Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Սպիտակ Տան Դատապարտելու Ալիեւի Հակահայ Ճառը
Բարձրաձայնելով ամերիկահայ համայնքի զայրոյթը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հակահայ ճառին նկատմամբ` Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Քեն Խաչիկեան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հրապարակաւ դատապարտելու Ազրպէյճանի նախագահը` պատերազմ վերսկսելու սպառնալիքներուն, հայերը Հայաստան տեղափոխելու եւ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը կրկին գովաբանելու համար: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղղուած իր 19 սեպտեմբերի նամակին մէջ Խաչիկեան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կարծր դիրքորոշումը Ալիեւի 17 սեպտեմբերի ճառին նկատմամբ կրնայ օգնել «հեռու պահելու Պաքուն իր նկրտումներէն` կրկին պատերազմ սկսելու Արցախի դէմ»:
«Յարգելի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, կարեւոր կը նկատեմ ձեր դերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ եւ կոչ կ՛ուղղեմ դատապարտելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակահայ ճառը: Իր խօսքին մէջ Ազրպէյճանի նախագահը կը սպառնար վերսկսիլ պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ զտել Պաքուի մէջ ապրող ցեղային հայերը` զգուշացնելով, որ Ազրպէյճան պատրաստ է կրկնել այդ չարագործութիւնները: Ան նկրտումներ ունի Հայաստանին պատկանող բոլոր գերիշխան տարածքներուն ` ներառեալ Երեւանի նկատմամբ, եւ կը գովաբանէ տխրահռչակ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը, որ կացինով սպաննած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը ՕԹԱՆ-ի դասընթացքներուն ժամանակ:
Սաֆարովին առնչուող Իլհամ Ալիեւի խօսքը, որ ըսուեցաւ հանրային գովասանքէն ետք, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ տնտեսական աջակցութիւնը, որ ան ստացավ Պաքուէն այս ամիսներուն ընթացքին, լուրջ արգելք կը հանդիսանան բանակցային հոլովոյթին: Անոր խօսքը կը հակասէ նաեւ 31 օգոստոս 2012-ին Սպիտակ տան արտայայտած դիրքորոշումին, երբ Միացեալ Նահանգներ դատապարտեց Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու Պաքուի որոշումը: Հաշուի առնելով այն, որ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը կրնայ կասեցնել Իլհամ Ալիեւի մտադրութիւնները, ձեզի կոչ կ՛ուղղենք դատապարտելու Ազրպէյճանի նախագահին սուր ելոյթը:
Եզրափակելով խօսքս եւ օգտուելով առիթէն` անգամ մը եւս մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնեմ աշխատելու ձեր վարչակազմին հետ: Կը ցանկայինք նաեւ կազմակերպել լայն քննարկում` հանդիպելով նաեւ ձեզի հետ եւ քննարկելով ձեր վարչակազմի քաղաքականութիւնը այս եւ այլ հարցերու շուրջ», գրուած է նամակին մէջ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, 17 սեպտեմբերին մասնակցելով այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» թանգարանի բացման, դրուատած էր մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը իբրեւ հերոս եւ խոստացած է «վերականգնել» Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը` հաստատելով, որ օր մը ամէն ազրպէյճանցի կրնայ ապրիլ Երեւանի, Զանգեզուրի եւ Հայաստանի այլ շրջաններուն մէջ:


