Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Ֆրանսա Տիրացաւ Տիտղոսին
Նախորդ շաբաթավերջին Սլովենիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ֆրանսայի եւ Լիթուանիոյ միջեւ:
Ֆրանսա 80-66 (19-22, 31-12, 18-16 եւ 12-16) արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին:
Սան Անթոնիօ Սփըրզի մաս կազմող Թոնի Փարքըր ի նպաստ Ֆրանսայի նշանակեց 22 կէտ:
Սպանիա, տիրացաւ պրոնզ մետալին` 92-66 (23-18, 24-18, 16-12 եւ 29-18 յաղթելէ ետք Խրուաթիոյ:
CATEGORIES Մարզական