Հայկական Վարժարանն Ու Հայեցի Դաստիարակութիւնը Որքանո՞վ Կարեւոր Են Հայ Աշակերտին Պրիսմակէն

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Սովորութեան վերածուած է պատասխանատուները, իրենց դիրքին բերումով, խօսեցնել հայկական դպրոցներուն կարեւորութեան, հայոց լեզուի իմացութեան եւ հայկական արժէքներուն մասին տեղեակ ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին: Այս անգամ, սակայն, «Ազդակ»-ի հրաւէրը ուղղուած էր աշակերտներու, որոնք հայկական դպրոցին մէջ ապրած իրենց կեանքն ու փորձառութիւնը նկատի ունենալով, խօսեցան իրենց դպրոցներուն մասին, հայերէնի դասանիւթերուն մասին, հայերուն` օտար դպրոց յաճախելու երեւոյթին մասին… Արդիւնքը հետաքրքրական եւ գօտեպնդող էր, որովհետեւ շուրջ 15 տարի հայկական վարժարանի երդիքին տակ ապրած աշակերտները ո՛չ միայն գոհ են իրենց ստացած հայեցի դաստիարակութենէն, այլ նոյնիսկ աւելին կը պահանջեն, անոնք նաեւ վստահ են, որ իրենց վարժարաններուն մէջ իրենց ստացած ուսումը լաւագոյն մակարդակով է, այլապէս յաջողութիւններուն պատկերը այսքան փայլուն պիտի չըլլար:

Այս տարուան աւարտական դասարանէն Սարին Էքմեքճեան` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, Նարէ Աղասարգիսեան` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն, Րաֆֆի Աբրահամեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանէն եւ Միհրան Ներսէսեան` Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճէն 17 սեպտեմբերին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ խօսեցան ինքնավստահութեամբ, հայկական վարժարանը հայուն բնական տունը նկատելով, մայրենին գիտնալը իբրեւ հայ անհրաժեշտութիւն սեպելով, նաեւ կոչ ուղղելով ծնողներուն ու պատասխանատուներուն` տեղի չտալու օտարամոլութեան հոսանքին դիմաց, որովհետեւ անոնք հայ աշակերտը կրնան զրկել ինքնութիւն կերտող եւ հպարտութիւն սերմանող կրթութենէն:

Հայկական Դպրոցին Ներկայացուցած Կարեւորութիւնը

Իրողութիւն է, որ մեր հայկական վարժարանները սփիւռքի մէջ, հայրենի հողէն հեռու, իրենց մեծ ու ազդու դերակատարութիւնը ունեցած են միշտ, կերտած են հայութեան գոյերթը երաշխաւորող սերունդներ: Այսօր եւս մեր դպրոցները իրենց դերակատարութեան մէջ առաջնակարգ կը մնան, բայց այսօր հայկական վարժարաններուն դիմաց աւելի մեծ ու նորանոր մարտահրաւէրներ կան` օտարամոլութիւն, արհեստագիտութեան կլանումներ, համաշխարհայնացում, հայկականութենէ հեռանալու ախտահալած երեւոյթ:

Այս գաղափարէն եւ իրողութենէն մեկնած` աշակերտներուն հարց տուինք, թէ այսօր հայկական վարժարանները նոյնքա՞ն կարեւորութիւն ունին, անոնք ատա՞կ են այսքան ուժգին փոթորիկներուն դիմաց կանգնելու եւ շարունակելու իրենց սրբազան ու ազգային առաքելութիւնը:

Միհրան Ներսէսեան քիչ մը դէպի պատմութիւն երթալով` հաստատեց, որ լիբանանահայ գաղութը միշտ ալ յատկանշուած է հայեցի շեշտուած կրթութիւն ջամբելով, իսկ հայկական վարժարաններուն մէջ մատուցուած հայեցի դաստիարակութեան շնորհիւ է, որ հայ երիտասարդներուն մէջ կերտուած են հայութեան սրբազան պայքարին նուիրուելու եւ ամրօրէն անոր կառչելու, օտարամոլութեան ու ձուլումի դէմ պայքարելու նկարագիր ու ոգի:

«Թէեւ այսօր շատ են հարցերը, բազմաթիւ են մարտահրաւէրները, սակայն հայկական դպրոցին մէջ հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը կ՛ապրին այնպիսի մթնոլորտի մէջ, կը ստանան այնպիսի գիտակցութիւն, որ զիրենք կ՛օժտէ այդ բոլորին դէմ պայքարելու յատկութիւններով: Կ՛ուզեմ շեշտել, թէ ինչ որ կը տրուի հայկական դպրոցին երդիքին տակ, անփոխարինելի է, ոչ ոք թող ըսէ, թէ օտար վարժարան յաճախելուն կողքին հայկական քլապներ երթալով կամ հայերէնի յատուկ դասաւանդութիւններով կարելի է հայկական վարժարանէն հեռու մնալու բերումով ստեղծուած բացը գոցել:

«Հայկական վարժարանին մէջ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ ապրած երիտասարդը անպայման պիտի ունենայ այն գիտակցութիւնը, որ ինք պարտականութիւն մը ունի իր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ, անպայման պիտի զգայ, որ ինք օտարներուն նման պարզ ու սովորական երիտասարդ մը չէ, այլ ունի Դատ մը, ունի ազգային նպատակներ: Օրինակ, օտար երիտասարդ մը կրնայ որեւէ երկիր ճամբորդել ու ուսում ստանալ կամ նոյնիսկ արձակուրդ անցընել, բայց հայ երիտասարդին համար առաջնահերթը իր հայրենիքն է, որուն նաեւ օգտակար ըլլալու, անոր զարգացման նպաստելու փորձ ընելու մղում ունի միշտ: Ասկէ զատ հայկական ճիշդ դաստիարակութիւն ստացած անձը նաեւ գիտակից կը դառնայ այն իրողութեան, որ ինք գաղութային կեանքին մաս կազմելու, անոր իր ներդրումը ունենալու պարտականութիւն ունի: Իսկ այս գիտակցութեան սերմերը կը ցանուին հայկական դպրոցին մէջ. երբ փոքր տարիքէն մանկապարտէզի աշակերտը հաստատ քայլերով այս ուղիով կը սկսի իր երթը, հայրենիքն ու ազգը առաջնահերթութիւն նկատելու անհրաժեշտութիւնը արմատ կը նետէ իր մէջ եւ իրեն աճումին հետ կ՛աճի ու կ՛ամրապնդուի: Նման երիտասարդներու շնորհիւ է, որ ազգը գոյատեւած է ու պիտի գոյատեւէ եւ, հակառակ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներու, պիտի շարունակէ իր երթը»:

Րաֆֆի Աբրահամեան ըրաւ կարեւոր հաստատում մը` դիտել տալով, որ հայկական դպրոցը հայ աշակերտին բոյնն է, հայութեան համար եկեղեցիի խորհուրդը ունի անիկա, որովհետեւ հոն է, որ ազգային ու քրիստոնէական շունչով հասակ կը նետեն սերունդներ, ազգապատկանելիութեան զգացումն ու գիտակցութիւնը կ՛ունենան:

«Բազմաթիւ ծնողներ յաճախ հայկական դասանիւթերու դասաւանդութեան ժամերէն կը գանգատին, կը պահանջեն նուազեցնել պահերը, երբեմն նոյնիսկ անոնք հայկական նիւթերով ծանրաբեռնուածութիւնը պատճառաբանելով` օտար վարժարաններ կը տանին իրենց զաւակները: Ասիկա ամբողջովին սխալ մտածելակերպ եւ վարուելակերպ է, որովհետեւ հայկականէն հեռացուելով` հայ աշակերտը կը տարուի օտարութեան գիրկը, ուր իր մայրենի լեզուն, հայկական մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնը, պատմութիւնը գոյութիւն չունին. հոն հայ աշակերտը անպայման պիտի կորսուի, խարխափում պիտի ապրի, պիտի չկարենայ ինքզինք գտնել այդ միջավայրին մէջ: Կը կրկնեմ Միհրանին ըսածը, որ շաբաթը քանի մը ժամ հայկական միջավայրի մէջ ապրելով`  հայ պատանին կամ երիտասարդը պիտի չկարենայ ստանալ այն, ինչ որ կը տրուի հայկական վարժարանին մէջ: Շօշափելի օրինակ տամ ընկերոջ մը, որ քանի մը տարի օտար վարժարան յաճախելէ ետք սկսաւ յաճախել հայկական վարժարան, եւ, ունեցած կարգ մը դժուարութիւններուն հակառակ, այպանեց ծնողները, որ զինք օտարութեան մէջ նետած էի` հեռու հարազատութենէ եւ հայկականութենէ»:

Նարէ Աղասարգիսեան եւս համաձայն է իր զրուցակիցներուն, ան եւս, իբրեւ աշակերտ, կը տեսնէ ծնողներուն գործած սխալը, հակառակ անոր որ կարգ մը ծնողներ կը փորձեն անգիտանալ ատիկա: «Ծնող մը եթէ օտար դպրոց ղրկէ իր զաւակը, ինք որքան ալ փորձէ իր զաւակին սորվեցնել հայոց լեզուն, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, Հայաստանի մասին տեղեկութիւններ տայ, իր զաւակը նոյնքան ազգային ոգի պիտի չունենայ, որքան ունին այն աշակերտները, որոնք հայկական դպրոց յաճախած են: Այսպիսով, պիտի սկսի անկումը, որովհետեւ տուեալ աշակերտը իր լեզուին, պատմութեան պիտի չտիրապետէ, պիտի չօժտուի ազգային անհրաժեշտ դաստիարակութեամբ, որպէսզի ապագային իր զաւակները եւս նոյն ոգիով եւ հայերէնի գիտութեամբ օժտէ: Այսպիսով, ձուլումի ուղին կը բռնէ տուեալ ընտանիքը, զաւակներուն օտարացումով իրենք եւս օտարանալով, ինչ որ իսկապէս մտահոգիչ է»:

Սարին Էքմեքճեան  կը մերժէ հայկական եւ օտար վարժարաններուն միջեւ բաղդատութիւն կատարելը: «Չենք կրնար հայկական դպրոցը օտար վարժարանի հետ բաղդատել` այն իմաստով, որ աշակերտ մը շատ բան կը կորսնցնէ հայկական վարժարան չերթալով: Հայկական վարժարանը լոկ դպրոց չէ, այլ հայ աշակերտին հարազատ միջավայրն է: Անձնական փորձառութենէս մեկնած` կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել հայկական վարժարանին մէջ գոյութիւն ունեցող ջերմութիւնն ու հարազատութիւնը: Երբ ես աւելի ցած դասարաններու մէջ էի, 4-րդ, 5-րդ, շատ ամչկոտ էի, չէի ուզեր խօսիլ, ասմունքել, հակառակ անոր որ այդ կարողութեամբ օժտուած էի: Ուսուցիչներս յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեցին ինծի նկատմամբ, միշտ քաջալերեցին, որպէսզի հայերէն ասմունքեմ, իմ միտքերս ճիշդ հայերէնով արտայայտեմ: Ասիկա միայն հայութիւն չի կերտեր մէջդ, այլեւ քեզի նկատմամբ եղած յատուկ վերաբերումով նաեւ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ: Երբ հասակ կը նետես, տարբեր միջավայրերու մէջ կը գտնուիս, աւելի եւս կը զգաս կարեւորութիւնը հայկական դպրոցին, ուր դուն կարծես զաւակը եղած ես ուսուցիչներուն, իսկ օտարութեան մէջ դուն լոկ աշակերտ մըն ես բոլորին նման: Եթէ ընտանիքս այլ որոշում տար, իսկապէս բաւական տխուր պիտի ըլլայի: Իրողութիւն է, որ հայ աշակերտը պիտի չոգեւորուի ընտանեկան յարկին տակ կամ եկեղեցւոյ մէջ, որքան` հայկական դպրոցին: Դպրոցը ուրիշ բան կը սորվեցնէ, դպրոցը կը կազմաւորէ, կ՛ամրապնդէ, կը զարգացնէ, կը կերտէ»:

Սարին կը մերժէ դասապահերու նուազեցման մասին մտածել, «որովհետեւ հայ գիրքէն, պատմութենէն հայ աշակերտին շատ բան կը փոխանցուին. ասիկա կրնայ շօշափելի չըլլալ, սակայն կու գայ օրը, երբ հայ երիտասարդը կը զգայ, որ ինք ինչե՜ր առած է հայկական դպրոցէն, հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի դասապահերէն: Իմ կարծիքովս, ես այդ բոլորը պիտի կորսնցնէի, եթէ չերթայի հայկական վարժարան, այդ բոլորը սորվեցայ շնորհիւ ուսուցիչներուս, յատկապէս` հայ ուսուցիչներուս: Եղբայրս եւ քոյրս պայմաններու բերումով հայկական վարժարան յաճախելէ ետք իրենց ուսումը այլ վարժարանի մէջ շարունակեցին: Եղբայրս, որ միայն աւարտական դասարանին օտար վարժարան յաճախեց, միշտ կը կրկնէ, որ պէտք է ուրախ ըլլամ, որ հայկական հարազատ երդիքին տակ սկսայ ուսումս եւ հոն ալ պիտի աւարտեմ»:

Հայեցի Դաստիարակութիւն`
Այլ Նիւթերո՞ւ Հաշուոյն

Կ՛ապրինք արհեստագիտութեան դարուն, գիտական նիւթեր, օտար լեզուներ, որոնք միշտ ալ կարեւոր եղած են, այսօր ալ աւելի առաջնահերթ կը նկատուին, զանոնք դասաւանդելու բազմազան եւ բազմաթիւ ձեւեր կան: Այս իմաստով կրնա՞յ ըլլալ, որ մենք ետ ենք կամ կրցած ենք որոշ չափով քայլ պահել նորութիւններուն հետ. այսինքն հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւն տալով` կրնա՞յ ըլլալ, որ մենք գիտական եւ այլ նիւթերու դասաւանդման իմաստով թերացում արձանագրած ենք: Այս մասին հաւանաբար կրնան խօսիլ միայն անոնք, որոնք հայկական դպրոցին մէջ ապրած են այս փորձառութիւնը:

Սարին Էքմեքճեանին կարծիքով, ասիկա երբեք ճիշդ չէ, «մենք երկուքն ալ հաւասարապէս ստացանք»: Մեր ուսուցիչները լաւապէս մեզի սորվեցուցին գիտական նիւթեր ու օտար լեզուներ: Կրնայ ըլլալ, որ արաբերէն լեզուի դասաւանդումը կամ աւելի ճիշդ` խօսակցական արաբերէնը, բնականաբար, հայկական դպրոցին մէջ նոյնը չէ, ինչ որ արաբական վարժարանին մէջ, քանի որ դասարանին մէջ անպայման հայերէն կը գործածուի, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ մենք ետ կը մնանք: Աւելի փաստացի ըլլալու համար յիշեցնեմ, որ կայ պետական ուսումնական ծրագիր մը, որուն կը հետեւին հայկական եւ օտար վարժարանները, որպէսզի ապագային պետական քննութիւններու ներկայանանք: Եթէ իսկապէս ճիշդ է, որ հայկական վարժարանները, այսպէս ըսուած` տկար են, ուրեմն աշակերտները ինչպէ՞ս կարողութիւնը ունին պետական քննութիւններուն ներկայանալու եւ յաջողութիւններ արձանագրելու»:

Ըստ Նարէ Աղասարգիսեանին, հայկական դպրոցները ոչինչով կը զիջին տեղականներուն: «Ճեմարանը, որ ֆրանսախօս դպրոց է, մեզի շատ լաւ ֆրանսերէն կը սորվեցնէ. կը բաժնեմ Սարինին այն տեսակէտը, որ արաբերէնի խօսակցականի իմաստով կրնանք քիչ մը դժուարութիւն ունենալ, սակայն նկատի ունենալով, որ ունինք հիմքը, լեզուի գիտութիւնը, եթէ արաբական միջավայրի մէջ մտնենք շատ դիւրաւ կրնանք նաեւ խօսակցականին վարժութիւնը ձեռք ձգել. ասոր փորձառութիւնը ունեցան իմ ընկերներս:  Նոր արհեստագիտական ձեւերով դասաւանդելու իմաստով հայկական դպրոցը կարելի եղածին չափ ճիգ կը թափէ քայլ պահելու այդ նորութիւններուն հետ, սակայն առանց անոր ալ մեր ուսուցիչները շատ լաւ կը բացատրեն դասը, մեզի կը փոխանցեն պէտք եղածը, այլ վարժարաններուն հաւասար գիտելիքներ ունինք մենք, մեր ունեցածը ոչ մէկ ձեւով թերի կամ պակասաւոր է»:

Րաֆֆի Աբրահամեան դիտել տուաւ, որ մեր դպրոցները քայլ կը պահեն արհեստագիտական նորութիւններուն հետ, օժտուած են սարքաւորումներով: «Կ՛ուզեմ ըսել, որ պետական քննութիւններուն, նաեւ համալսարանական մուտքի քննութիւններուն մեր արձանագրած յաջողութիւնները բաւական բարացուցական են, նաեւ օտարներու հետ երբ բաղդատենք մենք մեզ, երբեմն նկատելի է, որ նոյնիսկ արաբերէն լեզուի գիտական-գրական իմացութեան մակարդակը մեր մօտ աւելի լաւ է, քան` նոյնինքն արաբներուն: Նկատելի է, որ երբեմն անոնք իրենց լեզուին քերականական օրէնքներուն, գրականութեան չեն տիրապետեր այնքան, որքան մենք»:

Միհրան Ներսէսեան ամբողջովին սխալ կը գտնէ տարածուած այն մտայնութիւնը, թէ հայերէն դասանիւթերով ծանրաբեռնուածութեան պատճառով հայ աշակերտը միւս դասերուն մէջ կը տուժէ. անոր համաձայն, «հայկական դպրոցին աշակերտները պետական քննութիւններուն աւելի լաւ պատրաստուած կ՛երթան, քան օտարները, որոնք յաճախ մեր օժանդակութիւնը կը խնդրեն: Անիմաստ պատճառաբանութիւններ են այդ բոլորը, հաւանաբար նաեւ հնարուած` ա՛յն ծնողներուն կողմէ, որոնք զղջացած են իրենց զաւակները օտար վարժարան առաջնորդելնուն համար, անոնք այսպիսով կը փորձեն իրենց յանցանքը ծածկել»:

Հայեցի Դաստիարակութիւնը Եւ Հայերէնի Նիւթերու
Ուսուցումը Բաւարար Տարողութեա՞մբ Է

Հայկական վարժարաններուն իւրայատկութիւնը հայեցի դաստիարակութեան եւ հայկական դասանիւթերու մատուցման մէջ կը կայանայ հիմնականօրէն. բայց արդեօք այս առնչութեամբ տարուած աշխատանքներու տարողութիւնը բաւարա՞ր է, այս առնչութեամբ առաջարկներ ունի՞ն արդեօք աշակերտները, յատկապէս` Հայ դատի նիւթերու դասաւանդման իմաստով:

Միհրան Ներսէսեան ըսաւ. «Հայկական նիւթերու դասաւանդութեան մէջ երբեք սահման չկայ, միշտ կրնանք աւելին առնել, աւելին սորվիլ, աւելիին ծանօթանալ: Մենք ունինք Դատ, որ մնայուն նորութիւններ կրնայ ունենալ, մենք միշտ պէտք է հետեւինք անոր, անոր առնչուող զարգացումներուն: Այս գծով մեր դպրոցները քիչ մը կը կաղան, պէտք է օրը օրին հետապնդեն Հայ դատին առնչուող նորութիւնները, զանոնք փոխանցեն մեզի, որովհետեւ ներկայ դարը զէնքի ու սուրի պայքարի դար չէ, այլ` համացանցի, արհեստագիտութեան, ուստի մենք այդ ճամբով մեր Դատը պէտք է ծանօթացնենք, մեր պահանջատիրական ձայնը բարձրացնենք: Հիմա, որ Դիմատետրը տարբեր անձեր համախմբող ու քննարկումներու առիթ տուող բեմ կը հանդիսանայ, հայ աշակերտներն ու երիտասարդները պէտք է ունենան Հայ դատի այնքա՛ն իմացութիւն եւ գիտելիքներ, որ կարենան վէճերու ընթացքին տրամաբանական ըլլալ, գիտական հիմքերու վրայ խարսխել իրենց գրածը, հեռու մնալ անտեղի հայհոյանքներէ, անիմաստ անարգական խօսքերէ, որպէսզի օտարներ հայերուն մասին ժխտական տպաւորութիւն չկազմեն: Հայկական դպրոցները նաեւ այս մասին պէտք է մտածեն, այս տեղեկութիւնները փոխանցեն աշակերտներուն, որպէսզի անոնք պատրաստուած ըլլան օտար միջավայրերու մէջ եւս իրենց ձայնը լսելի դարձնելու` փաստերու վրայ խարսխուած»:

Րաֆֆի Աբրահամեան խօսեցաւ այս առնչութեամբ իր դպրոցին մէջ տարուած աշխատանքին մասին` նշելով, որ  այս տարի ինք առիթ ունեցած է դպրոցին ճամբով, իբրեւ հայերէնի բարձրագոյն միջին հաւաքող, Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու, «ինչ որ մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր ինծի համար: Մայր հողիս վրայ հազիւ կոխած` արդէն ամբողջովին այլ զգացում ունեցայ, մանաւանդ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, երբ գիտես, որ այդ հողերը ազատագրուած են մեր հայորդիներու արեամբ: Այս գիտակցութիւնը, զգացումը, պատիւը հայկական դաստիարակութեան արդիւնք է»:

Նարէ Աղասարգիսեանին համաձայն, հայկական դպրոցներուն մէջ բաւարար են հայոց պատմութեան դասերը, «բայց նաեւ իրողութիւն է, որ այդ բոլոր տուեալները մանրամասնօրէն մեր միտքը չենք կրնար պահել: Ճեմարանի մէջ 11-րդ դասարանին կը տրուի քաղաքացիական կրթութիւն, երկրորդ կիսամեակը յատկացուած է կուսակցութիւններու պատմութեան, 1915-ի ցեղասպանութեան, 1918-ի անկախութեան, ապա Հայաստանի խորհրդայնացման: Կը կարծեմ, որ այդ դասապահը շատ աւելի մեծ  հետաքրքրութիւն ստեղծեց, աշակերտներուն համար ատիկա շատ օգտակար եղաւ, որովհետեւ այդ բոլոր դէպքերուն մասին փաստեր ու տուեալներ փոխանցուեցան աշակերտներուն: Բայց եւ այնպէս կը կարծեմ, թէ այս մէկ տարուան ծրագիրը բաւարար չէ, պէտք է միշտ այս մասին, Հայաստանի եւ Հայ դատի այսօրուան իրադարձութիւններուն մասին դասախօսութիւններ տրուին: Պէտք է նաեւ շաբաթը անգամ մը խօսուի ներկայի դէպքերուն մասին, աշակերտը տեղեակ ըլլայ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ իրադարձութիւններուն մասին: Անշուշտ չեմ ըսեր, որ հայոց պատմութիւնը կարեւոր չէ, բայց այդ պատմութիւնը պէտք է հասնի մինչեւ այսօր»:

Սարին Էքմեքճեան փոխանցուածը բաւարար չի նկատեր. «Օրինակ, այս տարի մենք հայերէնի դասապահ չունինք, ունինք միայն մէկ պահ, որուն ընթացքին ընդհանուր ամէն բանի մասին կը խօսուի: Ես բախտաւոր էի, որ այս տարի առիթ ունեցայ մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին. իրապէս, ինչպէս ըսաւ Րաֆֆին, շատ տարբեր զգացում է, գիրքերուն ճամբով սորվածդ կ՛ապրիս, կը զգաս, հոն է, որ իսկապէս կը զգաս ինքնութեանդ արժէքը»:

Սարին տակաւին ունի այլ մտահոգութիւն մը. «Երբեմն ուսուցիչները իրենք կ՛ըսեն, որ քիչ դաս պիտի տան, որպէսզի միւս դասերը չխաչաձեւուին: Այսպիսով, որոշ արգելք մը կը դրուի հայերէնի եւ միւս նիւթերուն միջեւ, եւ այս բոլորին մէջ միակ տուժողը աշակերտն է»:

Միհրան Ներսէսեան ողջունելի համարձակութեամբ մը ըսաւ. «Տնօրէնութիւնը ծնողներուն ճնշումին տակ երբեմն կը ստիպուի պահերը նուազեցնել: Նախապէս հայերէն դասանիւթերը մեծ արժէք ունէին եւ անոնցմէ ոչ մէկ զիջում կը կատարուէր, այսօր հետզհետէ այդ արժէքը կը նահանջէ: Այս բոլորը պատճառ կը դառնան, որ հայ աշակերտը եւս մտածէ, որ այս նիւթերը կարեւոր չեն, եթէ ծնողներն ու պատասխանատուները մեծ կարեւորութիւն չեն տար, ուրեմն կարեւոր չեն: Տնօրէնութիւնը պէտք է կառչած մնայ իր կեցուածքին, որպէսզի օրինակ դառնայ ծնողներուն եւ աշակերտներուն: Այս հարցը շատ զգայուն է, պէտք է շատ զգուշ վարուիլ»:

