Տի Քանիօ Պաշտօնանկ Եղաւ
Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Սանտըրլենտ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Փաուլօ Տի Քանիոն, որ խումբին հետ այլ ձախողութիւն մըն ալ արձանագրեց, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընէն:
45 տարեկան իտալացի Տի Քանիօ բաւական ձախող ձեւով սկսաւ իր մրցումները այս տարեշրջանին` նկատի ունենալով, որ անոր կազմը կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը` հինգ մրցումէ ապահովելով միայն կէտ մը:
Տի Քանիօ նախորդ մարտին մարզիչ նշանակուելէ ետք 13 մրցումի ընթացքին արձանագրեց միայն 3 յաղթանակ:
Մարթին Օնիլը փոխարինած Տի Քանիօ երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր կազմին հետ:
CATEGORIES Մարզական

