Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան
Ատենապետ Վաչէ Փափազեանը
Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանը եւ միութեան հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Լիլիթ Գալստեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան, կրթութեան, մշակութային հիմնական հարցերուն խնդիրներուն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մշակութային միացեալ նախաձեռնութիւններ իրականացնելու կարելիութիւնները: Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերուն հարցերը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հիւրերուն ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները, սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով եւ աջակցութեամբ հրատարակուած գիրքերը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան վերաբերող այլ հարցեր:
Դերենիկ Տումանեանը Ռալֆ Երիկեանը
Պարգեւատրեց Ոսկիէ Մետալով
Առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Տումանեան «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը պարգեւատրեց առողջապահութեան նախարարութեան ոսկիէ մետալով` առողջապահական համակարգին ցուցաբերած շարունակական, անգնահատելի աջակցութեան համար:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը շարունակելով բարեգործական իր հերթական աշխատանքները` այս անգամ սարքաւորումներ ձեռք բերած է Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնին համար: «Տրեկըր ֆապիւս» մակնիշի անզգայացման, «Սիմընզ» մակնիշի շարժական շողանկարի սարք, արհեստական շնչառութեան եւ միւս սարքաւորումները եւ պաստառներ արդէն կը գործածուին հիւանդանոցի վիրահատարանին եւ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ: Այդ բոլորին համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յատկացուցած է 25 միլիոն դրամ:
Նախարար Տումանեանը ու Ռալֆ Եիրիկեանը ծանօթացան նոր սարքաւորումներու աշխատանքին: Մասնագէտները նշեցին, որ անոնք զգալիօրէն պիտի բարձրացնեն ախտորոշման ճշգրտութիւնը եւ բուժման արդիւնաւէտութիւնը:
Նախարարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռալֆ Եիրիկեանին` առողջապահութեան ոլորտի զարգացման նպաստող տարբեր ծրագիրներու համար, Դերենիկ Տումանեան նշեց. «Դուք արդէն երկար տարիներէ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած էք այս առողջապահութեան համակարգին եւ տարբեր ծրագիրներ իրականացուցած էք ոլորտին մէջ: Յատկապէս ձեր հոգատարութիւնը զգալի է նորածիններու եւ կամ հիւանդ փոքրիկներու նկատմամբ»:
Յիշեցնենք, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը առողջապահութեան ոլորտին աջակցող տարբեր ուղղութիւններով ծրագիրներ իրականացուցած է 2007 թուականէն:
Սարդարապատի Մէջ Նշուեցաւ Ճարտարապետ
Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի Ծննդեան 105-Ամեակը
Այս տարի կ՛ամբողջանայ նշանաւոր ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի ծննդեան 105-ամեակը: Ան հեղինակն է արժէքաւոր եւ հոյակապ ճարտարապետական կոթողներու, օրինակ` Չարենցի կամարը, Յաղթանակի զբօսայգիի մուտքի յաղթակամարը, Յաղթանակի յուշարձան-թանգարանը, Մուսա Լերան հերոսական ճակատամարտի յուշարձանը, իսկ անոր գլուխ գործոցը Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրն է:
Սարդարապատի մէջ ալ նշուեցաւ անոր ծննդեան 105-ամեակը` Իսրայէլեանի հարազատներուն եւ ընկերներուն ներկայութեամբ:
Այս առիթով խօսք առնողները հաստատեցին, որ մեծ ճարտարապետը պարզ էր իր ապրելակերպով, ուշադրութիւն կը գրաւէր իր համեստութեամբ, բայց կրնար զրուցել քարին հետ, կենդանութիւն տալ անոր:
Իսրայէլեան ծնած է 17 սեպտեմբեր 1908-ին, Թիֆլիս: 1926-1928 ուսանած է Վրաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ:
Նշանաւոր ճարտարապետ ճիմ Թորոսեանը մեծ պատկառանքով կը խօսի իր ուսուցիչին մասին. «Մեծագոյն մարդ, որ ստեղծեց մնայուն արժէքներ»:
Ճարտարապետ Ճէյմզ Աւետիսեան եւս իր վկայութիւնը տալով Իսրայէլեանի մասին` յայտնեց, որ ան իր էութեամբ, նոյնիսկ արտաքինով ժողովուրդին մարդն էր: «Քարի վարպետ էր, քարը շատ լաւ էր զգում, նրա ճարտարապետութիւնը քարի երաժշտութիւնն է», հաստատեց ան:
Ճարտարապետ Դաւիթ Գերթմենչեանին համաձայն, Սարդարապատի թանգարանային մասը յատկապէս զարդատուփ մըն է ինքնին, որովհետեւ անիկա կոչուած է ըլլալու ազգագրական գանձերու կեդրոն, ուր ամփոփուած են մեր պատմութեան ամէնէն փառաւոր էջերուն վերաբերող ժառանգութեան նմուշներ: Ան դիտել տուաւ, որ Իսրայէլեանի գործերուն մէջ տիրական է հայրենականութիւնը:
Շեշտուեցաւ, որ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի վերջին տարիներու ամէնէն նշանաւոր աշխատանքը Սարդարապատի յուշահամալիրն է, որ ճարտարապետական կոթող ըլլալէ բացի, կը ներկայացնէ մեր պատմութիւնը` իր հերոսական դրուագներով:
Ռուբէն Սեւակի Անուան Թանգարանի Բացում
Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, արձակագիր Ռուբէն Սեւակի անուան թանգարանի բացման արարողութիւնը:
Ղազարապատ կոչուած պատմական շէնքին մէջ տեղակայուած թանգարանին մէջ, որ հիմնովին նորոգուած է ֆրանսահայ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի` Ռուբէն Սեւակի եղբօրորդիին բարերարութեամբ, պիտի ցուցադրուին անոր կողմէ Մայր Աթոռին տրամադրուած բացառիկ եւ արժէքաւոր մօտաւորապէս 200 կտաւներ, ինչպէս նաեւ` նշանաւոր նահատակ բանաստեղծ, արձակագիր եւ բժիշկ Ռուբէն Սեւակին պատկանող ածխանկարներ, անձնական իրեր եւ փաստաթուղթեր, պատմական ցուցանմուշներ եւ հայ արուեստի արժէքաւոր գործեր:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեանին կողմէ թանգարանի բացման ժապաւէնը կտրելէ ետք բոլորը մտան թանգարան, ուր տեղի ունեցաւ օրհնութեան արարողութիւն:
Այս առիթով խօսք առաւ Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Յովհաննէս Չիլինկիրեանին` պատմական մշակութային արժէք ունեցող փաստաթուղթերուն, արժէքաւոր կտաւներուն եւ զանոնք ամբողջ հայութեան հաղորդակից դարձնելու ջանքերուն համար: «Էջմիածին բերուած են պատմական մշակութային նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթեր, որոնք տասնեակ տարիներու ընթացքին Յովհաննէս Չիլինկիրեանը հաւաքած, վերլուծած եւ հրատարակած է: Այսօր կարելիութիւն ստեղծուած է զայն մատուցել ողջ հայութեան: Թանգարանը կենդանի օրկանիզմ է, որ պէտք է համալրուի եւ անընդհատ կատարուի անհրաժեշտ աշխատանք: Կը խոստանամ, որ բոլոր կարելի միջոցները պիտի ներդրենք, որպէսզի Ռուբէն Սեւակի թանգարանը դառնայ մեր հանրապետութեան մշակութային գիտական կեդրոններէն մէկը», նշեց Ռուբէն Միրզախանեանը:
Յովհաննէս Չիլինկիրեան թանգարանին բացումը նմանցուց հրաշքի, որ իրականութիւն դարձաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օգնութեամբ: «Սուրբ Էջմիածնի այս հողին վրայ նոր հրաշք կատարուեցաւ, 1915 թուականին իր սուրբ հաւատքին հաւատարիմ մնալու համար Ռուբէն Սեւակը գերադասեց մահանալ, քան իսլամ դառնալ եւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս թանգարանով ան վերակենդանացաւ եւ անմահացաւ: Այս հրաշքը իրագործուեցաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օգնութեամբ», նշեց բարերարը: Ան նաեւ փոխանցեց Ռուբէն Սեւակի դստեր` 100-ամեայ Շամիրամ Սեւակի երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսքը` յայտնելով, որ հիւանդութեան պատճառով ան չկրցաւ ներկայ գտնուիլ թանգարանի բացման արարողութեան:
Հանդիսութեան աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: «Այսօր յիշարժան օր է մեր կեանքին մէջ: Մխիթարութիւն է բոլորիս համար, որ մշակութային այս օճախը պիտի կրէ հայ եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակի` բանաստեղծ, արձակագիր, բժիշկ եւ անուանի մտաւորական Ռուբեն Սեւակի նուիրական անունը, որ եղաւ վասն հաւատոյ նահատակ Հայոց ցեղասպանութեան», նշեց Գարեգին Բ.: Անոր համաձայն, այս թանգարանի հիմնումը յարգանքի տուրք է ինչպէս Ռուբէն Սեւակի, այնպէս ալ` Գրիգոր Զօհրապի, Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Կոմիտասի, մեր միւս մեծերու, մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակին, որոնք չուրացան իրենց հաւատքը, հայրենիքը եւ նահատակուեցան:
«Թանգարանը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն. այն այցելուներու միջոցով պիտի վերածուի ղօղանջող անլռելի զանգակատան, որուն ձայնը լսելի պէտք է դառնայ աշխարհին` սատարելով Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ջանքերուն: Թանգարանը պիտի դառնայ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի միջեւ անմահութեան ձայնի, մահէ վերածնելու, նորէն յառնելու եւ կեանքով յաղթելու ուղի: Այսօր մենք ոճրագործութեան պիտի պատասխանենք մեր ժողովուրդի ազնիւ զաւակին եւ նահատակին յիշատակը յաւերժացնելով, կործանման պիտի պատասխանենք կառուցումով, աւերման` վերաշինութեամբ, մահուան` կեանքով: Չարին բարիով պատասխանելու քրիստոնէական այս ոգին դարձած է մեր ժողովուրդին նկարագիրը եւ էութիւնը, որ միշտ պիտի զօրացնէ մեզ` ապրելու եւ արարելու», նշեց կաթողիկոսը:
Այս Տարի Հայաստանի Քաղաքացիութիւն
Ստացած Է 14 Հազար 496 Հոգի
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան տիրացած անձերուն թիւը 2013-ի ինը ամիսներու տուեալներով 14 հազար 496 է: Այդ մասին նշուած է Ոստիկանութեան անձնագրերու եւ վիզաներու վարչութեան տեղեկագիրին մէջ: Նշուած է, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ ուզողները տարուէ տարի աւելցած են:
«Եթէ 2008-2010 թթ. քննարկուել է Հայաստանի քաղաքացիութեան վերաբերեալ մօտ 15 հազար դիմում, այսինքն` իւրաքանչիւր տարի միջինը 5000, ապա 2011 եւ 2012 թուականներին իւրաքանչիւր տարի արդէն 15 հազար դիմում է ստացուել եւ քննարկւում», նշուած է ոստիկանութեան զեկուցումին մէջ:
«Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Կովկասեան
Ճակատը» Խորագրով Միջազգային Գիտաժողով
Տեղի Պիտի Ունենայ Երեւանի Մէջ, 2014-ին
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը 2014-ի ապրիլ 20-22 Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպեն «Առաջին համաշխարհային պատերազմի կովկասեան ճակատը. ցեղասպանութիւն, փախստականներ եւ մարդասիրական օգնութիւն» խորագրով միջազգային գիտաժողով, որ նուիրուած է Ա. համաշխարհային պատերազմի 100-ամեակին:
Գիտաժողովին նպատակն է` անդրադառնալ Ա. Համաշխարհային պատերազմի կովկասեան ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւններու զարգացման վերաբերող անյայտ աղբիւրներու, ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմին մէջ գաղթականներու առկայութեան, պատերազմական իրավիճակին մէջ Օսմանեան կայսրութեան եւ նախկին Ռուսական կայսրութեան տարածքին վրայ հայ ազգաբնակչութեան նկատմամբ ցեղասպանութեան իրագործման դրուագներուն:
Գիտաժողովի ընթացքին դիտարկուող հարցերը պիտի ներառեն հետեւեալ թեմաները`
- Պատերազմ եւ ցեղասպանութիւն
- Ռուս զինուորականները իբրեւ ցեղասպանութեան վկաներ;
- Զինուորական լուսանկարիչները եւ «Մոռցուած պատերազմի» կովկասեան թատերաբեմի ժամանակագրութիւնը:
- Պատերազմ եւ գիտութիւն. հնագիտական եւ ազգագրական հետազօտութիւնները Հայաստանի տարածքին վրայ պատերազմի ընթացքին:
- Յանցագործութիւն` ընդդէմ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան:
- Ռազմագերիներու եւ անյայտ կորածներու կարգավիճակը եւ ճակատագիրը:
- Պատերազմը եւ կամաւորական շարժումը:
- Մարդասիրական օգնութիւնը եւ գաղթականները Բարեգործութիւնը կովկասեան ռազմաճակատին վրայ
Երիտթրքական կառավարութիւնը, օգտուելով Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընձեռած կարելիութենէն, իրագործեց նախապէս ծրագրուած Հայոց
ցեղասպանութիւն ո՛չ միայն Արեւմտեան Հայաստանի, այլեւ Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ տարածքին վրայ, ինչպէս նաեւ` Կովկասի եւ հիւսիւսային Իրանի որոշակի շրջաններուն մէջ: Կոտորածներու եւ բռնագաղթի ենթարկուած է նաեւ տարածաշրջանի յոյն, ասորի և եզիտի բնակչութիւնը:
Առաջին Անգամ Ըլլալով Հայաստանի Մէջ
Պիտի Կայանայ Բուսակերութեան Փառատօն
Մաշտոցի պուրակին մէջ 29 սեպտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բուսակերութեան փառատօն` «Vegan fest Yerevan»ը, որ կը կազմակերպուի «Ընտրիր կեանքը» կարգախօսով: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին փառատօնի կազմակերպիչներէն Անի Խաչատրեան յայտնած է, որ նախաձեռնութեան նպատակն է առողջ ապրելակերպի գաղափարի քարոզչութիւնը, ինչպէս նաեւ` անգամ մը եւս յիշեցնել անասուններու շահագործման հարցին, բռնութենէն եւ տառապանքէն զերծ ապրելու անոնց իրաւունքը:
«Կը ծրագրուի, որ փառատօնի շրջանակներուն մէջ ըլլան բնապահպանական եւ բուսակերական նիւթերով ելոյթներ, համերգներ, իրականացուին տարաբնոյթ մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ` հեծանուավարժանք, եոկա, փոքրիկներու համար «աքուակրիմ»` անասուններու նիւթով, բուսական սնունդի անվճար հիւրասիրութիւն, լուսանկարներու ցուցահանդէս: Փառատօնի շրջանակներուն մէջ պիտի ցուցադրուին Հայաստանի մէջ նկարահանուած 2 հեղինակային ժապաւէն` բուսակեր մեծահասակներու եւ փոքրիկներու մասնակցութեամբ», նշած է Անի Խաչատրեանը: Անոր համաձայն, փառատօնին մասնակիցներուն պիտի բաժնուին նախաձեռնութեան առնչուող գրքոյկներ եւ ձայնասկաւառակներ:
73 Մեթր Երկարութեամբ`
Խնձորով Խմորեղէն Երեւանի Մէջ
Այս տարի, 6-րդ անգամն ըլլալով, «Արմէնիա Մարիոթ» պանդոկը եւ Աւստրիական օդանաւորդութիւնը կազմակերպած են «Կովկասի ամէնէն երկար շթրուտել» նախաձեռնութիւնը: Վիեննական բաղադրութեամբ պատրաստուած խնձորով խմորեղէնը 73.5 մեթր է:
Երեւանեան ժամանակացոյցով ժամը 11:00-էն պանդոկին առջեւ տեղադրուած խմորեղէն գնելու համար մարդիկ կարգի կանգնած են: Իւրաքանչիւր կտոր կ՛արժէր 600 դրամ: Գնողներուն կը տրուէին նաեւ վիճակահանութեան կտրօններ: Գլխաւոր մրցանակն է երկու հոգինոց տոմս դէպի Վիեննա եւ արձակուրդ` «Մարիոթ» ցանցի «Իմփերիըլ ռայտինկ սքուլ Վիեննա» պանդոկին մէջ:
Նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել միջմշակութային կապերը եւ իւրաքանչիւր տարուան սեպտեմբերին անմոռանալի օր մը պարգեւել անոնց, որոնք կը սիրեն Վիեննան եւ աւստրիական մշակոյթը: