«Թալեպան» Շարժումը Կը Ստանձնէ Փեշաուարի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Դէմ Կատարուած Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը

Քրիստոնեաներու բողոքի ցոյցերէն պահ մը

Փաքիստանի մէջ «Թալեպան» շարժումը երէկ ստանձնեց Փեշաուարի մէջ գտնուող Ամենայն սրբոց եկեղեցւոյ դէմ կատարուած անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Շարժումի բանբեր Ահմետ Մարուաթ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ «Փեշաուարի մէջ գտնուող եկեղեցւոյ դէմ երկու անձնասպանական գործողութիւնները կատարեցինք եւ պիտի շարունակենք օտարներն ու ոչ իսլամները հարուածել, մինչեւ որ առանց օդաչուի թռչող սարքերու յարձակումները դադրին»:

Նշենք, որ հիւսիսային Փաքիստանի մէջ ամերիկեան առանց օդաչուի թռչող սարքերու 2004-էն ի վեր կատարած յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած է աւելի քան 3500 զոհ, որոնց մեծամասնութիւնը ըմբոստներէ բաղկացած է, սակայն կան նաեւ մեծաթիւ քաղաքայիններ:

Մինչ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումին պատճառած զոհերուն թիւը երէկ բարձրացաւ 81-ի, քրիստոնեաներ Փաքիստանի տարբեր շրջաններուն մէջ ցոյցեր կատարեցին` աւելի լաւ պաշտպանութիւն պահանջելով: Ցոյցեր տեղի ունեցան Քարաչիի եւ Ֆայսալապատի մէջ: Մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ շուրջ 100 ցուցարարներ քանի մը ժամով փակեցին քաղաքի գլխաւոր ճամբան, ինչ որ մեծ խճողում մը յառաջացուց:

Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց յարձակումը եւ «քրիստոնեաներուն զօրակցութիւն» յայտնեց` աւելցնելով, որ «ահաբեկիչները կրօն չունին, իսկ անմեղները թիրախ դարձնելը իսլամութեան եւ բոլոր միւս կրօններուն ուսուցումներուն դէմ է»:

Share this Article
CATEGORIES