Քոնկ Ֆու – Ուու Շու. Լիբանան Կը Պատրաստուի Ուքրանիոյ Միջազգային Ախոյեանութեան

Լիբանանի Քոնկ ֆու – ուու շուի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան կը պատրաստուի հոկտեմբերին Եալթայի մէջ տեղի ունենալիք Ուքրանիոյ միջազգային ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 20 երկիրներ:

Լիբանանի պատուիրակութեան նախագահն է ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նուհրա:

Իսկ մարզիկներն են` Էմիլ Նահհաս, Քարիմ Սաքր, Ռիմ Մուսա, Ղասսան Ժունիոր Խազեն, Անթուան Նուհրա, Ռապիհ Աքիքի, Անթուան Տահեր, Միշել Կրիչի, Մոհամետ Ժաուիտի, Ռոպեր Սլէյման եւ Եուսեֆ Անթուան Շալհուպ:

Անոնք իրենց մարզիչ պիտի ունենան Պասսամ Նուհրան, Տիմիթրի Սաքրը եւ Էլի Սաատէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )