«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը Էշրեֆիէի Մէջ Եւ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Կառուցումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Էշրեֆիէի հայկական թաղամասի հայ կեանքին շուրջ «Ազդակ» առանձին թղթակցութիւններով ու յօդուածներով անդրադարձած է պարբերաբար: 1950-ական տարիներուն կառուցուեցաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ կողքին Ազգային վարժարանը: Կազմակերպուեցաւ նաեւ Համազգայինի Էշրեֆիէի եւ Հայաշէնի մասնաճիւղը: Իսկ Ազատամարտ ակումբը իր գրադարանով օգտակար դերակատարութիւն ունեցաւ:

Էշրեֆիէի հայ կեանքի շուրջ «Ազդակ»ի 18 եւ 19 մայիս 1954-ի, 17 յուլիս 1955-ի եւ 11 ապրիլ 1959-ի թիւերուն մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւնները համադրելով, կը ներկայացնենք շրջանը` 1950-ական տարիներու տուեալներով:

* * *

Հարեւանցի ակնարկ մը կարեւոր կը նկատենք, Էշրեֆիէի հայ կեանքին վրայ:

Բնական գեղեցկութեամբ օժտուած բարձրաբերձ բլուր մը, բարձրաբերձ տուներ, գեղեցիկ տեսարաններով աչքիդ առջեւ կը տարածուին: Արեւելքէն Պրումմանայի, Պէյթ Մէրիի եւ Պհաննէսի լեռնաշղթան, վարը` լերան ստորոտը Պուրճ Համուտի դաշտագետինը, դալարաւէտ տեսարաններով, հիւսիս արեւելք եւ հիւսիս արեւմուտք Միջերկրական ծովու գեղածիծաղ ափերը գեղեցիկ եւ սքանչելի տեսարան մը կը պարզեն:

Այսքան գեղեցիկ աշխարհագրական դիրք ունեցող թաղ մը, նոյնքան բարձր է բնակչութեան որակով:

Այս թաղին մէջ են տեղացի ժողովուրդին մեծահարուստ ընտանիքները: Սուրսոք եւ Թապէթ ընտանիքները: Այս մեծահարուստ թաղի եւ ընտանիքներու կողքին կ՛ապրի նաեւ հայ ժողովուրդի մէկ կարեւոր մասը հայկական Էշրեֆիէով:

Այս բոլորին վրայ հաստատուած է հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը իր գեղեցիկ մատուռով, վեհարանով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանով:

Հայ բողոքական համայնքը իր եկեղեցիով, բարձրագոյն վարժարանով եւ Ազգապետի կեդրոնով: Ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցին իր բարձրագոյն վարժարանով:

Եւ ասոնց կողքին «Ազատամարտ» ակումբը` կարեւոր հաստատութիւններ են հայութեան համար:

Էշրեֆիէ թաղամասը դիրքի եւ բարձրութեան նման կարեւոր աշխատանք մը կը տանի նաեւ այդ գետնի վրայ: Եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, Հայ օգնութեան խաչ, Համազգային եւ ՀՄԸՄ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ օգտակար դեր մը կը կատարեն ազգապահպանման գետնի վրայ:

Էշրեֆիէի Եկեղեցւոյ Շինութիւնը

Ս. Յակոբ եկեղեցի

Կարեւորութեան շարքով առաջին տեղը կը գրաւէ եկեղեցւոյ շինութիւնը:

Շնորհիւ թեմիս առաջնորդ Տ. Խորէն եպիսկ. Բարոյեանի նախաձեռնութեան եւ անխոնջ ջանքերուն, նոյնպէս թաղեցի ազգայիններէ կազմուած շինութեան յանձնախումբի ժրաջան աշխատանքներուն եւ թաղի ժողովուրդին ըրած նիւթական զոհողութեան, եկեղեցւոյ կառուցումը իր աւարտին հասած է:

Տիար Յակոբ Ապաճեան բարերար հանդիսացած է Էշրեֆիէի եկեղեցւոյ շինութեան:

Այս ձեւով թաղեցիներու փափաքը եւ տարիներու երազը իրականացած կ՛ըլլայ:

Միշտ ալ գրուած է մեր ազգային ցաւերու մասին: Տեղ մը եկեղեցւոյ շինութեան պահանջքը, ուրիշ տեղ մը վարժարանի մը շինութեան անհրաժեշտութիւնը, մի ուրիշ տեղ ակումբի մը շինութեան հարցը, դարմանատուն մը, հիւանդանոց մը եւն.:

Ընդհանուր պահանջներ, որոնց համար ոեւէ մարմին ի վիճակի չէ իր վտիտ պիւտճէէն կարեւոր գումար մը յատկացնել:

500,000 լ. ոսկիի գումար մը մեր բոլոր եկեղեցիներն ու ազգային վարժարանները ինքնաբաւ կը դարձնէ եւ գեղեցիկ շէնքերով կ՛օժտէ, ատկէ վերջ կարիք չի մնար ամէն անգամ եւ ամէն վայրկեան մեր հարուստ ազգայիններուն եւ բոլորին դուռը բախելու:

Այս կարենալ ընելու համար զոհողութիւն պէտք է, քսակները լայն բանալ անհրաժեշտ է:

Էշրեֆիէի Ազգային Վարժարանը

Ազգային Չաթալպաշեան վարժարան

Ահաւասիկ եկեղեցւոյ կողքին հաստատութիւն մը եւս. ազգային վարժարանը, իր գեղեցիկ շէնքով: Վարժարանը տարուէ տարի զգալի յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ: Թաղական խորհուրդ, վարժարանի տնօրէնութիւն եւ ուսուցչական կազմ բոլորն ալ միասնաբար լուռ ու մունջ կ՛աշխատին անոր վերելքին եւ յառաջդիմութեան:

Վարժարանը ունի լաւ ուսուցչական կազմ մը: Բոլոր լեզուներն ալ համահաւասար կերպով յառաջ կը տարուին: Նամանաւանդ շատ հոգ կը տարուի արաբերէն լեզուի ուսուցման, շնորհիւ խղճամիտ երկու պետական ուսուցիչներու, որոնք ամէն կերպով կը ջանան օգտակար ըլլալ աշակերտութեան:

Ուսուցչական կազմը կ՛ունենայ իր ժողովները տնօրէնի հսկողութեամբ, եւ մէկ առ մէկ կը քննուին իւրաքանչիւր աշակերտի կարողութիւնը, վիճակը եւ ըստ այնմ կը դաստիարակուին` հիմնուած մանկավարժական մեթոտներու վրայ:

Տարին քանի մը անգամ տեղի կ՛ունենան նաեւ ծնողական ժողովներ, վարժարանի տնօրէնը գրաւոր թէ բերանացի զեկուցում կու տայ կատարուած աշխատանքներու մասին, եւ թելադրանքներ կ՛ընէ ծնողքներուն եւ փոխադարձ թելադրանքներ կը ստանայ ծնողքներէն: Եւ այս ծնողական ժողովները չափազանց գոհ ձգած են ներկաները:

Հոգ կը տարուի նաեւ աշակերտութեան առողջապահութեան: Հայ օգնութեան խաչը եւ Գարակէօզեան հաստատութիւնը տարին մէկ անգամ կը քննեն աշակերտներու մարմիններն ու ակռաները եւ պէտք եղած դարմանը կը կատարեն: Լիբանանի օգնութեան խաչը իր «Պնակ մը կերակուր»ով նախախնամական դեր կը կատարէ:

Նոյնպէս հոգ կը տարուի պատուաստի, աշակերտութիւնը պատուաստել տալով թիֆոյի եւ այլ տարափոխիկ հիւանդութեանց դէմ:

Երբեմն կը պատահի որ աշակերտ մը հիւանդանայ եւ ծնողքը անկարող ըլլայ դարմանել զայն իր միջոցներով: Տնօրէնութիւնը մօտէն կը հետաքրքրուի այս կարգի հիւանդներով, եւ կը ղրկէ բարեկամ բժիշկներու, ձրի բժշկական դարմանում ստանալու համար:

Առողջապահութեան մաս կը կազմէ նաեւ վարժարանի լուացարաններու շինութեան հարցը:

Վարժարանի լուացարանները շատ վատառողջ վիճակի մէջ էին: Շնորհիւ Պր. Մ. Տիգրանեանի նուիրած 2300 լ. ոսկի գումարին կարելի եղաւ այս հարցը հիմնապէս դարմանել եւ դպրոցը օժտել նոր շէնքով եւ առողջապահական պայմաններով:

Այս բոլոր գործերուն նախաձեռնողն ու հսկողն է թաղական խորհուրդը, որուն մաս կը կազմեն թաղի ժողովուրդէն յարգուած ազգայիններ:

Էշրեֆիէի հայկական երեք վարժարաններուն մէջ` Հայ Ազգային բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարան եւ Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարան, քաղաքի ամէն կողմերէն աշակերտութիւն կու գան եւ կը ստանան տոհմային դաստիարակութիւն, իւրաքանչիւրը որոշ  կրթական ուղղութեան մը հետեւելով:

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Էշրեֆիէի մասնաճիւղը երկար տարիներու աշխատանք մը ունի թաղին մէջ: Ան ամենասիրուած եւ յարգուած կազմակերպութիւնն է: Իր Միհրան Տէր Մելքոնեան դարմանատունով մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ թաղի աղքատ եւ չքաւոր ընտանիքներուն: Դարմանատան բժիշկն է տոքթ. Խըրլագեան, որ նոյնպէս երիտասարդ ու սիրուած բժիշկ մըն է, պատրաստ միշտ ծառայելու իրեն դիմող հիւանդներուն գիշեր թէ ցերեկ: Եւ յաճախ ձրի դարմանած է իրեն դիմող աղքատ հիւանդները:

Օգնութեան խաչը օգտակար կ՛ըլլայ նաեւ իր տուած դասախօսութիւններով, որ ամիսը մէկ անգամ տեղի կ՛ունենայ Ազատամարտ ակումբին մէջ, ուր ներկայ կ՛ըլլան մեծ թիւով թաղեցի տիկիններ եւ օրիորդներ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ

Համազգային ընկերութեան Էշրեֆիէի եւ Հայաշէնի մասնաճիւղը կազմուած է 1953-ի սկզբնաւորութեան: Ան արդէն լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ շրջանի հայութեան մէջ:

Իր կազմակերպած հանդէսները եւ տուած գրական եւ գեղարուեստական դասախօսութիւնները շատ լաւ կազմակերպուած են եւ միշտ ներկաներուն գնահատանքին արժանացած: Ասոր համար ալ իր ձեռնարկներուն միշտ սրահը լեցուն եղած է` ընտիր հասարակութեամբ:

Տրուած են շարք մը դասախօսութիւններ եւ գրական դատավարութիւն մը:

Դասախօսութեանց նիւթը եղած են.- քարիւղը եւ իր քաղաքական եւ տնտեսական դերը.- Դասախօսողը եղած է Վռամ Սամուէլեան: Երկրորդ` Յովհաննէս Թումանեանի կեանքն ու գործը, դասախօսողը եղած է Մուշեղ Իշխան: Երրորդ` գաղութահայ գրականութիւնը եւ իր ներկայացուցիչները քսան տարուան ընթացքին, դասախօսողը եղած է Անդրանիկ Ծառուկեան: Չորրորդ` «Արամ Խաչատուրեանի կեանքն ու գործը որպէս միջազգային երաժշտագէտ», դասախօսողը եղած է Շաւարշ Թորիկեան: Հինգերորդ` գրական դատավարութիւն մը. «Ինկած բերդի իշխանուհին». զեկուցանողը եղած է օր. Տէր Մելքոնեան, դատախազ Ֆիլիփ Զաքարեան, ամբաստանող Վազգէն Այգունի եւ պաշտպան փաստաբան Շաւարշ Թորիկեան:

Բոլոր դասախօսներն ալ իրենց վերցուցած նիւթը լաւագոյն կերպով ներկայացուցած են, հաղորդակից դարձնելով ներկաները հայ գրականութեան բարձր արժէքներուն:

Համազգայինի Էշրեֆիէի եւ Հայաշէնի մասնաճիւղին երգի պարի խումբը ղեկավարութեամբ տէր եւ տիկին Տոքթ. Վարդգէս Աբրահամեաններու, մեծ յաջողութիւն գտած են պէյրութահայութեան մէջ, տէր եւ տիկին տոքթ. Վ. Աբրահամեաններ գիշերները մինչեւ ուշ ատեն անխոնջ կերպով կ՛աշխատին պատրաստելու եւ ներկայացնելու ժողովուրդին երգի-պարի երեկոյթը:

ՀՄԸՄ

Շրջանիս ՀՄԸՄ-ը վարչականօրէն կապուած է քաղաքի վարչութեան: Ունի սկաուտական կազմ մը բաղկացած գայլիկներէ եւ երէց սկաուտներէ, որոնք կը ղեկավարուին նուիրուած խմբապետներու կողմէ: Առանձնապէս գնահատանքի արժանի է գայլիկներու համար տարուած աշխատանքը` ղեկավարութեամբ եղբայր Աքելլային:

Սկաուտներն ու գայլիկները տարին մի քանի անգամ կ՛ունենան իրենց հանդէսները` նուիրուած զուտ պատանիներուն, եւ դաշտային պտոյտներ ամառուան ընթացքին:

Ազատամարտ Ակումբ

Ազատամարտ ակումբը փրկարար դեր մը կը կատարէ եւ մեծ օգտակարութիւն ունի շրջանին համար: Միշտ հայ թէ տեղացի ժողովուրդի ձեռնարկներուն սիրով կը տրամադրուի:

Ազատամարտ ակումբի մասին գրել եւ իր գրադարանի մասին չգրել աններելի յանցանք մը պիտի ըլլար:

Գրադարանը ունի ընտրուած գիրքերու մեծ մթերք մը, մօտ` հազար հատոր: Շրջանի հայ հասարակութիւնը երիտասարդներով եւ ծերերով կու գան եւ կ՛օգտուին այդ գրադարանէն:

Գաղափար մը տուած ըլլալու համար ըսենք որ շաբաթական 10 ղրուշ վարձքով տարեկան եկամուտ գոյացած է 825 լ. ոսկիի գումար մը: Հետեւաբար կրնաք գիտնալ թէ որքան գիրք շրջաբերութեան դրուած է եւ ընթերցասիրութիւնը ինչ աստիճանի զարգացած է այս շրջանին մէջ:

Գրադարանը կը ստանայ նաեւ գաղութահայ կարեւոր օրաթերթերն ու պարբերականները: Այս թերթերը ամէն օր ընթերցասրահի սեղաններուն վրայ կը դրուին եւ երիտասարդութիւն մը միշտ գլխահակ կը տեսնենք թերթերու ընթերցանութեամբ զբաղուած:

Այս բոլորը կը պարտինք աշխատունակ եւ փորձառու գրադարանապետ Րաֆֆի Պէրպէրեանին:

Այս ակումբին շուրջ բոլորուած են Հայ օգնութեան խաչը իր հարիւրյիսուն անդամուհիներով եւ արծուիկներով: Ամէն ժամանակ կ՛ունենան ժողովներ, դասախօսութիւններ իգական սեռի դաստիարակութեան եւ առողջապահութեան համար: Մանաւանդ Միհրան Տէր Մելքոնեան դարմանատունը, որուն մնայուն բժիշկն է սիրուած եւ յարգուած տոքթ. Ֆրանսուա Խըրլագեան, տարիներ շարունակ շաբաթը երկու անգամ անխոնջ կերպով ձրի կը դարմանէ թաղի չքաւոր ընտանիքները, օգնութեան խաչուհիներու հսկողութեան տակ:

Որպէս կանացի կազմակերպութիւն թաղին մէջ կը գործէ նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը: Իր ժրաջան վարչութեամբ եւ երկու հարիւրի մօտ եղող անդամուհիներով կ՛աշխատին բարեզարդել Ս. Յակոբ եկեղեցին: Իրենց աչքի զարնող գործը եղաւ օժտել Ս. Յակոբ եկեղեցին սեփական բարձրախօսով մը, հազար չորս հարիւր լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ, ամբողջովին հաւաքուած բարեպաշտ տիկիններու զոհողութեամբ եւ նուիրատուութեամբ:

Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը տարիներ շարունակ մեղուաջան աշխատանքով կը կազմակերպէ դպրոցն ու եկեղեցին, իրեն գործակից ունենալով վարժարանի տնօրէնը` բազմավաստակ Ղազար Չարըգը, որ բազմապիսի աշխատանքներ ունեցած է եկեղեցւոյ եւ դպրոցի կրթական թէ շինարարական գործերուն մէջ:

Ս Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Ազգային վարժարանի հաշիւներու պահանջման բծախնդրութիւնը քանիցս գնահատանքի արժանացած է Ազգային իշխանութեան: Ազգային տուրքի գանձումը լաւագոյն հիմերու վրայ դրուած է: Ժողովուրդը` գիտակից եւ պարտաճանաչ, առանց տրտունջի կը կատարէ իր ազգային եւ եկեղեցական պարտականութիւնը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )