Ոչ Եւս Է Հայ Եկեղեցւոյ Երիցագոյն Հոգեւորական Շահան Արք. Սվաճեան

Շահան արք. Սվաճեան

Երէկ առաւօտ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ վախճանած է հայ եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորական Շահան արք. Սվաճեան:

Աւազանի անունով Սիմոն, ծնած է 15 սեպտեմբեր 1926-ին` Սկիւտար, Պոլիս: 1949-ին կը մեկնի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարան, 1951-ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանի, ապա 1954-ին աբեղայ, ձեռամբ` Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի:

Գարեգին պատրիարք 1957-ին զինք հրաւիրելով Պոլիս կը նշանակէ Ս. Խաչ դպրեվանքի փոխտեսուչ` նոյն տարին անոր շնորհելով վարդապետական գաւազան:

Քսան տարիներ կ՛ուսուցչագործէ Գատըգիւղի Արամեան- Ունճեան եւ Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարաններուն մէջ` դասաւանդելով կրօնագիտութիւն, բարոյագիտութիւն եւ հայերէն:

Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ 13 նոյեմբեր 1966-ին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ կ՛օծուի եպիսկոպոս:

Մինչեւ իր վախճանումը բազմիցս կը վարէ պատրիարքական փոխանորդութեան պաշտօնը:

2004-ին կը տօնուի իր քահանայութեան յիսնամեակը, նոյն առիթով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ կը պարգեւատրուի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով:

Էջմիածինի մէջ իր սեփական բնակարանը կը նուիրէ Մայր աթոռին, իսկ իր երեք յարկաբաժինները կը նուիրէ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանին, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ վարժարանին:

Ունի հրատարակուած երկու հատոր` «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ս. պատարագը» (1969) եւ «Ուխտագնացութիւն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին» (1993), նաեւ յօդուածներ` մամուլի սիւնակներուն մէջ:

Իր վախճանումով հայ եկեղեցին կը կորսնցնէ իր երիցագոյն հոգեւորականը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )