Երեսնամեայ Պարտադիր Ընդմիջումէ Ետք. Օրինականութիւնը Վերստին Կը Հաստատէ Իր Գերիշխանութիւնը Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ

1984-էն ի վեր երեսնամեայ ստիպողական ընդմիջումէ ետք, լիբանանեան օրինական բանակային թէ ներքին եւ ընդհանուր ապահովութեան ուժեր երէկ ստանձնեցին Պէյրութի հարաւային արուարձաններու ապահովութեան հսկողութիւնը` գոհունակութեան լայն ալիք բարձրացնելով քաղաքացիներուն մօտ:

Արդարեւ, երէկ առաւօտէն սկսեալ լիբանանեան բանակային թէ ներքին ապահովութեան ուժերու տարրեր սկսան համախմբուիլ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ` դիրքաւորուելով Ուզահիի եւ Հարաւային արուարձաններու գլխաւոր թաղամասերուն մէջ, որոնք են.

– Շաթիլայի բոլորակէն դէպի օդակայան:
– Հատի Նասրալլա մայրուղիէն Ռաուտաթ Շահիտէյն:
– Մար Մխայէլ եկեղեցիէն դէպի Մշարրաֆիէ:
– Կալըրի Սըմաանէն դէպի Մար Մխայէլ եկեղեցի:
– Կալըրի Սըմաանի հրապարակէն դէպի Քամիլ Շամուն:

Դիրքաւորումի այս թաղամասերը ընդգրկող առաջին հանգրուանը պիտի գործադրեն աւելի քան ութ հարիւր օրինական ուժերու տարրեր:

Յառաջիկայ օրերուն գործադրուելիք երկրորդ եւ երրորդ հանգրուաններուն ընթացքին 1600 տարրեր (բանակայիններ եւ ոստիկաններ) պիտի դիրքաւորուին նախապէս ճշդուած զանազան անցարգելներու վրայ:

Շրջանի բնակչութեան կողմէ ծաղիկներով դիմաւորուած ապահովական այս ծրագիրը գոհունակութեան ալիք բարձրացուց քաղաքացիներուն եւ պատասխանատուներուն մօտ:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ այս քայլը կու գայ հաստատելու, որ պետութիւնը ներկայ է եւ ապահովութիւն կը ներշնչէ քաղաքացիներուն` խափանարարական որեւէ քայլի դէմ զանոնք պաշտպանելու խոստումով: «Ասիկա ապահովական նախազգուշական միջոցառում մըն է, զոր կ՛ուզենք գործադրել քաղաքացիներու ապահովութեան երաշխաւորման մեր ճիգերուն ծիրին մէջ»: Ան վերահաստատեց խափանարարական ծրագիրներու գոյութիւնը` ընդգծելով, որ դիրքաւորուող տարրերուն մէջ Հըզպալլայի անդամներ չկան: «Հարաւային արուարձաններուն մէջ օրինական ուժերու դիրքաւորումը վերջ պիտի տայ «սեփական ապահովութեան», որ վտանգ մըն է Լիբանանի գերիշխանութեան համար», շեշտեց Շարպել:

Աւելի ուշ կատարած իր մէկ յայտարարութեամբ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան օրինական ուժերը պիտի հեռացնէ Հարաւային արուարձաններէն, եթէ ոեւէ կուսակցական (Հըզպալլայի անդամ) փողոց իջնէ եւ դիրքաւորուի:

«Թրիփոլիի պարագան տարբեր է. հոն քաղաքական տարակարծութիւն կը տիրէ օրինական ուժերու դիրքաւորման գծով», լուսաբանեց Շարպել` բացայայտելով, որ օրինական ուժերու դիրքերը քաղաքացիներու ապահովութեան համար են եւ ոչ թէ փախստական տարրեր հետապնդելու»:

Այս ծիրին մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ողջունեց լիբանանեան օրինական ուժերու դիրքաւորումը Հարաւային արուարձաններուն մէջ: Այս առիթով ան պահանջեց նոր կառավարութեան կազմութեան փութացումը` հարցերու շուտափոյթ լուծման համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )