Միացեալ Նահանգներ 1961-ին Ջրածնային Ռումբի Պայթումի Մը Աղէտէն Փրկուած Են

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 52 տարի առաջ  քիչ մնացած է, որ Միացեալ Նահանգներու Նորթ Քարոլայնա նահանգին մէջ ջրածնային ռումբի պայթում տեղի ունենայ:

Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի, ամերիկեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթ մը կը վկայէ, որ 1 յունուար 1961-ին Միացեալ Նահանգներ հրաշքով խուսափած են «հրէշաւոր չափերով աղէտէն»:

Այդ օր ռազմավարական ռմբաձիգ «Պի-52» տիպի օդանաւ մը, որուն մէջ եղած են 4 մեկաթոն զօրութեամբ երկու ջրածնային ռումբեր, «Սէյմուր Ճոնսըն» ռազմակայանէն թռիչք առած է, սակայն օդին մէջ կործանած է` «կորսնցնելով» հիւլէական մարտագլխիկները:

Անոնցմէ մէկը ինկած է մարգագետինի մը մէջ, իսկ միւսին պարագային, ճիշդ զինուորական կիրարկման նման, բացուած է ռումբի օդապարիկը եւ միացած է իջնելու մեքանիզմը, որոնք տեղի կ՛ունենան ռումբի պայթելու ժամանակ:

Ի յայտ եկած է, որ չեն աշխատած ռումբի անվտանգութեան չորս մեքանիզմներէն երեքը, որոնք պատասխանատու են անոնց պատահական պայթումը կանխարգիլելու:

Աղէտը կանխարգիլուած է միայն վերջին կանխարգելիչ մեքանիզմին շնորհիւ:

Այդ զէնքերէն իւրաքանչիւրը 260 անգամ աւելի հզօր եղած է, քան ամերիկացիներուն կողմէ Հիրոշիմայի դէմ արձակուած հիւլէական ռումբերը:

Եթէ այդ ռումբերը պայթէին, ապա պիտի վնասուէին այնպիսի շարք մը մեծ քաղաքներ, ինչպէս` Ուաշինկթընը, Պալթիմորը, Ֆիլատելֆիան եւ մինչեւ իսկ Նիւ Եորքը, եւ միլիոնաւոր զոհեր պիտի պատճառէին:

 

Share this Article
CATEGORIES