Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀՍԿԱՅ հրդեհ մը ծագեցաւ երէկ Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Արաբական դրամատան մէջ: Պէյրութի հրշէջներու խմբակը փութաց մարելու հրդեհը:
ՀԱՐԱՒԻ Քֆուր շրջանին մէջ «Պի. Էմ. Տապլեու» տիպի ինքնաշարժի վարորդ մը ինքնաշարժին մէջէն թմրեցուցիչ նիւթեր կը սրսկէ քաղաքապետարանին կից քալելու մարզանք կատարող Եուսրա Մոհամետ Թալեպի վրայ եւ զայն «կ՛առեւանգէ» կարճ ժամանակով: Աւելի ուշ կողոպտուած օրիորդին մարմինը կը գտնուի Թուլա շրջանին մէջ` ուշակորոյս վիճակի մէջ:
ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Ֆատիա Մոհամետ Զէյն Ռիաքի ոստիկանատուն դիմած է երէկ` յայտնելով, որ իր աղջկան բջիջային հեռաձայնով իրենց փոխանցուած է, թէ ամուսինը` փաստաբան Ռաղեպ Տալլուլ (Զահլէէն) առեւանգուած է: Ըստ անոր, առեւանգողները երկու հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի փրկագին պահանջած են: Ան կը խորհի, թէ ամուսինը դէպի Սուրիա առեւանգուած է:

