Նոր Արժեչափերու Փնտռտուք (Մերօրեայ Աշակերտութեան Պարզած Իրավիճակին Ի Տես)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Կեանքի օրէնքն է` պէտք է ցանել, որպէսզի կարելի ըլլայ հնձել:

Ապրելու համար պէտք է աշխատիլ: Դպրոցի թէ կեանքի մէջ կը յաջողին անոնք, որոնք կը սիրեն աշխատանքը եւ իրենց համար պարտականութենէ աւելի հաճոյք մը կը նկատեն զայն: Ծուլութիւնը մտքի ու մարմնի ժանգ է, միակ սպեղանին աշխատանքն է: «Ծուլութեան մանչ զաւակը գողութիւնն է, իսկ աղջիկը` անօթութիւնը», պիտի ըսէր Վիքթոր Հիւկօ:

Աշխատանքը որեւէ յաջողութեան գլխաւոր պայմանն է: Այն հարստութիւնը, զոր մարդ կրնայ ունենալ եւ բնաւ չսնանկանալ, աշխատանքի հարստութիւնն է:

Յաջողութեան, վկայականներու եւ մրցանակներու արժանանալու համար չի բաւեր պարզապէս ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն ունենալ, անհրաժեշտ է զօրաւոր կամք, յարատեւութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` անդուլ աշխատանք, որովհետեւ այն օրը երբ աշխատանքը կը դադրի, յաջորդ օր մրցակիցներ կ՛անցնին յառաջ:

Անողոք է այսօրուան աշխարհը: Տկարներու տեղ չունի ան: Կեանքի ժամանակակից պայմաններուն հետ փոխուած են նաեւ մարդկութեան կենցաղն ու դիմագիծը: Բոլորէն աւելի, ներկայ աշակերտները գիտեն, թէ աշխարհը վերջին տասնամեակին ինչքան մեծ նուաճումներ արձանագրեց գիտութեան, հաղորդակցութեան, բժշկութեան եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ:

Մաշած գրասեղաններու ետին թուղթով ու մատիտով Մեսրոպեան տառերը սորվող մանուկը այսօր համակարգիչին ու Այ.Փէտ.ին դիմաց, հանգստաւէտ բազկաթոռի մը վրայ կը սերտէ իր դասերը:

Նամակագրութեամբ եւ թելեկրամով հաղորդակցութեան միջոցները այսօր փոխարինուած են «խելացի հեռաձայն»-ներու (Smart phones) եւ համացանցի նորագոյն ծրագիրներով: Աշխարհագրական սահմանները փուլ եկած են, հեռաւորութեան եւ կարօտի զգացումները չքացած են:

Սրընթաց զարգացող այս կեանքին մէջ, ընթացիկ երեւոյթ է տեսնել աշակերտներ, որոնք կ՛ուզեն շատ արագ տեղ հասնիլ: Անոնք սակայն կը մոռնան, որ կարելի չէ լերան մը կատարը հասնիլ խելայեղ վազքով, այլ` հազարաւոր հանդարտ ու մանր քայլերով, անխոնջ յառաջացումով, ժայռերու վրայ մագլցելով եւ արգելքներու շուրջ դառնալու յարատեւ ճիգով:

Ընթացիկ երեւոյթ է նաեւ տեսնել աշակերտներ, նոյնիսկ փայլուն արդիւնքներով, որոնք ընկերային, ազգային թէ հասարակական նիւթերու մասին արտայայտուած ժամանակ յառաջդիմութեան եւ գիտական չափանիշներով միայն կը մօտենան հարցերուն եւ կը մոռնան էականը, այն` որ կեանքի մէջ կան արժէքներ եւ սկզբունքներ, զորս կարելի չէ արդիականացման կշիռքով կշռել:

Արդարեւ, աշակերտական թէ միութենական կեանքի մէջ, երբ նոր սերունդին մօտ կը փնտռուի յարգանք դէպի գերադասը, զոհողութեան ոգի դէպի նպատակ եւ սկզբունք, կարգապահութիւն եւ հնազանդութիւն օրէնքի եւ ընդունուած կարգերու հանդէպ, յաճախ կը լսուի յանկերգի վերածուած խօսք մը, թէ «Անցած են հին օրերը: Մեր օրերուն այլեւս անիմաստ են այդ բառերը: Ամէն ինչ փոխուած է: Փոխուած են նաեւ մտայնութիւններն ու հետաքրքրութիւնները, արժէքներն ու չափանիշները»:

Ճիշդ չէ, չարաչար կը սխալին անոնք, որոնք մարդկային անժամանցելի արժէքներն ու սկզբունքները կը շփոթեն գիտութեան եւ ժամանակի յառաջդիմութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն հետ: Եթէ գիտութիւնը համակարգիչը հնարելով վերջ դրաւ թուղթի եւ մատիտի տիրապետութեան, ինչպէս որ համացանցը իր զանազան ծառայութիւններով յեղաշրջեց հաղորդակցութիւններու աշխարհը, այդ մէկը իրաւունք չի տար յայտարարելու, որ կեանքը փոխուած է եւ բարոյական արժէքները ժամանակավրէպ դարձած են, որովհետեւ քաղաքակրթութեան միջոցները որքան ալ յառաջդիմեն, անոնք չեն կրնար փոխել ինքզինք յարգող ընկերութեան մը հիմնական սկզբունքները:

Այլ խօսքով, սուտի եւ կեղծիքի զանազան ձեւերը չեն կրնար խախտել ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան սկզբունքը:

Անկարգապահութիւնն ու անկարգութիւնը չեն կրնար հակազդել կարգ ու կանոնին եւ օրինապահութեան:

Անհնազանդութիւնն ու ծուլութիւնը չեն կրնար արժեզրկել հնազանդութեան եւ աշխատասիրութեան արժէքները:

Ցուցամոլութիւնն ու փառատենչութիւնը չեն կրնար ոտնակոխել բարոյական ազնիւ նկարագրի իւրայատկութիւնները:

Դարերու փորձառութեամբ հաստատուած է, որ ժխտական երեւոյթները չեն կրնար դրժել կամ ջնջել մնայուն ճշմարտութիւններ եւ արժէքներ, որոնք ո՛չ ժամանակ կը ճանչնան, ո՛չ ալ աշխարհագրական սահման: Կու գան հինէն, բայց չեն հիննար, կ՛երթան ապագային, ու չեն աժաննար:

Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ մասնագիտութեան այս դարուն, ուսումը նախապայման է մտքի զարգացման համար, սակայն անբաւարար` նկարագիրի կերտման համար: Անոր համար անհրաժեշտ է կրթութիւն  եւ դաստիարակութիւն:

Ուսումը եթէ լոյս է, կրթութիւնը անոր ջերմութիւնն է: Երկուքը զիրար ամբողջացնող անբաժանելի տարրեր են, մէկը միւսէն զօրաւոր եւ ազդեցիկ: Կրթութենէ զուրկ, սակայն ուսեալ անձ մը մարդկային ընկերութեան մէջ պիտի չունենար այն հմայքը, զոր պիտի ունենար երկուքին արժանիքներով օժտուած մարդ մը: Արեւուն լոյսը, առանց իր կենարար ջերմութեան, պիտի չունենար այն կախարդանքը, ինչ որ ունի երկուքին միաձոյլ զօրութեամբ:

Ուսումը կը ջամբուի դպրոցներուն մէջ: Կրթութիւնը պէտք է փնտռել նաեւ այլ տեղ: Դպրոցին կողքին, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը փոխանցեն ընտանիքները, միութիւնները եւ անոնց ստեղծած միջավայրն ու մթնոլորտը: Ու երբեք պէտք չէ խաբկանքը ունենալ, որ մէկուն կամ միւսին ճիգը առանձինն կրնայ արդիւնաւորուիլ: Յաճախ մէկուն շինածը միւսին անհոգութեան պատճառով կը քանդուի: Երեքին միացեալ ճիգն է, որ տարուած աշխատանքին յաջողութիւնը կ՛երաշխաւորէ:

Կրթական առօրեային մէջ կարելի է հանդիպիլ տեսակաւոր երեւոյթներու: Անկասկած, հպարտալի երեւոյթ է պետական քննութիւններուն բարձր նիշեր ապահովելը: Նոյնքան ուրախալի է կրթական կեանքի բոլոր հանգրուաններուն լաւ արդիւնքներ ունենալը: Սակայն, իրապէս զարգացած եւ հոգեպէս մշակուած աշակերտը տէր պէտք է ըլլայ նաեւ ընդհանրական այլ գիտելիքներու եւ հետաքրքրութիւններու, որոնք ազգային դիմագիծ եւ ընկերային յատկութիւններ պիտի տան անոր:

Այդ հետաքրքրութիւններուն պակասը զգալի է մեր օրերուն: Պակաս մը, որ կը տկարացնէ աշակերտութեան նկարագիրը եւ կը սահմանափակէ անոնց հոգեմտաւոր հարստութիւնը:

Բացառութիւններով կարելի չէ եզրակացութիւններու հասնիլ: Մեծամասնութեան պարզած պատկերն է կարեւորը: Մասնագիտական վկայականներու տիրացող եւ ապա կեանքի ասպարէզ նետուող հայ աշակերտներէն քանի՞ն այսօր կը շարունակէ պահել զարգացումի իր ծարաւը: Ու դեռ, քանի՞ տոկոս կը կազմեն անոնք, որոնք ազատ ասպարէզի կամ արհեստի մը տէր ըլլալով` կը հետաքրքրուին իրենց ընկերութիւնը յուզող ընդհանրական հարցերով:

Տխուր չէ՞ տեսնել աշակերտներ, որոնք պետական քննութիւններուն շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրած ըլլան, սակայն խեղճ ու կրակ հայերէն մը խօսին: Կամ` որքան կարելի է հաշտուիլ երեւոյթին հետ այն աշակերտներուն, որոնք իրենց դասարանին բարձրագոյն նիշերը ապահոված ըլլալով հանդերձ` բոլորովին անտարբեր ըլլան հայ կեանքին, արժէքներուն եւ միութիւններուն հանդէպ:

Ու տակաւին, չենք խօսիր «շատ լաւ» կամ մինչեւ իսկ «գերազանց» արդիւնքով յաջողած այն աշակերտներուն մասին, որոնք մեր մէջը չեն, լուր իսկ չունին մեր իրականութենէն, որովհետեւ… օտար վարժարաններ յաճախելով` շատոնց կռնակ դարձուցած են իրենց հայկականութեան: Այլասերած են հայրով ու մայրով, հոգուով ու սրտով:

Հետեւաբար, նի՞շն է կարեւորը, թէ՞ պատկանած հաւաքականութեան նկատմամբ պարտականութիւնները լրիւ կատարելու գիտակցութիւնը: Վկայակա՞նն է կարեւորը, թէ՞ ազգին օգուտ տարր մը ըլլալու պատրաստակամութիւնը: Ե՛ւ մէկը, ե՛ւ միւսը: Երկուքը միասին, որուն համար ալ այսօրուան աշակերտներէն կը պահանջուի զարգանալ ո՛չ միայն պրէօվէի կամ պաքալորէայի վկայականի մը համար անհրաժեշտ պաշարով, այլեւ` ազգային-միութենական մեր կեանքին թելադրած պայմաններով:

Դիւրին չէ ընտրուելիք ճամբան, գիտենք: Սակայն անկարելի բան չկայ իտէալ ունեցող մարդուն համար:

Իտէալը աշակերտներու մտային եւ հոգեկան բարձրացման նպաստող ուժ մըն է: Մեր ժողովուրդը, այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքը ունի իտէալապաշտ աշակերտութեան` յաջողութեան գագաթներ նուաճելու համար: Սխալ պիտի ըլլար միայն հիներու ձգած յաջողութիւններով հպարտանալ: Մեր շուրջը ազգեր կը վազեն, ժողովուրդներ իրարու հետ կը մրցին: Վա՜յ ետ մնացողին: Իտէալ ունեցող աշակերտութիւն մը միայն կրնայ ընդառաջել այս կենսական պահանջին եւ կերտել մեր վաղուան օրը, լաւին ու լաւագոյնին ձգտումով:

Աշակերտներ եթէ կ՛ուզեն դիմագիծ եւ նկարագիր ունենալ, հարկ է վեհ իտէալներ ունենան: Իտէալներու որակական տեսակէն կախեալ է անոնց ներկայացնելիք ուժին եւ աշխատանքին քանակը:

Մեզի նման ժողովուրդներ կարիքը ունին իսկապէս փայլուն կարողութիւններով օժտուած աշակերտներու, որոնք վաղը պատրաստ պիտի ըլլան ծառայելու վսեմ իտէալներու եւ, իբրեւ այդպիսին, նախանձախնդիր պիտի ըլլան տալու իրենց առաւելագոյնը:

Իտէալի ծառայութեամբ մերօրեայ աշակերտութենէն անկարելի զոհողութիւններ չեն սպասուիր, այլ նուազագոյնը` մասնակցութիւն հաւաքական մեր կեանքին: Ազգին ու հայրենիքին օգտակար դառնալու միջոցներ շատ կան: Կարեւորը ներդրում ունենալն է ազգային ինքնաճանաչումի, ազգակերտումի եւ ազգապահպանումի մեր աշխատանքներուն:

Չի բաւեր կրաւորական հանդիսատեսի աչքով հետեւիլ ազգային-միութենական մեր կեանքին, կամ պարզապէս անոր թերութիւնները մատնանշելով` չքմեղանքներ գտնել անկէ հեռու մնալու համար: Անթերի չէ ազգային-միութենական մեր կեանքը, բոլորս ալ գիտենք,  բազմաթիւ թերութիւններէ կը տառապի ան, բայց ո՞վ պիտի սրբագրէ զանոնք, եթէ ոչ` անոնց քննադատութեան եւ սրբագրութեան յանդգնութիւնը եւ պատրաստութիւնը ունեցող մերօրեայ աշակերտութիւնը, վաղուան մեր ղեկավարութիւնը:

Ձեռնթափութիւնը արտօնելի չէ: Կը բաւէ որքան ենթակայ ենք համաշխարհայնացումի, այլասերումի եւ խելայեղ նիւթապաշտութեան արտաքին հոսանքներուն: Մեր շուրջը մարդիկ արժանապատիւ կեանքի ապահովման պայքարը կը մղեն, իսկ մենք այդ պայքարին հետ միասին ու անկէ առաջ, մեր ներսը` ազգային գոյատեւման դաժան կռիւը կը մղենք:

Ազգին Բերդը հարկ է նախ ներսէ՛ն ամուր պահել: Լեւոն Շանթ պիտի պատգամէր. «Պարտութիւնը ի՞նչ է որ դուրսը, կռուի դաշտին վրայ, պալատին մէջ, կամ ուր որ կ՛ուզես: Պարտութիւնը իսկապէս լեղի է հոգիի՛ն մէջ, եւ ով որ հոգիին մէջ պարտուած է անոր փրկութիւն չկայ: Մարդիկ նաեւ հոգիին մէջ կը յաղթուին: Հոգիին մէջ չյաղթուածը անպարտելի է»:

Հայ կեանքի դժուարին օրերուն, ասպարէզը միշտ նոր սերունդին եղած է: Այսօր, զգալիօրէն աննպաստ պայմաններու մէջ, ձեռնոցը դարձեալ նետուած է այդ սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնք կրթական իրենց յաջողութիւններուն հետ մէկտեղ, դուրս գան իրենց կաշիէն, իրենց անձնական հետաքրքրութիւններու նեղ շրջանակէն եւ իրենց ուժերու կենսունակութեամբ նոր հորիզոններ բանան ազգային-միութենական մեր կեանքին, ի խնդիր հաւաքական մեր ուժին ամրապնդման եւ ընդհանրական մեր նպատակներուն իրականացման:

Արաբները ունին հետաքրքրական առած մը, որ կ՛ըսէ. «Ամբողջ աշխարհը Աստուծոյ է: Աստուած սակայն քաջերուն վարձու կու տայ զայն»: Ասով, անոնք ըսել կ՛ուզեն, թէ մարդու մը չի վայելեր անգործ նստիլ, բախտին վստահիլ կամ հովանաւորներ փնտռել, այլ` յարատեւ աշխատանքով ան պէտք է կերտէ ինքն իր ապագան:

Մեր քաջերը մեր սիրելի աշակերտներն են: Իսկ մենք պատրաստ ենք մեր աշխարհը վարձու տալու անոնց` պայմանով որ անոնք իրենց աշխատասիրութեամբ, ջանասիրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ արժեցնեն հայ ըլլալու իրենց հպարտութիւնը եւ հայ մնալու վճռակամութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )