Նախարար Նալբանդեան Պիտի Մեկնի Միացեալ Նահանգներ
25-28 սեպտեմբեր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ:
25 սեպտեմբերին ան պիտի դասախօսէ Հարվըրտի համալսարանին մէջ:
Նոյն օրը, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով, Էդուարդ Նալբանդեան պիտի մեկնի Նիւ Եորք, ուր պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն:
Նիւ Եորքի մէջ նախարար Նալբանդեան պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ: Նախատեսուած է նաեւ հանդիպում մը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:
CATEGORIES Հայկական

