Նոր Քայլ` Կիպրոսի Հարցի Լուծման Գործին Մէջ

Վենիզելոս եւ Տաւութօղլու

Կիպրոսի վերամիաւորման հարցով գրեթէ սառեցուած բանակցութիւնները վերակենդանացնելու նպատակով` բանակցային կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է կղզիի թրքական եւ յունական հատուածներու ղեկավարներուն անձնական ներկայացուցիչները փոխադարձաբար գործուղելու Յունաստան եւ Թուրքիա:

«Արմենփրես»` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ այս մասին համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ Յունաստանի փոխվարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Եւանկելոս Վենիզելոսի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Անոնք Նիւ Եորք են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին մասնակցելու համար:

Կողմերը յոյս յայտնած են, որ կղզիի թրքական մասի ղեկավարի անձնական ներկայացուցիչի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի անձնական ներկայացուցիչի Աթէնք եւ Անգարա փոխադարձ այցելութիւնները դրական մթնոլորտ պիտի ստեղծեն կիպրական խնդիրի լուծման հարցին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES