Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Մը` Միացեալ Նահանգներու Բանբեր
Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող տխրահռչակ անձնաւորութիւն մը` Տակ Ֆրանց, նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր:
«Լոս Անճելըս Թայմզ»-ի գործադիր տնօրէն եղած տարիներուն Ֆրանց մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր` դէմ դնելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին լրագրող Մարք Արաքսի յօդուածի հրատարակման. որոշում մը, որ աւելի ուշ պատճառ դարձաւ Ֆրանցի պաշտօնազրկման:
Արդարեւ, ապրիլ 2007-ին, Ամերիկահայութիւնը, առաջնորդութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, բողոքի արշաւ մը սկսաւ Ֆրանցի դէմ` պահանջելով անոր հրաժարականը: Ան յունիս 2007-ին պարտադրաբար հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
Ֆրանց անցեալին եւս մօտիկ եղած է արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիին, որովհետեւ երբ Քերի ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետն էր, Ֆրանց յանձնախումբին համար հետաքննութիւն կատարող պաշտօնեաներէն մէկն էր:
Ֆրանց նաեւ երկար տարիներ աշխատած է Թուրքիոյ մէջ», իբրեւ լրագրող եւ լրատուական գրասենեակի պատասխանատու «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթերուն` սերտ կապեր հաստատելով թուրք պաշտօնատարներու հետ:

