Պեշիքթաշ – Կալաթասարայ Մրցումին. Թուրք Կատղած Համակիրները Խուժեցին Դաշտ
Նախորդ շաբաթավերջին Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Պեշիքթաշ – Կալաթասարայ 5-րդ հանգրուանի մրցումը մնաց անաւարտ` նկատի ունենալով, որ պրազիլցի Ֆելիփէ Մելոյի (Կալաթասարայ) կարմիր քարտ ստանալէն ետք, Պեշիքթաշի կատղած թուրք համակիրները խուժեցին դաշտ, կոտրելէ ետք թրիպիւններուն աթոռները:
Բնականաբար ատիկա պատճառ հանդիսացաւ, որ մրցումը ընդհատուի, դառնայ անաւարտ, մինչ Կալաթասարայ Պոլսոյ մէջ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանար:
CATEGORIES Մարզական