Հայերէն Չգիտցող Հայուն Մասին

«Իբրեւ հայ երիտասարդ` ի՞նչ կը մտածէք այն հայ երիտասարդներուն մասին, որոնք հայերէն խօսիլ ու գրել չեն գիտեր» հարցումին իրենց պատասխանով տարբեր մօտեցումներ կը բացայայտեն աշակերտները:

Սարին Էքմեքճեանի համաձայն, երբ հայու մը կը հանդիպիս օտար միջավայրի մէջ, նախ ինքնաբերաբար կ՛ուրախանաս, որ հայ է, «եան» ունի մականունին ետեւը, սակայն ետքը տխրութիւնը կը պատէ հոգիդ, երբ կը գիտնաս, որ միայն անունով հայ է: «Նկատի ունենալով, որ տարբեր ընտանեկան միջավայրերէ եկած ենք, չէի կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս այդ անձը տուեալ վիճակին մէջ յայտնուած է: Ընտանիքին դաստիարակութիւնը տարբեր է ամբողջովին: Կէս հայ կը նկատեմ այսպիսիները, որովհետեւ առանց լեզուի գիտութեան` հայ կարելի չէ կոչուիլ»:

Նարէ Աղասարգիսեան նշեց. «Շատ պատահած է, որ հանդիպիս մարդոց, որոնք հայերէն կը խօսին, բայց շատ բան չեն գիտեր հայութեան մասին, Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի մասին: Նմաններուն հետ հանգիստ ու հարազատ չեմ զգար, որովհետեւ իմ կարծիքով,  իւրաքանչիւր հայ պարտաւորութիւն ունի ամէնէն պարզ եւ տարրական տեղեկութիւնները ունենալու իր ազգին ու հայրենիքին մասին: Միացեալ Նահանգներու մէջ մանաւանդ շատ տարածուած է այն երեւոյթը, որ հայկական ընտանիքի յարկին տակ երիտասարդներ անգլերէնով խօսին իրենց ծնողներուն հետ: Հայ երիտասարդը երբ իր լեզուն չի գիտեր, երբ իրեն կը դիմես ու չի կրնար պատասխանել, իսկապէս մեծ զարմանք կը պատճառէ ինծի: Չի կրնար ըլլալ, որ մէկը պատկանի ազգի մը, որուն լեզուն չկարենայ խօսիլ, կարդալ ու հասկնալ: Չեմ կարծեր, որ կայ ֆրանսացի մը, որ իր լեզուն չգիտնայ, ուրեմն ամէն հայ եւս պէտք է գիտնայ իր մայրենին»:

Միհրան Ներսէսեան տարբեր մօտեցում ունի այս հարցին. «Օտար երկիրներու մէջ ապրող եւ հայերէն չգիտցողներու պարագային նախ պէտք է նկատի առնենք  անոնց ապրած կենցաղը, շրջանակը, ամէն տեղ Լիբանանի պէս հայկականութեամբ յագեցած միջավայր չկայ, որպէսզի հայ երիտասարդները կարենան զարգացնել իրենց տարրական գիտելիքներն ու իմացութիւնը, այդ մէկը նկատի պէտք է առնենք: Երբ նման երիտասարդ տեսնենք, ըստ ինծի, պէտք չէ նեղուինք կամ ցաւինք, նախ պէտք է հարցնենք, թէ ինչո՞ւ իր լեզուն չի գիտեր, արդեօք կը փափաքի՞ սորվիլ: Մեր դերը` իբրեւ հայ աշակերտ, նմաններուն վրայ խնդալը կամ անոնց համար նեղուիլը չէ, այլ պէտք է մենք անոնց մէջ արթնցնենք այն համոզումը, որ պէտք է սորվին իրենց լեզուն, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց  տարիքը, պէտք է քաջալերենք զանոնք, մօտեցնենք հայութեան, որովհետեւ հաւանաբար իրենք մեր ունեցած առիթը չեն ունեցած»:

Աշակերտներուն Կոչը` Պատասխանատուներուն

Հայկական վարժարանի երդիքին տակ հասակ նետած աշակերտներուն հետ զրոյցի աւարտին զանոնք հրաւիրեցինք իրենց խօսքը ուղղելու իրենց վարժարանին, ապա` կոչով մը դիմելու ծնողներուն, երիտասարդներուն, աշակերտներուն եւ պատասխանատուներուն:

Բոլորն ալ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց  հայկական վարժարաններուն, որոնց երդիքին տակ իրենք կազմաւորուած են իբրեւ հայ մարդ, որուն համար մեծապէս գոհ եւ հպարտ են:

Րաֆֆի Աբրահամեանին փափաքն է, որ աւարտական դասարանի հայկական դասապահերը աւելնան, որովհետեւ ասիկա վերջին առիթն է. իսկ ծնողներուն կոչ ուղղեց` գիտնալու մայրենիին արժէքը, «որովհետեւ մայրենի լեզուէն անուշ բան չկայ»:

Միհրան Ներսէսեանին համաձայն, հայոց պատմութեան եւ հայոց լեզուի դասընթացքները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իր վրայ, «հպարտ կը զգաս նման ազգի մը զաւակը ըլլալով, նաեւ կը սորվիս պատմութենէդ, որ նոյն սխալները չընես: Այս բոլորին կողքին, կը ծնի այն գիտակցութիւնը, որ մենք պարտական ենք մեր ազգին, պէտք է մասնակից ըլլանք ազգային աշխատանքներուն: Աշակերտները իրենց դպրոցները աւարտելէ ետք պէտք չէ դադրեցնեն իրենց աշխատանքները, չհեռանան հայկական միջավայրէն, այլ ծառայեն միութեան, ազգին եւ հայրենիքին: Ծնողներուն կոչ կ՛ուղղեմ, որ չգանգատին հայկական դասանիւթերէն, որովհետեւ մենք այդպիսով կը կերտուինք իբրեւ հայ անհատներ, ազգը այդպիսով կը գոյատեւէ ու կը զարգանայ: Հայ տնօրէններուն կոչ կ՛ուղղեմ` վստահ ըլլալու, որ հայկական նիւթերը երբեք ծանր չեն աշակերտին համար»:

Սարին Էքմեքճեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայ ազգին ունեցած յատկութիւնները անպայման կը փոխանցուին աշակերտին: «Օրինակ, հայոց պատմութեան մէջ մեր սորված պայքարներէն եւ ամէն գնով ոտքի կանգնելու վճռակամութենէն մենք սորվեցանք ոտքի կանգնիլ, բնաւ չխուսափիլ, չընկրկիլ, ըլլալ աշխատասէր, մենք մեզ բարելաւող: Քաջ ըլլանք, ձուլումի չենթարկուինք, մեր բազուկներուն վստահինք, գիտնանք, որ օտարին կարելի չէ վստահիլ, այսինքն մեր պատմութիւնը նաեւ փորձառութեան եւ դասերու գիրք եղաւ մեզի համար:

«Կոչ կ՛ուղղեմ, որ հաստատ ըլլան իրենց որոշումներուն մէջ, միշտ մտածեն, որ աշակերտին համար ինչը լաւ է, եթէ աշակերտը սկիզբէն ճիշդ ճամբու մէջ չդրուի, ուրեմն յետոյ փոխելը բաւական բարդ է: Կրկնեմ, որ հայ դպրոցը շատ բան կը փոխէ հայ աշակերտին մէջ: Կ՛ուզեմ նաեւ անդրադառնալ այն ճիգերուն, որոնք ի գործ կը դրուին հայկական վարժարանին մէջ, անոնց համար միայն կարելի է շնորհակալ ըլլալ»:

Նարէ Աղասարգիսեան ուրախ է այն ազգային հայկական ոգիին համար, որ ինք ստացաւ հայկական վարժարանին մէջ, որովհետեւ` «ատիկա զիս կը մղէ միշտ կապ ունենալու ազգիս հետ, ազգային գործերու մէջ ըլլալու գործօն: Ծնողները ինքնաբերաբար պէտք է մտածեն իրենց զաւակները հայկական դպրոց առաջնորդելու մասին, որովհետեւ անիկա ոչ միայն ոչինչով տարբեր է օտար դպրոցէն, այլ անիկա հայ լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ կու տայ աշակերտին, իր ինքնութեան կը ծանօթացնէ»:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )