զարգացուց եւ ընդարձակեց մեր մամուլին նկատմամբ ընթերցասիրութիւնը: Շնորհակալ ենք այս իրողութեան համար: Համացանցով «Ազդակ» փոխանցողը կամ առաքողը յաճախ հեռաձայն կը ստանայ, երբ քանի մը վայրկեան կամ կէս ժամով ուշանայ առաքումը: Ուրեմն հետաքրքրութիւն կայ մասնաւորաբար արտասահմանի մեր գաղութներէն մեր մամուլին նկատմամբ:

Թող ներողամիտ ըլլան մեր մամուլին հանդէպ անտարբերութիւն ցուցաբերողները: Մասնաւորաբար` մեր ուսուցիչները, որոնք կրնան օրական տասը վայրկեան կամ քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրել` «աչք մը նետելու» թերթին, կամ հետաքրքրուին գոնէ տարին մէկ կամ երկու նոր լոյս տեսած գիրքով: Ուսուցիչը կենդանի օրինակն է աշակերտին: Կը յիշեմ մեր նուիրեալ ուսուցչուհիներէն, մեզմէ անժամանակ բաժնուած օրիորդ Մարի Ճինպաշեանը, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց ուսուցչուհի, որ առաւօտ կանուխ դպրոց մուտքին, ժամը 7:00-ին, դպրոցին  կից Ուրֆալեան գրատունէն «Ազդակ» մը ձեռքին` դպրոց կը մտնէր: Մեր յուշը փրոփականտ թող չի թուի, այլ` ճշմարտութեան օրինակելի վկայութիւն: Մարի Ճինպաշեանին աշակերտները կը տեսնէին օրիորդին ձեռքին թերթը, կը հետաքրքրուէին, գոնէ թերթին անունը գիտէին: Աստուած հոգին լուսաւորէ ճեմարանաւարտ Մարիին, որուն աշակերտները լաւ հայերէն սորվեցան իր շունչով: Ականջը խօսի Արմէն Ապտալեանին:

Յիշողութիւնը օրհնեալ վկայութիւն է: Թող ընթերցողները եւ ներկայի մեր ուսուցիչները, որոնց մէջ կան հատուկենտ վերոյիշեալ օրինակը յիշեցնող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Մեր փափաքն է, որ այս թիւը քիչ մը բազմանայ վասն ծաղկումին մեր արեւմտահայերէնին, որուն նուիրուած է 2013 թուականը, Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնեալ կոնդակով:

Մենք կը սիրենք գիտութիւնը, պէտք է հետեւինք օրուան գիտական նորութիւններուն, պէտք է սորվինք լեզուներ եւ հետեւինք աշխարհի մէջ ստեղծուած նոր նուաճումներու` տգէտ կամ յետամնաց չըլլալու համար: Մեր ակնարկը կ՛երթայ չափազանցութեան կիրարկումին: Ամէն օր քըմփիւթըրին դիմաց նստած, չեթ կատարելը, մօտիկ բարեկամը մոռնալ եւ նոր դէմք փնտռելու ունայնամտութիւնը կը պղտորէ հայօրէն ապրելու մեր ինքնութիւնը: Ֆէյսպուքերը մեզ տեղ չեն հասցներ, «օրտինաթէօր»-ներուն դիմաց անվերջանալի ժամեր չնստինք: Խնայեցէք ձեր աչքերը եւ ձեր արթնամտութիւնը, որոնք պիտի տուժեն անպայման: Եղէք չափաւոր, սիրեցէք մեր լեզուն, մեր արեւմտահայերէնը: Առանց ընթերցանութեան` կը մոռնաք մեր ուղղագրութիւնը: Անգլերէն տառերով հայերէն գրել ձեւացնելը կը սպաննէ մեր լեզուն: Ուրախ ենք, որ կան նաեւ հայատառով համացանցի օգտագործում: Այս պարագային կը յայտնաբերուին ուղղագրական ահաւոր սխալներ: Ո՞վ պիտի սրբագրէ համացանցի սխալները…

Եկէք` ըլլանք ուղղամիտ, ոչ շատախօս, ոչ չափազանցող: Մեր ընկերային կեանքը ծաղկեցնենք մենք մեզի հետ, ոչ` օտարամուտ ձեւերով: Մեր դպրոցները, մեր եկեղեցին, մեր միութիւնները, մեր ակումբները հիանալի վայրեր են հայկական սէր եւ միաբանութիւն ստեղծելու: Մեր երիտասարդ աղջիկներն ու տղաքը մեր հայկական մթնոլորտին մէջ կը հայանան միայն…

Վերամուտի այս օրերուն պահանջի պէս կը խնդրենք մեր ուսուցիչներէն, որ հետամուտ ըլլան հայեցի դաստիարակութեան, ճշդեն արժեչափը համացանցին եւ բջիջայիններու օգտագործման, որպէսզի ամբողջովին չօտարանայ հայոց քաղցրիկ բարբառը, հայոց լեզուն, որպէսզի Մեսրոպ Մաշտոցի հոգին հրճուի յաւերժօրէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )