Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընտանեկան սիրալիր հանդիպում մը պիտի ունենաք: Օրը հաճելի պիտի ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքով պիտի արժանանաք շնորհաւորանքի: Արժանի էք այս գնահատանքին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր արտաքին տեսքին կարեւորութիւն տուէք: Ներկայանալի ըլլալը կարեւոր է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւ լուրեր պիտի ստանաք ձեր ընտանիքին մէկ անդամէն, որ հիւանդ էր: Անհոգ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ծրագիրները լաւ ընթացքի մէջ են, աշունը արդիւնաբեր է ձեզի համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նախաձեռնութիւններ կատարեցէք: Ձեր դերը կարեւոր է այս կապակցութեամբ: Հարկ է, որ այս գիտնան բոլորը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզի պիտի օգնեն` առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Ձեզի կը մնայ շնորհակալ ըլլալ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ծրագիրները կատարելէ առաջ լաւ կը քննարկէք: Զոյգերու համաձայնութիւնը կատարեալ է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գործի մէջ բարեկամութիւնը տեղ չունի: Գործը ամէն բանէ առաջ էր:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ուտելիքները բարելաւեցէք, որպէսզի ձեր առողջութիւնը չվտանգուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ մարզական վարժութեան մը ձեռնարկած էք, քայլ առ քայլ կատարեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բոլորը պատրաստ են օգնելու ձեզի: Ձեր մտահոգութիւնները փարատողներ կան:

